Արա Միհրանի Սարգսեան (7 Ապրիլ1902, Իսթամպուլ, Օսմանեան կայսրութիւն - 13 Յունիս1969, Երեւան, Հայկական ԽՍՀ, ԽՍՀՄ), հայ խորհրդային քանդակագործ, Երեւանի նկարիչներու միութեան հիմնադիր (1932) եւ առաջին նախագահ, Հայաստանին մէջ առաջին՝ Երեւանի գեղարուեստի ուսումնարանի հիմնադիր, այդ ուսումնարանի առաջին համալսարանապետ (rector), փրոֆէսոր (1947)։ ԽՍՀՄ գեղարուեստի ակադեմիայի ակադեմիկոս (1959), ԽՍՀՄ գեղարուեստական հիմնադրամի հայկական բաժանմունքի վարչութեան նախագահ, մանկավարժ, ազգային-հասարակական գործիչ, Նեմեսիս ծրագրի մասնակից[3]։ Խորհրդային Հայաստանի մէջ կոթողական քանդակագործութեան հիմնադիրն է:
Նախնական անհրաժեշտ գիտելիքները կը ստանայ տեղի Տատեան ուսումնարանին մէջ, այնուհետեւ՝ 1914-ին, երբ ընտանիքը կը տեղափոխուի Պոլիս՝ Բերա թաղամաս, ուսումը կը շարունակէ Եսայեան սանոց վարժարանին մէջ։ Արայի հօրեղբայրը՝ Սարգիս Սարգսեանը, Կոստանդնուպոլսոյ յայտնի ճարտարապետներէն էր, անոր խորհուրդով Արան կը խորանայ արուեստի մէջ։ Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն Արան կը թողէ ուսումն ու կը սկսի զբաղուիլ պատահական աշխատանքով՝ գոյութեան միջոցներ վաստակելու նպատակով։ Ան կը զբաղուի գրագրութեամբ, գծագրութեամբ, անգամ՝ էլեկտրիկ կ՚աշխատի։ Պատերազմէն ետք ան կը սորվի նախ Կ.Պոլսի Գեղարուեստի վարժարանին մէջ (1919-1921), ուր հանդէս կու գայ ինքնուրոյն դիմաքանդակներով, հայկական կոտորածներու եւ առաջին համաշխարհային պատերազմի ազդեցութեամբ՝ ողբերգական թեմաներ պատկերող յօ»ինումներով, ուր կը զգացուի Ռոտէնի ազդեցութիւնը: Այնուհետեւ, շարունակած է ուսումը Վիեննայի գեղարուեստի ակադեմիայի բարձրագոյն դպրոցին մէջ (1921-1924)՝ աշակերտելով Էդմոնդ Հելմերին եւ Ժոզէֆ Միւլներին, դիմաքանդակներով մասնակցած տեղի նկարիչներու ցուցահանդէսներուն։ Այս շրջանի դիմաքանդակները հասուն արուեստագէտի ստեղծագործութիւններ են՝ հոգեբանական խառնուածքներու շեշտուած դրսեւորումներով, որոշ պարագաներու թեթեւակի հակումով դէպի տպաւորապաշտութիւն։ Ստեղծագործութիւններուն մէջ շարունակած է ողբերգական թեմաները՝ Ռոտէնեան ոճի ձեւակերտ լուծումներով։ Գեղարուեստի վարժարանի քառամեայ ուսումը ան գերազանց կ՚աւարտէ երկու տարուան ընթացքին։ 1921-ին աւարտելով Գեղարուեստի ուսումնարանը կ՚որոշէ մեկնել Հռոմ։ Եսայեան վարժարան կը հովանաւորէ Արայի ուսումը արտասահմանին մէջ։ Այնուհետեւ կեանքի սղութեան պատճառով կը տեղափոխուի Վիեննա եւ կ՚ընդունուի այսպէս կոչուած «Վարպետներու դպրոց»։ Այստեղ անոր առաջին ղեկավարն էր փրոֆէսոր Է. Հելմերը, ապա Միւլները։ Կը մասնագիտանայ յատկապէս դիմաքանդակի ժանրին մէջ եւ Վիեննայի նկարիչներու միութեան ցուցահանդէսին կը ներկայացնէ երաժիշտ, փրոֆէսոր Ռիխարդ Ռոպերթի պատկերէն։
Վիեննայի մէջ 1924-ին կ՚ընդունէ խորհրդային քաղաքացիութիւն եւ 26 Ապրիլ 1925-ին կը ժամանէ Երեւան՝ դնելով հայկական մասնագիտական քանդակագործութեան սկիզբը։ 1925-էն 1930-ականներուն Երեւանեան գեղարուեստական տեխնիկական հիմնարկին մէջ կը բացուի քանդակագործութեան բաժինը եւ կը սկսի դասաւանդել այնտեղ։ 1930-ականներուն Արա Սարգսեանը կը փորձէ միաւորել Հայաստանի նկարիչներուն՝ համատեղ սեմինարներ, ցուցահանդէսներ կազմակերպելու նպատակով։ 1932-ին Գաբրիէլ Գիւրջեանի, Միքայէլ Արուտչեանի, Արա Սարգսեանի ջանքերով կը հիմնադրուի Հայաստանի նկարիչներու միութիւնը, իսկ առաջին քարտուղար միաձայնօրէն կ՚ընտրուի Արա Սարգսեանը, որ կը գլխաւորէ մինչեւ 1937։ Սարգսեանի մանկավարժական գործնէութիւնը առաւել լայն ծաւալ ու նշանակութիւն ստացածզ է1945-էն, երբ անոր գլխաւորութեամբ հիմնադրուած է Երեւանի գեղարուեստական ինստիտուտը։ Այս ժամանակաշրջանի անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ կը նկատուի ինչպէս եւրոպական, այդպէս ալ ազգային արուեստի շունչը:
Մահացած է 13 Յունիս1969-ին Երեւանն մէջ: Թաղուած է Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ:
Արա Սարգսեանը ստեղծագործած է քանդակագործութեան բոլոր ժանրերուն մէջ՝ կոթողական, հաստոցային քանդակ, հարթաքանդակ, թեմատիկ ստեղծագործութիւններ՝ օգտագործելով տարբեր նիւթեր՝ մարմար, փայտ, շամօթ, պրոնզ եւ պազալտ:
Կոստանդնուպոլսոյ հայերու մշակոյթի տան գեղարուեստի քաղաքային ցուցահանդէս,1921
Առաջին անգամ մասնակցած է Վիեննայի կերպարուեստագէտներու ցուցահանդէսին երաժշտագէտ Ռ. Ռոպերթի եւ դաշնակահար Վ. Սիմոնովիչի դիմաքանդակներով: Մամուլի կողմէ ստացած է բարձր գնահատական,1922
Նկարիչներու միութեան գարնանային ցուցահանդէս Վիեննայի մէջ,1923
Առաջին անգամ Հայաստանի մէջ մասնակցած է Հայ կերպարուեստագէտներու ընկերութեան ցուցահանդէսին,1926
ԽՍՀՄ Ժողովրդական արուեստի յոբելեանական ցուցահանդէսը Մոսկուայի մէջ,1927
Փորագրանկարներու եւ նկարներու ցուցահանդէս ՈՒՀԱՄ (Ուքրանիոյ յեղափոխական արուեստի միութիւնը),Քիեւ,1928
Մասնակցած է «10-տարի» կերպարուեստի Յոբելեանական ցուցահանդէսին Երեւանի մէջ,1930
Հայաստանի գեղարուեստի ցուցահանդէսի 11 ամեակը Երեւանի մէջ,1931
Ցուցահանդէս «Կարմիր բանակի 15 տարիները»: Երեւան,1933
Ցուցահանդէս «Հայաստանի նկարիչներու եւ քանդակագործներու 13 տարիներու գործունէութիւնը»: Երեւան,1933
Ցուցահանդէս «Անդրկովկասի գեղարուեստական արուեստը»: Առաջին Անդրկովկասեան արուեստի ողոմպիական: Թիֆլիս,1934
Կերպարուեստի ասպարէզին մէջ մատուցած ծառայութիւններու համար ՀՍՍՌ Կենտգործկոմի նախագահութիւնը անոր շնորհած է ռեսպուբլիկայի «Արուեստի վաստակաւոր գործչի» կոչում,1935
Ընտրուած է Անդրկենտգործկոմի անդամ,1935
Ցուցահանդէս «կերպարուեստի 15 տարի»: Երեւան,1935
Ցուցահանդէս «Սովետական Սահմանադրութիւն»: Երեւան,1937
Հայկական ՍՍՌ Գերագոյն Սովետի նախագահութիւնը անոր կը շնորհէ ռեսպուբլիկայի «Ժողովրդական նկարչի» կոչման,1950
Հայաստանի մէջ կերպարուեստի ցուցահանդէս`նուիրուած Հայաստանի մէջ Խորհրդային Միութեան ստեղծման 30-րդ ամեակին: Երեւանի Գեղարուեստի Համամիութենական Ցուցահանդէս: Մոսկուա,1950
Ընտրւում է Հայկ. ՍՍՌ Գերագոյն Սովետի պատգամաւոր:1951
Գեղարուեստի ցուցահանդէս: Երեւան,1952
ԽՍՀՄ Արուեստի ակադեմիայի անդամներու աշխատանքներու ցուցահանդէս: Մոսկուա,1952
ԽՍՀՄ Արուեստի ակադեմիայի լիիրաւ անդամներու եւ թղթակից անդամներու աշխատանքներու երրորդ ցուցահանդէսը: Մոսկուա,1954
Հայկական ԽՍՀ գեղարուեստի ցուցահանդէս: Մոսկուա,1956
Խորհրդային արուեստագէտներու համամիութենական համագումարի նկարներու եւ գրաֆիկայի ցուցահանդէս: Մոսկուա,1957
Համամիութենական արուեստի ցուցահանդէս `նուիրուած Հոկտեմբերեան սոցիալիստական մեծ յեղափոխութեան: (1917-1957): Մոսկուա,1957
Հայկական ԽՍՀ գեղարուեստի ցուցահանդէս, նուիրուած Հոկտեմբերեան սոցիալիստական Մեծ յեղափոխութեան 40-ամեակին: Երեւան,1957
ԽՍՀՄ Արուեստի ակադեմիայի լիիրաւ անդամներու եւ թղթակից անդամներու աշխատանքներու ցուցահանդէս: Մոսկուա,1957
կ՚ընտրուի ՍՍՌՄ Գեղարուեստի ակադեմիայի իսկական անդամ,1958