Արփիար Արփիարեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 21 Դեկտեմբեր 1851 |
Ծննդավայր | Սամսոն |
Մահացած է | 12 Փետրուար 1908 (56 տարեկան հասակին) |
Մահուան վայր | Գահիրէ, Եգիպտոսի Խտիվութիւն[1][2] |
Քաղաքացիութիւն | Օսմանեան Կայսրութիւն |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր |
Սուրբ Ղազար կղզու վանք? Մուրատ-Ռափայէլեան Վարժարան[1] |
Մասնագիտութիւն | Գրող, գրական քննադատ, հրապարակախօս եւ խմբագիր |
Աշխատավայր |
Արեւելք[1] Մասիս[1] Հայրենիք[1] Նոր Կեանք[1] Հայ Հանդէս[1] Շիրակ (հանդէս)[1] |
Կուսակցութիւն | Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն |
Արփիար Արփիարեան (21 Դեկտեմբեր 1851, Սամսոն - 12 Փետրուար 1908, Գահիրէ), գրող, գրական քննադատ, հրապարակախօս եւ խմբագիր։
Ծնած է Սամսոնի նաւահանգիստը, երբ ծնողքը Ակնէն Պոլիս կը փոխադրուէր։
Աւարտած Է Վենետիկի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանը։ Պոլիս վերադարձին նուիրուած է լրագրութեան։ Հիմնադրած է «Արեւելք» եւ «Հայրենիք» օրաթերթերը, որոնք մեր իրապաշտ գրականութիւնը սկզբնաւորեցին ու տարածեցին։ Եղած է նաեւ ազգային երեսփոխան։ Որոշ շրջան մը որպէս յեղափոխական բանտարկուելէ ետք, անցած է Եւրոպա, ապա Գահիրէ, ուր սպաննուած է իր հակառակորդներուն կողմէ։
Արեւմտահայ ղեկավարութիւնը 1877-78-ին մեծ պետութիւններուն ներկայացած էր բարենորոգումներու պահանջով։ Բայց դիւանագիտական խաղերու բերումով՝ այդ քայլը եղած էր ապարդիւն. աւելին՝ դարձած էր պատրուակ նոր ու անպատիժ հալածանքներու։ Իսկ 1880-ական տարիներէն՝ հայութեան մէկ մասը կը մղուէր դէպի զինեալ պայքար, դէպի Խրիմեանի «երկաթէ շերեփը»։ Նպատակ՝ զանգուածները դուրս բերել զոհի վիճակէն, զայն լծել տարրական իրաւունքներու զինեալ պաշտպանութեան։ Հնչակեան կուսակցութիւնը եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, գրեթէ միաժամանակ, խումբեր եւ կառոյցներ ստեղծեցին նաեւ Պոլիս մայրաքաղաքին մէջ։
Հնչակեանները, ցոյցերու ոճ մը որդեգրելով, 1890-ին հոն կազմակերպեցին Գում Գաբուի ցոյցը։ Հայութիւնը ամէն տեղ չունէր նոյն դիրքորոշումը։ Այդ բնական էր. զինեալ պայքարը բացառիկ յատկութիւններ ու զոհողութիւն կը պահանջէր։ Ապա՝ քաղաքներու ունեւոր եւ «ղեկավար» խաւը, մեծ մասամբ այդ գիծը հակառակ կը նկատէր իր անմիջական շահերուն։ Այս երկուութիւնը կը տիրէր 1890-ի շուրջ, երբ յեղափականները Պոլսոյ մէջ գործի կանցնէին։ Արփիարեան, իբրեւ մաս հնչակեան ղեկավարութեան, մօտէն կը տեսնէր, Գում-Գաբուի ցոյցի շարժման հետ՝ նաեւ հետեւող ճնշումն ու հալածանքը, ինչպէս եւ զանազան խաւերուն կեցուածքը։ Եւ տասնամեակ մը ետք, ալ Պոլսէն հեռացած ու Եւրոպա տարագրուած, այդ փորձառութիւնը կը վերածէր «Կարմիր Ժամուց»ին։
Բացի իր հրապարակագրական բազմաթիւ յօդուածներէն գրած է նաեւ վիպակներ.
Արփիարեան իրապաշտ շարժումի առաջին եւ լաւագոյն ներկայացուցիչներէն եղած է։ Որպէս հրապարակագիր թարմ շունչ բերաւ մեր լրագրութեան իր սուր միտքով, ազատամիտ ու համարձակ գաղափարներով եւ ժողովուրդը լուսաւորելու ձգտող իր յօդուածներով։