Աւստրալիոյ Ազգային Թանգարանը

Աւստրալիոյ Ազգային Թանգարանը
Տեսակ Ազգային թանգարան, Կանոնադրական լիազօրութիւն եւ Ավստրալիայի պետական մարմին?
Երկիր  Աւստրալիա[1]
Տեղագրութիւն Աքթոն[1] եւ Քանպերա
Վայր Աքթոն
Հիմնադրուած է 3 Նոյեմբեր 1980
35°17′35″S 149°07′16″E / 35.2931°S 149.121°E / -35.2931; 149.121
Կայքէջ nma.gov.au
Քարտէս
Քարտէս


Աւստրալիոյ ազգային թանգարանը, մեծագոյն թանգարանը Աւստրալիոյ մէջ։ Հիմնադրուած է 1980-ին: Թանգարանին մէջ ներկայացուած է ցուցադրութիւն մը՝ նուիրուած Աւստրալիոյ ընկերային պատմութեան, հիմնական հարցերուն, մարդոց եւ իրադարձութիւններուն մասին, որոնք ձեւաւորած են ժամանակակից աւստրալացի ժողովուրդը:

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւստրալիոյ ազգային թանգարանը տեղակայուած է Քանպերա (Canberra), Էքթոն շրջանին մէջ՝ Աւստրալական ազգային համալսարանէն ոչ հեռու: Նախապէս թանգարանին տեղը եղած է քանպերական Թագաւորական հիւանդանոցը, որ քանդուած է 13 Յուլիս 1997-ին:

Աւստրալական երազանքին պարտէզը
Պրէյլերի ծածկագիրը թանգարանին պատին

Թանգարանը նուիրուած է Աւստրալիոյ ընկերային պատմութեան, յատկապէս Աւստրալացի բնիկներուն եւ Տոռեսի նեղուցի բնիկներու պատմութեան եւ մշակոյթին, Աւստրալական պետութեան եւ հասարակութեան 1788-էն ետք, մարդոց փոխազդեցութիւնը շրջապատող միջավայրին հետ[2]: Ընդհանուր առմամբ կան հինգ մշտական ցուցահանդէսներ՝ «Առաջին Աւստրալացիներուն պատկերասրահը» (անգլերէն՝ Gallery of the First Australians), «Հիւսուած ճակատագիրներ» (անգլերէն՝ Tangled Destinies), «Հեռանկարները` Աւստրալիոյ կարգաւորումը» (անգլերէն՝ Horizons: the Peopling of Australia), «Պետութիւն, Աւստրալիոյ խորհրդանիշներ» (անգլերէն՝ Nation: Symbols of Australia) եւ «Յաւիտենութիւն՝ պատմութիւններ Աւստրալիոյ յուզուած սիրտէն» (անգլերէն՝ Eternity: Stories From the Emotional Heart of Australia)[3]: Տեղի կ'ունենան նաեւ լրացուցիչ ցուցահանդէսներ:

Թանգարանին մէջ կը գործէ սեփական հրատարակչութիւն մը, ինչպէս նաեւ պատմական հետազօտութիւններու թանգարանային կեդրոն մը:

Աւստրալիոյ ազգային թանգարանին շէնքը Քանպերայի մէջ պաշտօնապէս բացուած է 11 Մարտ 2001-ին: Աւստրալական դաշնութեան ստեղծման հարիւրամեակին առիթով:

Թանգարանը հիմնելու առաջին նախագիծը ներկայացուած է Ի. դարու սկիզբը, բայց համաշխարհային պատերազմներու եւ նիւթական ճգնաժամերու պատճառով անիկա չէ իրագործուած:

Աւստրալիոյ ազգային թանգարանին ստեղծման պաշտօնական տարին կը համարուի 1980-ը, երբ երկրին Խորհրդարանը ընդունած է յատուկ օրէնք մը: Այն ատեն ալ սկսած են հաւաքել թանգարանին հաւաքածոները:

1988-ին Աւստրալիոյ կառավարութիւնը որոշում կայացուցած է յետաձգել Ազգային թանգարանին շէնքին կառուցումը:

1996-ին որոշուած է նախագիծը վերսկսիլ: 1997-ին տեղի ունեցած է մրցոյթ մը՝ ապագայ կառոյցին լաւագոյն ձեւաւորման համար: Աւստրալացի ճարտարապետ Հաուըրտ Ռակաթ (անգլերէն՝ Howard Raggatt) յաղթած է մրցոյթին:

Թանգարանին կառուցման համար ծախսուած է 155 միլիոն աւստրալական տոլար: Բացումէն ետք անիկա զանազան քննադատութիւններու ենթարկուած է, օրինակ՝ Գերմանիոյ մէջ Ազգային թանգարանին ճարտարապետը մեղադրած են բանագողութեան մէջ, քանի որ կառուցուած շէնքը նման է Պերլինի Հրէական թանգարանին:

Ճարտարապետութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աւստրալիոյ Ազգային թանգարանին շէնքին ցուցասրահները կը կազմեն 6,600 մ ², կառուցուած է postmodern ոճով: Անիկա բաղկացած է քանի մը անհատական սենեակներէ, միաւորուած իրարու մէջ ինչպէս puzzle մը՝ ստեղծելով կիսակառոյց «Աւստրալական երազանքներու այգին»: Արտաքին հատուածին կառոյցները ներկուած են վառ ներկերով՝ նարնջագոյն, մորեգոյն, պրոնզագոյն, ոսկեգոյն, սեւ եւ արծաթագոյն գոյներով, որոնք թանգարանը կ'առանձնացնեն Քամպերայի մնացեալ շէնքերէն, ուր տուները կառուցուած են բաց դեղնաւուն գոյնի աղիւսներէ: Շէնքը ծածկուած է նաեւ պաղլեղածին (aluminum) թաղանդով մը: Անոնցմէ շատերը պահպանած են անգլիական բառեր, գրուած Պրայլի գիրերով [4], օրինակ՝ «ընկեր», «ներողութիւն», «ներողութիւն խնդրեցէք մեր ցեղասպանութեան համար» (Աւստրալացի բնիկներու գործածած արտայայտութիւն), «Աստուած գիտէ», «ժամանակը ցոյց կու տայ» եւ «սէրը կոյր է»:

Թանգարանին մուտքը կ'անցնի մեծ դահլիճով մը՝ կոր պատերով, լուսամուտերով եւ առաստաղով: Ըստ ճարտարապետին՝ անիկա ներսէն կը նմանի հսկայ հանգոյցի մը, որ կը խորհրդանշէ Աւստրալացիներուն միջեւ կապը: Մինչ Ազգային թանգարանին մուտքը կը սկսի Ուլուրու ժայռերու գիծը, վառ-նարնջագոյն քանդակներ հանգոյցներու ձեւով, երկայնքին բաշխուած էքթոնի թերակղզիով: Թանգարանին կեդրոնական մասին մէջ Աւստրալիոյ երազանքներու այգին է, որ ջուրի քարտէսի տեսքով հսկայ քանդակ մըն է, փոքրիկ խոտի ծածկով մը եւ քանի մը ծառերով, որ կը պատկերէ Աւստրալիոյ կեդրոնական մասը ճամբու նշաններով, dingo ցանկապատի տեսքով, Աւստրալիոյ բնիկներուն, ինչպէս նաեւ տեղական լեզուներու բաշխման սահմաններուն անուններով:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 archINFORM — 1994.
  2. National Museum
  3. Herald Tribune[permanent dead link]
  4. «Թանգարանին շէնքը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-09-27-ին։ արտագրուած է՝ 2020-09-16