Դադիվանք

Դադիվանք

Դադիվանք կամ Խութավանք, հայկական առաքելական միջնադարեան վանական համալիր՝ Արցախի Հանրապետութեան Շահումեան շրջանի Դադիվանք գիւղին մէջ՝ Դադիվան լերան լանջին՝ Թարթառ գետի ձախ ափին։ Պատմականօրէն եղած է Մեծ Կվենք գաւառին հոգեւոր առաջնորդարանը։ Կոչուած է նաեւ Խութաւանք, որովհետեւ կառուցուած է խութի (բլրակի) վրայ։

Ըստ աւանդութեան՝ եկեղեցին հիմնուած է Քրիստոսի առաքեալներէն Թադէոսի հետեւորդ Դադէին կողմէ Ա. դարուն։ Դադիվանքը վերանորոգուած է 21 Յուլիս 2007-ին[1]: Պեղումներու ընթացքին վանական համալիրին եկեղեցիներէն մէկուն խորանին տակ գտնուած են Ս. Դադէ առաքեալին մասունքները։ Այլ դամբարան մը եւս գտնուած է, որ հայկական քրիստոնէական աւանդոյթներուն բնորոշ չէ. հոն թաղուած մարդը նստած է աթոռին, վերջինս այժմ Ստեփանակերտի թանգարանին մէջ կը գտնուի։ Թ. դարուն կառուցուած են վանական համալիրին առաջին կառոյցները՝ ի դէմս Ս. Դադէի միանաւ վանքին։ 1145-ին համալիրը աւերած են սելճուքները, սակայն 1170-ին անիկա վերանորոգուած է:

Դադիվանքի լեռները

ԺԲ. դարուն Մխիթար Գոշ հոս բնակած, եւ աշխատած է իր «Դատաստանագիրքի»ն վրայ։ Վանական համալիրին մէջ եղած են տարբեր շինութիւններ՝ 2 ժամատուն, 2 հնագոյն եկեղեցի, միաբանական խուցեր, հիւրատուն, գործատուն, գրատուն, եւ այլն, որոնց հիմնական մասը կառուցուած է Զաքարեան իշխանապետութեան տարիներուն։

Հարաւարեւմտեան մասին մէջ Հասան-Ջալալի ապարանքը կը գտնուի, առաջին յարկը` հնձանն ու մառանը։ Դադիվանքին կեդրոնական կառոյցը Ս. Աստուածածին կաթողիկէն է, որ 1234-ին կառուցած է Հաթերքի իշխանուհի Արզու-Խաթունը՝ ի յիշատակ իր ամուսինին՝ Վախթանգ Վախթանգեանին եւ երկու որդիներուն՝ Հասանին եւ Գրիգորին, որոնցմէ անդրանիկը նահատակուած էր թուրքերուն դէմ կռուելու ատեն։ Կառոյցին համահունչ է երկյարկանի զանգակատունը, որու արեւմտեան մասին մէջ պահպանուած են երկու խաչքարեր՝ քանդակուած 1283-ին՝ վարպետ Աթանասին կողմէ։ Անոնք, ինչպէս նաեւ պատերուն արձանագրութիւնները կը պատմեն ԺԲ.-ԺԳ. դարերու դէպքերուն մասին[2]։ Ուշ միջնադարուն Դադիվանքը եղած է Արցախի հայկական մելիքութիւններու կազմին մէջ։ ԺԹ. դարուն Ռուս-պարսկական առաջին պատերազմին (1804-1813) հետեւանքով Արեւելեան Հայաստանի Գուգարք, Ուտիք եւ Արցախ նահանգները, ինչպէս նաեւ Սիւնիքի հարաւային հատուածը՝ Զանգեզուրը, կը մտնեն Ռուսական կայսրութեան կազմին մէջ եւ հետագային կը միաւորուին Թիֆլիսի եւ Ելիզաւետպոլի նահագներուն մէջ։ Դադիվանքը ունեցած է 200.000 հա կալուածներ, սակայն 1920-ին Արցախի բռնակցումէն ետք Խորհրդային Ազրպէյճանին, զրկուած է կալուածներէն եւ գործելէ դադրած։ 1960-ական թուականներուն Ազրպէյճանի իշխանութիւնները վանական համալիրին տարածքին գիւղ մը հիմնած են, որու բնակիչները վնասած են վանական համալիրին շէնքերը եւ որմնանկարները։ 31 Մարտ 1993-ին Դադիվանքը ազատագրուած է, 1994-ին վերաբացուած, իսկ 1999-էն սկսած են վերանորոգման աշխատանքները։

Դադիվանքը՝ ուղղաթիռէն

8 Հոկտեմբեր 2001-ին Եւրոպայի Խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին 16 անդամներու կողմէ, որոնց կազմին մէջ էին Հայաստանի, Կիպրոսի, Իտալիոյ, Ռումանիոյ, Յունաստանի եւ Ռուսաստանի ներկայացուցիչներ, կը ստորագրուի Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերող «թիւ 9256» փաստաթուղթը, որու համաձայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ազրպէյճանական քաղաքականութեան աղաղակող փաստերէն է Դադիվանքին աւերումը, որ «տեղի իսլամադաւան բնակչութիւնը (ազերիները) կը համարէր հայկական քրիստոնէական կրօնին մնացորդները եւ կ'աւերէ զայն[3]։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եկեղեցւոյ հարաւային պատին Քրիստոս աւետարանը կը մեկնէ Դաւիթ Սքանչելագործին, իսկ Աստուածածինը՝ խաչազարդ ուրար։ Ըստ Կիրակոս Գանձակեցիի «Հայոց պատմութիւն» գործին՝ Դաւիթ Ծարեցի Սքանչելագործ, իր գործունէութիւնը ծաւալած է Հանդաբերդ ամրոցին կից Ծար-Ջերմուկի մէջ՝ «Բաղնիք-արքունաք»ի մէջ։ Պատմիչը կը վկայէ, որ Քրիստոս Դաւիթ Ծարեցիի «երեւցած է եւ ըսած՝ վերափոխէ՛ աշխարհը, բուժէ՛ մարդիկը», եւ ան հանքային ջուրի միջոցով բուժած է մարդիկը։ Արզուխաթուն Սքանչելագործին տեսիլքը նկարած է իր կառուցած եկեղեցւոյ պատին։

Շահէն Մկրտչեանի կարծիքով՝ Դաւիթ Ծարեցիի տեսիլքին որմնանկարը կատարուած է ԺԲ. դարու երկրորդ քառորդին՝ Արզուխաթունի կենդանութեան օրով։ Կ. Գանձակեցի կը վկայէ, որ հարաւային պատին բարձրարժէք որմնանկարին հեղինակը Արզուխաթունն է. «Բոլոր անոնք, որոնք կը տեսնէին այդ աշխատանքները, Աստուծոյ օրհնութիւն կու տային, որ կանանց ոստայնանկութեան իմաստութիւն եւ նկարակերտութեան հանճար տուած է», յատկապէս այդ բարեպաշտ կնոջ։ Փաստօրէն Արզուխաթուն արուեստագէտ կին էր, գիտէր ներկերու գունային երանգներ, քանդակաձեւ զարդանկարներով, ինչպէս նաեւ հագուստի հիւսուածոյ նախշեր ստեղծել։ Մատենագրութենէն յայտնի է, որ Արզուխաթուն իր դուստրերուն հետ վարագոյրներ գործած է Նոր Գետիկի, Հաղբատի, Մակարավանքի եւ Դադիվանքի եկեղեցիներուն համար։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Վանքին կառուցումը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-01 
  2. «Դադիվանք»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-07-17-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-01 
  3. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-05-06-ին։ արտագրուած է՝ 2020-10-01