Էրտողանիզմը գաղափարախօսութիւնն ու քաղաքական օրակարգն է ներկայ Թուրքիոյ նախագահ եւ նախկին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեպ Թայեպ Էրտողանի, որ դարձաւ վարչապետ 2003 թուականին եւ շարունակեց իր այդ վարչական դերը մինչեւ իր նախագահութիւնը 2014 թուական: Քաղաքական աջակցութիւնը գալով իր իւրայատուկ անձնաւորական առաջնորդութեան ձեւերէն, Էրտողանիզմը կը համարուի «ամէնէն ազդեցիկ բներեւոյթը Քեմալական շարժումներէն ետք» եւ կը վայելէր լայնատարած աջակցութիւն ամբողջ երկրին մէջ: [1] Այդ բներեւոյթը փոխուեցաւ, երբ 2018 թուականին Թուրքիան անցաւ տնտեսական տագնապէ մը, ինչ որ վատօրէն ազդեց Էրտողանի երկրպագուներու թիւի նուազման: [2][3] Այս գաղափաբանոււթեան արմատները կը ծագին թրքական պահպանողական մշակոյթէ եւ այդ գաղափարաբանական դրութեան հետեւող Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութիւնը (AKP), կուսակցութիւն մը, որ Էրտողան անձնապէս հիմնած է 2001 թուականին:
Իբրեւ անձնաւորացած տարբերակը պահպանողական ժողովրդավարութեան, Էրտողանիզմի յատկանիշներէն մէկը կրօնահիմն առաջնորդութիւնն է:[4] Շատ մը քաղաքագէտներ կը համարեն Էրտողանի առաջնորդաձեւը իբրեւ մենատիրական: Քաղաքագէտներ կը բաղդատեն զինք Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանին: [5][6]