Լեզուն կազմուած է մկանային ու լորձաթաղանթային հիւսուածքներէ:
Լեզուն ստամոքսաղիքային համակարգի մուտքն է եւ մարմինին հայելին:
Հիւանդին մօտ յաճախ կը նկատուի սպիտակ թաւշեայ խաւով լեզուի մակերես մը:
Այս հիւանդութեան պատճառը որոշ մարսողական վարակային հիւանդութիւններու արտայայտութիւնն է: Յաճախ անիկա կը յաջորդէ antibiotique-ներու գործածութեան:
Կան նաեւ այլ դեղեր, որոնք կը յառաջացնեն այս հիւանդութիւնը:
Սեւ լեզուի հիւանդութիւնը կը յառաջանայ որոշ դեղերու գործածութեան պատճառով, մանաւանդ antibiotique-ներէն, ծխախոտի չարաշահումէն, նաեւ՝ բերանի լուացումնե-րէն, երբ օգտագործուող հեղուկին մէջ առկայ է թթուածին (oxigene). ատամնաքսուքներ, որոնց բաղադրութեան մէջ կը մտնեն օքսիտացնող նիւթեր: Սնկային հիւանդութիւններ եւս կը պատճառեն սեւ լեզու: Կան պարագաներ երբ չեն յայտնաբերուիր սեւ լեզուի առաջացման պատճառները:
Լեզուի Քաղցկեղը գլխաւորաբար ոգելից խմիչքներու եւ ծխախոտի չարաշահումներուն պատճառով կը յառաջանայ:
Սնկային հիւանդութիւնը կը յառաջանայ candida կոչուած սունկէն: Բերանի սնկային հիւանդութիւնները յաճախ կը յայտնուին լեզուին վրայ սպիտակաւուն հատուածներով, որոնք սկիզբ կ'առնեն վառ կարմիր հատուածներէ: Զգալի կը դառնայ լեզուին չորութիւնը հիւանդին մօտ: Եթէ այս վիճակը չբուժուի, ապա ժամանակ մը ետք սպիտակ տարածքները կրնան սեւ հատուածներու վերածուիլ: Հիւանդները հիմնականօրէն կը գանգատին թուքի պակասէ: Ատամնաշար օգտագործողներու մօտ կամ անոնք, որոնք կը տառապին մարմինի դիմադրողականութեան պակասէ, ինչպէս SIDA-ի պարագային՝ անոնց բերանին մէջ դիւրաւ candidose-ներ կը յառաջանան:
LEUCOPLASIE հիւանդութեան ատեն կը նկատուին սպիտակ ափսէներ լեզուի լորձաթաղանթին վրայ: Այս հիւանդութեան պատճառ կրնան դառնալ ոգելից ըմպելիներու, ծխախոտի եւ համեմներու չարաշահումները: Նաեւ սուր ատամները, արեան վարակը, բերանային յաճախակի կրկնուող վարակները, բերանը չմաքրելը պատճառ կը դառնան Leucoplasie հիւանդութեան: Պէտք չէ անհոգ վերաբերիլ նման վիճակի նկատմամբ, որովհետեւ անիկա քաղցկեղի նախանշան կրնայ ըլլալ:
Գերաճ կամ բնականէն աւելի մեծ լեզուն հիմնականօրէն կը տեսնուի Myxedema-ի հիւանդութեան ատեն, ուր անձին դէմքը այտուցուած է ու կշիռքը աւելցած: Myxedema-ն հորմոնային հիւանդութիւն մըն է:
Բերանի խոցերը ընդհանրապէս կը յայտնուին լեզուին եզերքները: Փոքր վէրքեր են, քիչ թէ շատ խորունկ: Սպիտակաւուն են եւ շատ ցաւ կը պատճառեն: Բերանի խոցերը կրնան տարածուիլ նաեւ շուրթերու ներքին մակերեսին եւ լինտերուն վրայ:
Ելակի լեզուն վառ կարմիր, գերաճ լորձաթաղանթով կը նկատուի scarlatine (որդան կարմիր տենդ) հիւանդութեան ութերորդ օրը:
Լեզուի լորձաթաղանթին բորբոքումները ընդհանրապէս կը յառաջանան երբ գրգռող նիւթեր չարաշահուին, ինչպէս՝ ոգելից խմիչք, համեմներ եւ ծխախոտը: Չափազանց տաք ուտելիքներ եւ հեղուկներ եւս՝ թէյ, սուրճ եւ այլն, կրնան պատճառ դառնալ լեզուի լորձաթաղանթի բորբոքումներու:
GLOSSITE DE HUNTER հիւանդութեան ատեն լեզուի լորձաթաղանթը կ՚ենթարկուի հետաճի: Լեզուին խորտուբորտ իւրայատուկ մակերեսը կը փոխարինուի սահուն ու փայլուն մակերեսով մը: Արեան որոշ հիւանդութիւններ, երկաթի պակասը եւ վիթամին B1-ի պակասը պատճառ կը հանդիսանան Hunter հիւանդութեան զարգացումին:
Չոր լեզու վիճակը կապուած է թքարտադրութեան խանգարման հետ: Որոշ դեղեր նոյնպէս կրնան յառաջացնել չոր լեզու: Radio-therapie-ն երբ կը կատարուի դէմքի վրայ՝ կրնայ նաեւ այս վիճակը ստեղծել:
GLOSSODYNIA-ն ցաւի եւ ծակոցի զգացումն է լեզուին վրայ: Պատճառը հիւանդին հոգեկան անհանգիստ վիճակն է: Ջղային, գրգռուած, մտահոգ հիւանդները կը տառապին այս երեւոյթէն:
LICHEN PLAN հիւանդութիւնը կը յայտնուի 30 տարեկանը բոլորած անձերու մօտ: Բազմաթիւ սպիտակ բարակ գիծեր կամ փոքր կէտեր շուրթերու, լեզուի եւ թուշերու վրայ: Lichen plan-ը կը պատճառէ շատ ցաւոտ խոցեր[1][2]: