Լիբանանեան Համալսարան | |
---|---|
Միջազգային անուանում | Lebanese University |
Կարգախօս | Ուսում, գրաւչութիւն եւ բարգաւաճում |
Հիմնադրուած է | 1951 |
Նախագահ | Ֆուատ Այյուպ |
Ուսանողներ | 79000 |
Ընդհանուր անձնակազմ | 13000 |
Ակադեմական կազմ | 8000 |
Անդամակցութիւն | Միջերկրածովյան համալսարանների ասոցիացիա? եւ Ֆրանքոֆոնի համալսարանական գործակալութիւն[1] |
Երկիր | Լիբանան |
Հասցէ | Հատաթ, Պէյրութ, Լիբանան |
Կայք | Պաշտօնական կայք |
Lebanese University Վիքիպահեստում |
'Լիբանանեան Համալսարան, (ֆրանսերէն՝ Université Libanaise, արաբերէն՝ الجامعة اللبنانية) Լիբանանի բարձրագոյն ուսման պետական միակ կեդրոնն է:[2] 1951-ին հիմնուած է Ուսուցիչներու Բարձրագոյն Տունը կազմակերպութիւնը պրոֆեսորներու եւ զարգացած անձնաւորութիւններու կողմէ՝ վայելելով Լիբանանի նախագահ Պշարա Ալ Խուրիի հովանաւորութիւնը: Այս կազմակերպութիւնը եղաւ համալսարանին առաջին դասարանը:
Այժմ, համալսարանէն ներս կը գործեն 16 բաժանմունքներ եւ կը հրամցնէ աշակերտներու եւ ուսուցիչներու մշակութային, կրօնական եւ ընկերային խումբեր: Այս անկախ համալսարանը կը վայելէ վարչական, ակադեմական եւ նիւթական ազատութիւն: Իր կրթական նպատակներէն են ստեղծել մշակոյթներու միացում մը եւ աշակերտին տալ համապատասխան ուսուցումը՝ պարզագոյն ձեւով, որ զայն կ'արտօնէ տիրանալ զանազան պաշտօններու:
Ուսում, Գրաւչութիւն եւ Բարգաւաճում[3]
Լիբանանեան Համալսարանը հիմնուած է 1951-ին[4], ուսուցանելու համար բարձրագոյն կրթութիւն լիբանանեան շրջապատին՝ համալսարանական վկայականներով: Ի միջի այլոց, սկսած է աշակերտներուն թիւը աւելնալ երկրորդական 10րդ, 11րդ եւ 12րդ կարգերուն մէջ:
Առաջին բաժանմուքներն էին Ուսուցիչներու Բարձրագոյն Տունը եւ Վիճակագրութիւններու Կեդրոնը: 1951-ին, առաջին դասարանը, որ կը բաղկանար 68 աշակերտներէ, մուտք գործեց համալսարան՝ բազմաթիւ պրոֆեսորներու եւ զարգացած անձնաւորութիւններու հսկողութեամբ եւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ՝ Պշարա Ալ Խուրիի հովանաւորութեամբ:
26 Փետրուար 1953-ին, յօդուած թիւ 25-ը հիմնեց համալսարանի տնտեսագիտութեան եւ վարչագիտութեան կեդրոնը՝ Տնտեսագիտութեան եւ Վարչագիտութեան Դպրոց անունով:
Յաջորդ մեծ փոփոխութիւններն էին 1939-ի թիւ 2883 յօդուածը եւ 1960-էն 1972-ի յօդուածները, որոնց շնորհիւ համալսարանին կառոյցին մէջ աւելցան նոր նիւթեր եւ բոլոր աշխատանքները կարգ ու կանոնի դրուեցան: Աշակերտները մաս կազմեցին շատ մը բաժանմուքներու վարչութեան:
Հետեւեալ անձնաւորութիւնները Լիբանանեան Համալսարանի տնօրէնութեան պաշտօնը վարած են.
Համալսարանը ունի 16 բաժանմուքներ եւ 2 դպրոցներ, որոնք են.
Մինչեւ 1975, համալսարանի բոլոր բաժանմունքներն ու դպրոցները կը գտնուէին Պէյրութի եւ անոր արուարձաններուն մէջ, բայց 1976-ին Լիբանանի Քաղաքացիական պատերազմի պատճառով, այլ մասնաճիւղեր բացուած են Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի շրջաններուն, Հիւսիսային Լիբանանի, Հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաայի մէջ։ Այս որոշումը կայացուեցաւ պատերազմական ճնշուած իրավիճակին հետեւանքով փոխադրութեան դժուարին պայմաններու պատճառով: Կրթական ծրագիրը ամրապնդուած էր բոլոր մասնաճիւղերուն մէջ։ Գլխաւոր գրասենեակն ու գլխաւոր վարչական գրասենակը կը գտնուէին Պէյրութի մէջ՝ Պէյրութի Ազգային Թանգարանին ետեւը:
Լիբանանեան Համալսարանին մէջ կը գտնուի PhD մակարդակի ուսուցման զանազան նիւթեր, ունենալով 3 տոքթորական դպրոց, որոնք կ'ուսուցանեն հետեւեալ մասնագիտութիւնները. Ուոսողութիւն, Բնագիտութիւն, Կենսաբանութիւն, Քիմիագիտութիւն, Ճարտարապետութիւն,[5] Արուեստ, Կրթութիւն, Գրականութիւն,[6] Իրաւաբանութիւն, Առեւտուր, Քաղաքական Տնտեսութիւն եւ այլ մասնագիտութիւններ:
Լիբանանեան Համալսարանը ունի 62 գրադարաններ, որոնց մէջ կը գտնուին 700,000 գիրքեր: Բոլոր գրադարաններուն ծաւալները ձրիօրէն տրամադրելի է աշակերտներուն:
Համալսարանը իր աշակերտներուն համար կը կազմակերպէ դաշտագնացութիւններ եւ մարզական գործունէութիւններ, ինչպէս նաեւ աշակերտներու փոխանակում՝ թէ՛ երկրէն թէ՛ այլուր: Իւրաքանչիւր բաժանմունքի իւրաքանչիւր ճիւղ ունի իր գրադարանը: Նաեւ, աշակերտներուն առիթ կը տրուի մարզումներու անձնական եւ հանրային բաժիններու մէջ։ Յատուկ ուսումնաթոշակ կը տրամադրուին ռահվիրաներուն, որպէսզի իրենց ուսումը շարունակեն արտասահմանի մէջ։ Բոլոր աշակերտները ապահովագրուած են: Վկայեալներուն վկայականներն ու մրցանակները կը տրուին վկայականաց բաշխման արարողութեան ժամանակ: