Կէյց Քեմպրիճ կրթաթոշակը 2000 թուականին Պիլ եւ Մելինտա Կէյց հիմնարկին կողմէն Քեմպրիճի համալսարանին կատարուած 210 միլիոն ամերիկեան տոլարի նուիրատուութեամբ հիմնուած կրթաթոշակ մըն է[1]: Անիկա կը յատկացուի միջազգային այն խոստմնալից ուսանողներուն, որոնք կը դիմեն համալսարանին ճիւղերէն որեւէ մէկուն` շարունակելու համար իրենց յետաւարտական ուսումը[2]: