Յիշեցէք Remember (2015 film) | |
---|---|
Բեմադրիչ | Ատոմ Էկոյեան |
Թողարկման թուական | 16 Փետրուար 2016 |
Լեզու | Անգլերէն |
Յիշեցէք կամ Յիշէ (անգլերէն՝ Remember (2015 film)), 2015-ի ժապաւէն. քանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան կողմէն պատրաստած է՝ հրեաներու ողջակիզման նուիրուած:
Ժապաւէնին գլխաւոր դերակատարն է Քրիստոֆըր Փլամըր (90 տարեկան ամերիկացի հրեայ մը), որ ողջակիզումէ փրկուած է, ալզհայմըր հիւանդութեան բռնուած անձ մըն է։ Այս անձը ստուգած է իր ընտանիքի անդամները սպաննող նացիներուն անունները եւ ստանձնած է զանոնք սպաննելու պարտականութիւնը[1]։ Սակայն ալզհայմըր հիւանդութեան պատճառած յիշողութեան կորուստին հետեւանքով, ամէն անգամ ան կը մոռնայ, թէ ինչո՞ւ սպաննել կ՛ուզէ այդ մարդիկը[2]։
Սոյն ժապաւէնը, ողջակիզման նուիրուած բոլոր միւս ժապաւէններէն, տարբեր շունչ ունի ու մասնաւորաբար կը ցոլացնէ Էկոյեանի տաղանդը: Ժապաւէնը լեցուն է հանդիսատեսը գրաւող անակնկալներով, իր մայր թեման ունենալով՝ վրիժառութեան պատմութիւնը[3][4]:
Ինչպէս Ատոմ Էկոյեանի միւս ժապաւէնները, այս նոր ժապաւէնը եւս բարդ կառոյցով ժապաւէն մըն է, ուր կը բեմադրուի արտակարգ խաղարկութիւն մը: