Նապիհ Պըրրի արաբերէն՝ نبيه بري | |
---|---|
| |
Ծնած է | 28 Յունուար 1938[1][2] (86 տարեկան) |
Ծննդավայր | Պօ, Սիերա Լէոնէ |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանան |
Կրօնք | Իսլամութիւն |
Ուսումնավայր | Լիբանանեան ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ |
Մասնագիտութիւն | քաղաքական գործիչ |
Վարած պաշտօններ | Լիբանանի Խորհրդարանի Անդամ, Լիբանանի Խորհրդարանի Նախագահ եւ Head of Amal Movement? |
Կուսակցութիւն | Ամալ Շարժում |
Կայքէջ | nabihberry.com |
Նապիհ Պըրրի (արաբերէն՝ نبيه بري, 28 Յունուար 1938[1][2], Պօ, Սիերա Լէոնէ), լիբանանցի քաղաքագէտ է եւ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահն է 1992-էն ի վեր: Ղեկավարն է Ամալ կուսակցութեան:[3][4][5]
Ծնած է 28 Յունուար 1938-ին, Սիերա Լէօն, լիբանացի շիա ընտանիքի մէջ:
Պըրրի յաճախած է հարաւային Լիբանանի Թըպնին եւ Այն Էպէլ շրջաններու մէջ գտնուող դպրոցները, ապա իր ուսումը շարունակած է Պընթ Ժպէյլի եւ Ժաաֆարիայի բարձրագոյն վարժարաններուն մէջ։ Նաեւ յաճախած է Պէյրութի Մաքասետ եւ Սաժես վարժարանները: 1963-ին, Լիբանանեան Համալսարանէն ստացած է իրաւաբանութեան վկայական, եղած է այդտեղի աշակերտական մարմինի ատենապետը, ինչպէս նաեւ Վերաքննիչ ատեանի փաստաբան:[6]
1963-ին, Պըրրի ընտրուած է լիբանանցի աշակերտներու ազգային միութեան նախագահ[7] եւ մասնակցած է աշակերտական եւ քաղաքական համագումարներու: Աշխատած է Վերաքննիչ ատեանի մէջ, որպէս իրաւաբան: 1970-ականներու սկիզբը, Պէյրութի զանազան հաստատութիւններու փաստաբանը եղած է:
1980-ին, ընտրուած Ամալ կուսակցութեան ղեկավար[8] եւ դիմադրած է իսրայէլեան բանակին, մանաւանդ հարաւային Լիբանանի, Պեքաայի մէջ եւ 1982-ին տեղի ունեցած Խալտէի մէջ ամէնէն նշանաւոր կռիւին ընթացքին:
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան դեկավար եւ իրեն դաշնակից Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ գլխաւոր դերակատարն էր 6 Փետրուար 1984-ի Ինթիֆատային, որ տեղի ունեցած է ընդդէմ Ամին Ժըմայյէլի լիբանանեան համայնքային կառավարութեան, երբ պաշտօնեաներն ու զինուորները պէտք էր փախուստ տային լիբանանեան բանակին՝ ստորագրելու համար Թա'իֆի համաձայնութիւնը, որմով աւարտեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը:[9][10]
Մայիս 1984-ին, Պըրրի նաեւ մաս կազմած է ազգային միասնութեան կառավարութեան, որպէս Հարաւային Լիբանանի եւ վերաշինութեան նախարար: Այն օրուան վարչապետն էր Ռաշիտ Քարամէ:[11] Ան ծառայած է նաեւ որպէս բնակարաշինութեան նախարար:.[12]
1984-էն 1992, Պըրրի եղած է խորհրդարանի նախարար:[13]
Սուրիական պաշտպանութեան մարմիններու եւ սուրիացի քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ Պըրրիի ունեցած բարեկամութիւններուն պատճառով, ան եղած է Թա'իֆ համաձայնութենէն ետք կազմուած լիբանանեան կառավարութեանց ամէնէն ազդեցիկ անձնաւորութիւնը:[15]
6 Սեպտեմբեր 1992-ի հարաւային Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Պըրրի գլխաւորած է «Ազատագրում» ցուցակը, որ ամբողջութեամբ յաղթած է: Այլ ցուցակ մը, զոր գլխաւորած է Պըրրի 8 Սեպտեմբեր 1996-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Ազատագրում եւ Զարգացում»-ն է, որուն բոլոր թեկնածուները նոյնպէս յաղթած են: 1992-էն ի վեր, ան ատենապետն է «Ազատագրում եւ Զարգացում» պլոքին:[16]
3 Սեպտեմբեր 2000-ի հարաւային Լիբանանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, Պըրրի գլխաւորած է «Ընդդիմութիւն եւ յառաջդիմութիւն» ցանկը, որուն բոլոր թեկնածուները ընտրուած են: Յունիս 2005-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն գլխաւորած է «Ազատագրում եւ յառաջդիմութիւն» ցանկը, որուն բոլոր թեկնածուները նոյնպէս ընտրուած են: Ներկայիս, Պըրրի կը գլխաւորէ «Ազատագրում եւ յառաջդիմութիւն» ցանկը, որ կազմուած է 7 Յունիս 2009-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար: Պլոքին բոլոր անդամները ընտրուած են:
Պատգամախօս Պըրրի եղած է եւ մինչեւ օրս կը շարունակէ մնալ Լիբանանի բոլոր կուսակցութիւններուն, կրօնքներուն եւ համայնքներուն զրոյցները քաջալերողը: Վերջին զրոյցը, որ տեղի ունեցած է Մայիս 2014-ին, Պըրրի շեշտած է, որ Լիբանանի քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ ուժերու բաժնեկցիլը որեւէ մէկ փոփոխութիւն պիտի չկատարէ երկրին մէջ։ Յիշենք, թէ ան կը խօսէր շիաներուն, սուննիներուն եւ տիւրզիներուն կողմէ:[17][18]
Ան առաջին անգամ Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ ընտրուած է 20 Հոկտեմբեր 1992-ին (124 քուէներէն ստանալով 105-ը):[19] Երկրորդ անգամ ընտրուած է 22 Հոկտեմբեր 1996-ին՝ ստանալով 126 քուէներէն 124-ը: Ասոնցմէ ետք, ան երեք յաւելեալ անգամներ ընտրուած է որպէս խորհրդարանի նախագահ՝ 17 Հոկտեմբեր 2000-ին՝ ստանալով 126 քուէներէն 124-ը, 28 Յունիս 2005-ին՝ ստանալով 126 քուէներէն 90-ը[20] եւ 25 Յունիս 2009-ին՝ ստանալով 127 քուէներէն 90-ը:[21]
1999-էն ի վեր, ան ատենապետն է Արաբական խորհրդարանական կոմիտէին, որուն նպատակն է դէմ դնել արաբներու դէմ իսրայէլեան ոճիրները: 3 Յունիս 2003-ին, Պըրրի ընտրուած է Արաբական խորհրդարանի նախագահ եւ պաշտօնը ստանձնած է Դամասկոսի մէջ, 1 Մարտ 2004-ին՝ 2 տարի ժամկէտով: Ան նաեւ ընտրուած է Անդամ երկիրներու խորհրդարանական միութեան խորհուրդի նախագահ:[12]
9 Մարտ 2004-ին, Սենեկալի մայրաքաղաք Տաքար ի մէջ Նապիհ Պըրրի ընտրուած է OIC-ի անդամ երկիրներու խորհրդարանական միութեան նախագահ: Ան այս պաշտօնին վրայ մնացած է մինչեւ 9 Մարտ 2006:[12][22]
2013-ին եւ 2014-ին, ան քաջալերած է UCC-ն, ուսուցիչները, պետական պաշտօնեաները եւ Լիբանանի ուժերը, որոնք կը պայքարէին իրենց թօշակներու յաւելումին համար: Ան նաեւ գումարած է բազմաթիւ ժողովներ այլ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ, որպէսզի հասնի իր նպատակին:[23]
1993-էն ի վեր, Պըրրի գլխաւորած է Լիբանանցի խորհրդարանի անդամներու միութիւնը, որ կը բաղկանայ 19 երկիրներէ 156 խորհրդարանի անդամներէ եւ ծերակուտականներէ:[12][24]
Պըրրի ամուսնացած է Ռանտա Ասի Պըրրիի հետ:[25]