Նոր Օր Nor Or | |
---|---|
Տեսակ | պարբերաթեր |
Հիմնադրուած է | 1921 |
Երկիր | Միացեալ Նահանգներ |
Հրատարակման վայր | Ֆրեզնօ, ապա՝ Լոս Անճելըս |
Գրասենեակ | Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Կայք | noror.org |
«Նոր Օր», ազգային, քաղաքական եւ գրական եռօրեայ թերթ (1947 թուականէն, սկզբը՝ երկօրեայ, շաբաթական)։ Հանդիսացած է Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Միացեալ Նահանգներու արեւմտեան ափի պաշտօնաթերթը։
Լոյս տեսած է 1921 թուականէն, 1921-1964 թուականներուն՝ Ֆրեզնօ, ապա՝ Լոս Անճելըս։
1921-1922 թուականներուն հրատարակուած է «Նոր կեանք-Արօր» միացեալ խորագրով։ Խմբագիրներ՝ Գ․ Սարաֆեան, Հ․ Պօղոսեան, Արամ Ամիրխանեան, Վահէ Հայկ, Նորայր Անդրէասեան, Ա․ Ենկոյեան, Աամդրանիկ Անդրէասեան, Անդրանիկ Փոլատեան[1], Նուպար Պէրպէրեան, Պ․ Փապուճեան, Մ․ Հայկենց, Օշին Քէշիշեան, Ասատուր Տէօվլէթեան։
Լուսաբանած է ԱՄՆ-ի եւ այլ վայրերու մէջ գործող յառաջադիմական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը, Խորհրդային Հայաստանի անցուդարձը։
Բազմաթւ նիւթեր զետեած էլ «Ամերիկահայ ազգային խորհուրդի» գործունէութեան, « հայ ռազմիկներու խիզախութեան մասին։
Գրական բաժինին մէջ տպագրուած են սփիւռքի, հայ խորհրդային գրողներու եւ օտար հեղինակներու ստեղծագործութիւններ։ Տեղ յատկացուցած է նաեւ հրապարակախօսական, պատմական եւ գիտական այլ նիւթերու։