Նուպար Թէրզեան թրք.՝ Nubar Terziyan | |
---|---|
Ծննդեան անուն | թրք.՝ Nubar Alyanakziya[1] |
Ծնած է | 16 Մարտ 1909 |
Ծննդավայր | Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 14 Յունուար 1994 (84 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն |
Թուրքիա Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մասնագիտութիւն | դերասան, հեռատեսիլի դերասան |
Նուպար Թէրզեան (16 Մարտ 1909, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 14 Յունուար 1994, Պոլիս, Թուրքիա), պոլսահայ դերասան։
Ծնած է Պոլիս: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Պէզազեան վարժարանէն ներս: Փոքր տարիքէն դերեր ստանձնած է Պոլսոյ հայկական թատերախումբերուն մէջ, իսկ 1926-ին միացած է «Երիտասարդաց թատերախումբ»ին եւ դերեր ստանձնած է Սաղաթէլի դերով՝ Շիրվանզատէի «Պատուի համար», Պոլոնիուսի դերով՝ Շէյքսփիրի «Համլեթ», Ճգնաւորի դերով՝ Լեւոն Շանթի «Հին աստուածներ» ներկայացումներուն[2]:
Հայկական ներկայացումներու դէմ դրուած արգելքէն ետք 1940 թուականին անդամագրուած է «Թուրք-երիտասարդական թատերախումբ»ին եւ սկսած է բեմ բարձրանալ:
Որոշ ժամանակ թրքական բեմի վրայ դերասանութիւն ընելէ ետք 1949 թուականին «Կախարդիչ հայր» թրքական ժապաւէնին մէջ ստանձնած է իր առաջին դերը, որուն շնորհիւ սկսած է աւելիով սիրուիլ ու ճանչցուիլ թուրք հանդիսատեսի կողմէ:
Թէրզեան դեր ստանձնած է աւելի քան 450 ժապաւէնի մէջ: Առաւելաբար ճանչցուած է «Ծովէն եկող աղջիկ» ժապաւէնի մէջ ստանձնած ձկնորսի դերով։
Նուպար Թէրզեան մեծաւ մասամբ հանդէս եկած է բարի հայրիկի դերով. աշխատակցած է թրքական ամենէն յայտնի դերասաններուն ու բեմադրիչներուն հետ: Թէրզեան թրքական աշխարհի մէջ յաճախ հանդէս եկած է Նուպար Ալեանաքզիա բեմական անունով:
Թէրզեան ամուսնացած է 1936 թուականին եւ ունեցած մանչ զաւակ մը՝ Պերճ Թէրզեան[3]: