Չարլզ Էլաչի, (18 Ապրիլ 1947[1], Լիբանան[2]: Ան կազմակերպիչն է Ռեաքտիւ Շարժման Տարալուծարանին, Փասըտինա Քալիֆորնիայի մէջ։ Ան այս դիրքը գրաւած է Մայիս 1, 2001 թուականէն սկսեալ: Ան նաեւ փոխ նախարարն է Քալիֆորնիայի Արուեստագիտութեան Կազմակերպութեան[3], ուր ան ունի ելեկտրականութեան, ճարտարագիտութեան եւ մոլորակային գիտութեան ուսուցչապետութիւն:
Ան իր նախնական ուսումը կը ստանայ, Լիբանան, Ժունիէ 1958-էն 1962 եւ ետքը կ'անցնի Զահլէ ու դպրոցը կ'աւարտէ 1964 թուականին:
Իր համալսարանական ուսումին համար, ան կ'անցնի Ֆրանսա եւ կը ստանայ բնագիտութեան վկայականը (1968) եւ իր առաջին բարձրագոյն վկայականը (1968) ճարտարագիտութեան մէջ։ 1969 թուականին կ'ունենայ իր երկրորդ բարձրագոյն վկայականը ելեկտրականութեան գիտութեան մէջ, իսկ 1971 թուականին վարդապետութեան տիտղոսը նոյն մարզին մէջ։ Այս բոլորէն անկախ, ան նաեւ ունի երկրաբանութեան բարձրագոյն վկայականը Քալիֆորնիայի համալսարանէն:
Էլաչի շահած է բազմաթիւ մրցանակներ եւ պարգեւներ, օրինակ ՆԱՍԱյէն եւ տարբեր համալսարաններէ իր մասնագիտութեան եւ կարեւոր ներդրումներուն համար:
|