Պաղպաղակի Ազգային Ամիս

Պաղպաղակի ազգային ամիս հռչակուած է Յուլիսը՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ[1]:

Միացեալ Նահանգներու 40-րդ նախագահը` Ռոնալտ Ռիկըն (1981-1989) պաղպաղակ շատ կը սիրէր: 1984-ին ան Յուլիս ամիսը կը հռչակէ Պաղպաղակի ազգային ամիս, եւ Յուլիս ամսու երրորդ Կիրակին՝ Պաղպաղակի ազգային օր: Ան ժողովուրդը կը մղէ այդ ամիսը տօնելու մթնոլորտին «համապատասխան տօնակատարութիւններով եւ ժամանցներով»[2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Յուլիս ամիսը պաղպաղակի ազգային ամիս»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2022-02-12-ին։ արտագրուած է՝ 2024-07-15 
  2. Պաղպաղակի ազգային ամիս