Սուզըն Պէնըթ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 31 Յուլիս 1949[1] (75 տարեկան) կամ 31 Յուլիս 1949[2] (75 տարեկան) |
Ծննդավայր | Քլինթոն, Օնեյդա շրջան, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ[3] |
Ուսումնավայր |
Պրաուն ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ Քլինթընի Երկրորդական Վարժարան |
Մասնագիտութիւն | Հնչիւնաւորող, երաժիշտ |
Ամուսին | Քըրթ Պենեթ |
Կայքէջ | susancbennett.com |
Սուզըն Պէնըթ (անգլերէն՝ Susan Bennett, 31 Յուլիս 1949[1] կամ 31 Յուլիս 1949[2], Քլինթոն, Օնեյդա շրջան, Նիւ Եորք, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ)՝ ամերիկացի ձայնային դերասանուհի: Ճանչցուած է իր «Apple» ընկերութեան «Siri» ծրագիրին իգական ձայնաւորմամբ, ինչ որ առաջին անգամ կը հրապարակուի iPhone 4S հեռախօսէն՝ 4 Հոկտեմբեր, 2011-ին:
Պէնըթ ծնած է Քլինթըն, Նիւ Եորք։ Յաճախած է Քլինթընի Կեդրոնական Վարժարանը («Clinton Central School»): 1967-ին յաճախած է «Pembroke College» ուսումնարանը, սակայն 1971-ին աւարտած է Պրաուն Համալսարանը («Brown University»), երբ երկու ուսումնարանները կը միացուին[4]:
Ուսման տարիներուն, Պէնըթ կ'ուզէր ուսուցչուհի դառնալ: Ան «Sock and Buskin» ընկերութեան թատերական արտադրութիւններուն մաս կը կազմէ, նաեւ կ'անդամակցի «Chattertocks» ճազ խումբին[4]: Հանդէս կու գայ նաեւ «Berklee School of Music» վարժարանին խումբին հետ:
Պէնըթ գործի ասպարէզը կը նետուի 1974-ին, երբ կ'ընտրուի դառնալու ձայնագրողը «First National Bank of Atlanta» դրամատան ծանուցման[5]: Ան ձայնագրած է համաշխարհային «Delta Air Lines» ընկերութեան բոլոր յայտարարութիւնները, ինչպէս նաեւ կատարած է GPS-ներու ձայնագրութիւնները[6][7]: Պէնըթի ձայնը նաեւ օգտագործուած է տեղային եւ համաշխարհային ծանուցումներու մէջ, ինչպէս՝ «Ford», «Coca-Cola», «Fisher-Price», «McDonald's», «The Home Depot», «Goodyear», «VISA», «Macy's», «Hot Pockets», «Club Med», եւ «Cartoon Network», եւ այլն:
Յունիս 2005-ին, «ScanSoft» ընկերութիւնը կը փնտռէր անձ մը, որպէսզի ձայնագրէր զրոյց մը: Երկար փնտռտուքէ ետք, կը զատէ Պէնըթը, երբ բուն ձայնագրողը կը բացակայի[8]: Պէնըթ յիշեալ ընկերութեան հետ կ'աշխատի մէկ ամիս (Յուլիս 2005), օրական դրութեամբ, գրեթէ չորս ժամ, կարդալով բառեր, ասացուածքներ եւ նախադասութիւններ: Արձանագրութիւնները կը միանան կազմելու համար խօսակցական նախադասութիւններ, ինչ որ հետագային կը կազմեն «Siri»ն[7]: Պէնըթ Հոկտեմբեր 2011-ին կը տեղեկանայ, թէ «Siri» ծրագիրը ձայնագրողը ինքն է, երբ իր բարեկամներէն մին ե-նամակ մը կ'ուղարկէ իրեն, հարց տալով, եթէ ի՞նքն է «Siri»ն:
Հակառակ «Apple» ընկերութեան հերքման, ատենախօսական եւ ձայնային ճանաչողական մեքենաները, «CNN»-ի հսկողութեան տակ, կը քննեն հարցը եւ հարիւր տոկոսով կը հաստատեն, թէ իրապէս Պէնըթն է «Siri» ծրագիրը ձայնագրողը[7]:
Երբ Պրաուն համալսարան կը յաճախէր, Պէնըթ կը ծանօթանայ Քըրթ Պէնըթի, որ Ազգային Հոքիի (ճոկանախաղ մը) Խումբին մաս կը կազմէր[4], ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-ի ներկայացուցիչ խումբին մէջն էր 1970-ականներուն: Պէնըթ այժմ կ'ապրի Աթլանթա, Ճորճիա, ԱՄՆ եւ ունի տղայ զաւակ մը՝ Քամէրըն[8]: