Ցեղասպանութեան որբերը | |
---|---|
Orphans of the Genocide | |
Բեմադրիչ | Պարէտ Մարոնեան |
Լեզու | անգլերէն |
«Ցեղասպանութեան որբերը» (անգլերէն՝ «Orphans of the Genocide»), հայ բեմդրիչ Պարէտ Մարոնեանի ժապաւէնը՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
Նիւթը ցեղասպանութեան որբերու առօրեան է, ի՞նչ կը նշանակէ ցեղասպանութենէ ետք որբ մնալ։
Վաւերագրական ժապաւէնը կը հետեւի Մորիս Միսաք Քէլէշեանին, որուն հետախուզութեանց շնորհիւ կարելի եղած է Պէյրութի մօտակայ Այնթուրա շրջանին մէջ գտնել մօտաւորապէս հազար հայ որբերու պարտադիր թրքացման վայրը հանդիսացած որբանոցը:
Ժապաւէնը կը պատմէ նաեւ շարք մը այլ որբանոցներու պատմութիւնը՝ լուսարձակի տակ առնելով Մերձաւոր Արեւելքի օգնութեան հիմնարկութեան տարած հսկայ աշխատանքը՝ աւելի քան 150,000 հայ որբերու պատսպարման ու կերակրելու գործին մէջ, 1919-էն 1926 թուականներուն: Այդ օրերուն հաստատուած էին աւելի քան 200՝ ժամանակաւոր կամ մնայուն որբանոցներ, որոնցմէ մէկն էր 22,000 որբերու տուն հանդիսացած որբանոցը Գիւմրիի մէջ:
Շարք մը այլ որբերու կողքին, կը պատմուի նաեւ այն հայ որբուհիին մասին, որ որդեգրուած է Աթաթուրքին կողմէ եւ դարձած Թուրքիոյ ազգային հերոսուհիներէն մէկը[1]:
«Ցեղասպանութեան Որբերը» ֆիլմին խթաններէն մէկը հանդիսացած է հռչակաւոր եւ հայասէր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսքի մէկ յօդուածը՝ Այնթուրայի մէջ հայ որբերը թրքացնելու նպատակով օգտագործուած որբանոցին մասին, որուն խորագիրն էր՝ «Հայկական Ցեղասպանութեան ապրող փաստ մը»[2]: