Քանատայի Բնութեան Թանգարան | |
---|---|
| |
Տեսակ | բնագիտական թանգարան? |
Երկիր | Քանատա |
Տեղագրութիւն | Օթաուա |
Վայր | Victoria Memorial Museum Building? |
Հասցէ | 240 McLeod StreetK2P 2R1 |
Հիմնադրուած է | 1912 |
45°24′46″N 75°41′20″W / 45.4128°N 75.6889°W | |
Կայքէջ | nature.ca |
![]() | |
![]() |
Քանատայն Բնութեան Թանգարան (ֆրանսերէն՝ Musée Canadien de la Nature), նախապէս՝ Ազգային Բնագիտական Թանգարան[1] (ֆրանսերէն՝ Musée National des Sciences Naturelles), Քանատայի բնութեան պատմութեան ազգային եւ բնագիտական թանգարան Օթաուայի մէջ, Օնթարիօ: Թանգարանին չորս հիմնական հաւաքածոները սկսած են կազմուիլ 1856-ին Քանատայի երկրաբանական ուսումնասիրութեան ծիրին մէջ եւ այժմ կը ներառեն շուրջ 14,6 միլիոն նմուշ՝ բուսաբանութիւն, հանքաբանութիւն, հնաբանութիւն եւ կենդանաբանութիւն ոլորտներով:
Թանգարանը փոխկապակցուած է Քանատայի Թանգարաններու Դաշինքին, Քանատայի Ժառանգութեան Տեղեկատուական Ցանցին, Արքթիկի Բնական Պատմութեան Թանգարաններու Դաշինքին, Քանատայի Բնական Պատմութեան Թանգարաններու Դաշինքին եւ Քանատայի Վիրթուալ Թանգարանին:
Ցուցանմուշները եւ հիմնական հաւաքածոները տեղակայուած են Օթաուայի Վիքթորիա յուշահամալիրի շէնքին մէջ։ Թանգարանը ունի ութ մշտական պատկերասրահ.
Քէպէք նահանգի Կատինօ քաղաքին մէջ գտնուող Բնական ժառանգութեան Փակը բացուած է 1997-ին: Թանգարանին վարչական գործողութիւններու եւ ընդարձակ հետազօտական հնարաւորութիւններու եւ հաւաքածոներու համար յատկացուած է 76 հեկտար տարածք[2]: Փակը հասարակութեան համար բաց չէ, բացառութեամբ ամէնամեայ Open House-ին, որու ընթացքին կը ցուցադրուի 14,6 միլիոն նմուշ, կը ներկայացուին հետազօտական աշխատանքներ: Գրադարանը, սակայն, բաց է այցելուներու համար[3]:
Քանատայի Բնութեան Թանգարանի արմատները կու գան 1842-ին ձեւաւորուած Քանատայի Երկրաբանական Հետազօտութեան Ընկերութենէն: Մօտ 150 տարի ետք՝ 1 Յուլիս 1990-ին, թանգարանը խորհրդարանական որոշումով դարձաւ Crown Corporation։ Այս որոշումը կարեւոր իրադարձութիւն էր թանգարանին պատմութեան մէջ։ Crown Corporation կարգավիճակի հետ թանգարանը ունեցաւ նոր անուն եւ ընդլայնուած լիազօրագիր. «Քանատայի բնութեան թանգարանի նպատակն է Քանատայի եւ աշխարհի մէջ ընդլայնել, տարածել բնական աշխարհին հանդէպ հետաքրքրութիւնը, գիտելիքը, յարգանքը՝ ստեղծելով, պահպանելով եւ զարգացնելով բնական պատմութեան նմուշներու հաւաքածոն՝ ցոյց տալով բնական աշխարհը եւ անկէ բխող գիտելիքը»[4]:
Քանատայի Ազգային Բուսագիրքը[5] տեղակայուած է Քանատայի Բնութեան Թանգարանին մէջ։ Քանատայի երկրաբանական եւ բնական պատմութեան հետազօտական բոյսերու հաւաքածոները պաշտօնապէս ներառուած են թանգարանին մէջ, 1882-ին[5]:
|