TechHaus Volantis-ը Ամերիկեան ելեկտրոնային եւ օդային մեքենայ մըն է նախաձեռնուած աշխարհահռչակ երգչուհի Լէյտի Կակայի կողմէ: Նաեւ կը կոչուի «թռչող զգեստը»:
Volantis-ը կրնայ պարունակել միայն մէկ անձ իր վրայ: Ձեւաւորուած է անգլիական Studio XO[1] ընկերութեան կողմէ եւ շինուած է TechHaus-ի կողմէ 2 տարուայ ընթացքին:[2]
Volantis-ի ետեւ կայ փոքր տուփիկ մը, որմէ կ’ելլեն ապահովական գոտիները եւ կը պարունակեն պէտք եղած բարդերը: Առջեւէն կը տեսնենք ճերմակ «հագուստը»:[3]
6 հովահարներ իրար կապուած են հեքսակոնային ձեւով՝ որոնք «ծաղկած» են փոքր տութիկին ընդմէջէն, տալով մեքենային շուրջ մէկ մեթր գետնէն բարձր թռչելու կարելիութիւնը:[4][5] Ամէն մէկ հովահար ունի 2 հատ յայթայթող մեքենայ՝ մէկը քարպոնով լեցուն, վերի բաժինը, իսկ մոյսը՝ վարի. խողովակ մը կը միացնէ երկուքը: Բարդերուն պարունակութիւնը առաւելագոյնը 250 Ah է:[3]
Հագնողը կը կենայ տափակ ճերմակ կտորի մը վրայ եւ կարողութիւնը չ’ունի մեքենան վարելու, տեղը՝ օդային կապերով կը վարէ մեքենան:
Իր ArtRave-ի ժամանակ 2013-ին, «Brooklyn Navy Yard» սրահին մէջ Կական վարեց մամլոյ ասուլիս մը եւ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց Volantis-ը իբրեւ աշխարհի առաջին թռչող հագուստը:.[4][5] It has been described by Entertainment Weekly as a "hover dress".[6] Երբ փորձեցին՝ Volantis օդը բարձրացաւ 1.778 մեթր:
Կական մանրամասութիւնները ետքը յայտնեց Twitter-ի վրայ այդ օրուայ առաւօտուն, գրելով.- «Ժամը 18:00-ին EST այսօր պիտի փորձենք VOLANTIS-ը աշխարհին դիմաց: Կը հրաւիրենք բոլորդ մասնակից դառնալու այս դէպքին»: ("At 6pm EST today we will beta test VOLANTIS with the world. We invite you into our creative process during her initial stages of lift off.")[7]: