X Corp. ամերիկեան արհեստագիտական հաստատութիւն մըն է, որ հիմնադրուած է Իլան Մասքի կողմէ, իբրեւ Թուիթըրը փոխարինող հարթակ:[1] Անիկա ամբողջական բաժին մըն է X Holding Corp.-ի, որուն սեփականատէրն է Իլան Մասքը: Այս հաստատութինը իր սեփականութեան տակ ունի Թուիթըրը, որ այժմ կը վերանուանուի իբրեւ X եւ անիկա պիտի օգտագործուի զանազան տեսակի սպասառկութիւններ կատարելու:[2][3]
Ապրիլ 2022-ին, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Դրամանիշերու շուկային ներկայացուած են երեք փաստաթուղթեր, ուր կը յայտնուի, թէ Իլան Մասք Տելըուէր նահանգին մէջ X Holdings-ի հովանիին տակ հիմնած է երեք կազմակերպութիւններ: Այս փաստաթուղթերուն համաձայն, այս կազմակերպութիւններէն մէկը պիտի միացուի Թուիթըրի, երկրորդը պիտի դառնայ այս միացած հաստատութեան մայր հաստատութիւնը, իսկ երրորդը ամերիկեան զանազան դրամատուներէ ընդհանուր հաշուով 13 միլիառ տոլարի վարկեր առնելով պիտի գնէ Թուիթըրը:[4]