Ամերիկեան «Քատիլաք» ինքնաշարժի ընկերութիւնը հրապարակած է իր առաջին ելեկտրոնային ինքնաշարժին լուսանկարը:
Նոր ինքնաշարժը ստեղծուած է Tesla Model X-ի եւ Audi e-tron-ի հետ մրցակցութիւն ապահովելու համար:
Ինքնաշարժը ապագայապաշտական տեսքով մեծ քրոսովըր մըն է, որ ունի նստարաններու երեք շարք:
«Քատիլաք» ընկերութեան նոր նախագահ Սթիվըն Քարլայլը կը մտադրէ բարձրացնել մակնիշին վարկը աշխարհի մէջ, եւ նոր ելեկտրոնային ինքնաշարժը կրնայ կարեւոր դեր խաղալ այս հարցին մէջ[1]: