Լեզու | Արաբերէն |
---|---|
Գիրքի տեսակ | Թերթ |
OCLC | 234713902 |
Կայքէջ | alghad.com |
«Ալ Ղատ» (արաբ՝. الغد, «Վաղը»), ոչ պետական ազգային օրաթերթ: Արաբական առաջին անկախ օրաթերթն է, կը հրատարակուի Յորդանանի մէջ։ Խմբագրատունը կը գտնուի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ[1]:
«Ալ Ղատ» հիմնադրուած է Օգոստոս 2004-ին, Մոհամետ Ալայյանի կողմէ[1][2][3], որ նաեւ այդ թերթի հրատարակիչ Al Faridah մասնագիտացուած հրատարակչատան նախագահն է[3][4]: 2005-էն սկսեալ թերթի գլխաւոր խմբագիրը Իմատ Հմուտն է[5]:
Նոյեմբեր 2011-ին յարձակում կատարուած է թերթին խմբագրատան եւ աշխատակիցներուն վրայ։ Մէկ ամիս ետք, գլխաւոր խմբագիր Մուսթաֆա Սալեհ հեռացած է իր պաշտօնէն։ Այդ դէպքը համընկած է պետական Ալ-Ռայ լրատուամիջոցի գլխաւոր խմբագիր Ճումանա Ղունայմաթի աշխատանքէն հեռացման հետ եւ որ տեղի ունեցած է Յորդանանի Լրատուական ու Հաղորդակցութեան նախարար Ռաքան ալ-Մաճալիի հրամանով[6]: 2011-ի վերջերը Ճումանա Ղունայմաթ նշանակուած է «Ալ Ղատ»ի գլխաւոր խմբագիր[7] եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ այսօր[1][8]
Տպագիր տարբերակին կողքին, «Ալ Ղատ» լոյս կը տեսնէ նաեւ ելեկտրոնային առցանց տարբերակով[1], որ բաւականին մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ ընթերցողներուն քով[2]: 2010-ին MENA-ի ամէնէն յաճախ այցելուող կայքղջերուն մէջ այն գրաւած է 10-րդ տեղը[9]:
«Ալ Ղատ» օրաթերթը լրագրերու համաշխարհային ընկերակցութեան կողմէ կազմակերպուած Asia Media Awards մրցանակաբաշխութեան մրցանակներու արժանացած է երեք անուանակարգերով՝ լաւագոյն ձեւաւորում, լաւագոյն առաջին էջ եւ լաւագոյն ելեկտրոնային հարթակ ունենալու համար[2]: 2018-ին «Ալ Ղատ»ի ելեկտրոնային տարբերակը Industry Arabic-ի կողմէ ճանչցուած է արաբական աշխարհին մէջ ամենաազդեցիկ լրատուամիջոցը[10]:
«Ալ Ղատ» կը ներառէ հինգ բաժիններ.