Ալէքս Էպըրթ | |
---|---|
| |
Ծնած է | 12 Մայիս 1978[1] (46 տարեկան) |
Ծննդավայր | Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Քաղաքացիութիւն | Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ուսումնավայր | Oakwood School, Los Angeles? |
Տեսակ | ռոք |
Մասնագիտութիւն | երգիչ, երգահան, Հեղինակ ու կատարող, ժապաւէններու երաժշտութիւններու հեղինակ |
Կայքէջ | alexebert.com |
Ալէքսանտր Մայքըլ Թահքիզ Էպըրթ (անգլ.՝ Alexander Michael Tahquitz Ebert, ծնած 12 Մայիս, 1978) Ամերիկացի երգիչ, երգահան եւ յորինող է: Ան ծանօթ է իբր գլխաւոր երգիչը Ամերիկեան երկու երաժշտական խումբերու՝ Ima Robot եւ Edward Sharpe and the Magnetic Zeros: 12 Յունուար, 2014 թուականին, Էպըրթ արժանացաւ Ոսկէ Երկրագունդ մը Լաւագոյն Երաժշտութեան բաժանմուքին մէջ, All Is Lost (2013) ֆիլմին իր պատրաստած երաժշտութեան համար:
Էպըրթ ծնած է Լոս Անճելըս, Քալիֆորնիա, 1978 թուականին, զաւակ հոգեբան Մայքըլ Էպըրթի եւ դերասանուհի Լիսա Ռիչըրտծի: Իր հայրը յաճախ Ամերիկեան անապատներուն մէջէն կը քշէր ընտանիքին հետ, եւ մայրն ալ կը նկարահանէր.[2] նկարահանուած ֆիլմերէն մէկը Edward Sharpe and the Magnetic Zeros երաժշտական խումբի ֆիլմերէն մէկուն մէջ կը գործածուի (Desert Song երգին):[3]
Մարլըն Պրանտոյի մասին դպրոցական տնային աշխատանքէ մը ետք, Էպըրթ սկսաւ հետաքրքրութիւն ցուցաբերել ֆիլմի հանդէպ, որ քաջալերուած էր մօր կողմէ: Օքուուտ Դպրոց յաճախելէ ետք, ան կը յաճախէ Էմըրսըն Քոլէճ համալսարանը, բայց ուսումը կը մնայ անաւարտ:[4][5] Համալսարանը ձգելէ ետք, Էպըրթ բեմադրեց կարճ ֆիլմ մը եւ գրեց տարբեր թատերագիրներ: Իր մանկութեան բարեկամներուն եւ դմրամոլութեան արդիւնքով, կը հետաքրքրուի երաժշտութեամբ:[6]