Այգեհատ․ գիւղ Հ․Հ․ Լոռի մարզին մէջ։
Ակգեհատ գիւղը ունի բարձր դիրք՝ ծովու մակերեսէն 1150 մ․։ Կը գտնուի Դեբետ գետին ձախ ափին, Ալավերտի քաղաքէն 9 քմ․ դէպի հարաւ-արումուտք եւ Վանաձորէն՝ 43 քմ․ հեռու։
Հայկական Բարձրաւանդակի հիւսիս արեւելեան մասը գտնուող Այգեհատը, միշտ գտնուած է հայկական թագաւորութիւններուն սահմաններուն մէջ։ Պարսկական տիրապետութեան շրջանին մաս կը կազմէ վրացական թագաւորութեան, իսկ 1801 կը դառնայ Թիֆլիս նահանգի Բորչալու գաւառին մէկ շրջանը՝ Իգահատ, Իգոկաթ եւ Իկհաթ անուններով։ Խորհրդային տարիներուն ունեցած է Դանուշաւան անունը։ Այգեհատ վերանուանուած է 1991-ին։
Բնակչութիւնը միշտ եղած է հայ եւ անոր թիւը ունեցած է բաւական ելեւէջներ, հետեւեալ զարգացումով՝
1831՝ 88, 1886՝ 337, 1897՝ 338, 1914՝ 809, 1916՝ 342, 1922՝ 500, 1926՝ 387, 1931՝ 460, 1959՝ 391, 1970՝ 366, 1979՝ 295, 1989՝ 478, 2001՝ 332, 2004՝ 277։
Գիւղի հողերը գրեթէ ամբողջութեամբ կ՛օգտագործուին։ Գիւղացիները կը զբաղին երկրագործութեամբ, պտղամշակութեամբ ու հացահատիկի, բանջարեղէնի մշակումով, ինչպէս նաեւ եղջերուներու անասնաբուծութեամբ, մեղրաբուծութեամբ եւ թռչնաբուծութեամբ։
2013 թուականէն, գիւղը ունի դպրոց, գրադարան եւ առողջապահական կեդրոն։
Այգեհատ գիւղին մէջ կը գտնուին Ս․ Սարգիս (6-րդ դար) եւ Գողգոթավանք (10-րդ դար) եկեղեցիները եւ Ս․ Սարգիս մատուռը։ Գիւղէն ոչ հեռու կը գտնուի Քոպայրի վանքը, իսկ Օծուն-Այգեհատ ճամբուն վրայ՝ Հոռոմայրի վանքը։
Դանուշ Շահվերտեան