Գիւղ | |
---|---|
Աշնակ | |
Աշնակ գիւղ | |
Երկիր | Հայաստան, |
Շրջան | Թալին, Արագածոտն |
ԲԾՄ | 1420 մ |
Պաշտօնական լեզու | հայերէն |
Բնակչութիւն | 1031 մարդ (2011)[1] |
Ժամային գօտի | UTC+4։00 |
Պաշտօնական կայքէջ | archive.is/2015060303412… |
Աշնակ գիւղ․ (Թալին, Արագածոտն, Հայաստան)։ Կոչուած է նաեւ Աշնակալ կամ Էշնակ։ Կը գտնուի ծովի մակերեսէն 1420 մ․ բարձրութեան վրայ։
Աշնակ պատկանած է Կամսարական նախարարական ընտանիքին եւ աւելի ետք՝ Թ․ դարուն, երբ Կամսարականները կը տկարանան, Բագրատուներուն կը վաճառուի։ Սելճուքներուն արշաւանքներուն ընթացքին, գիւղաւանը կը կործանուի։
Աշնակը եղած է նաեւ խաղողագործութեան եւ գինեգործութեան կեդրոններէն մէկը։ Գիւղին հիւսիսային կողմէն 3-4 քմ դէպի հարաւ երկարող քարէ հին ցանկապատերով բաժնուած հողատարածքները այդ կը փաստեն։ Անոնց եզրերուն պահպանուած են հարիւրաւոր հնձաններու աւերակներ։ Անոնց մեծ մասն ունի քառանկիւն յատակագիծ։
Աշնակ Ե․ դարուն եղած է մեծ բնակավայր եւ Արշակունի թագաւորներուն ամառանոցը։
1894-ին Ռուսական կայսերական հնաբանական ընկերութեան կողմէն Քարլ Դունբերգ (Կերչի հնաբանական թանգարանի տնօրէն) Աշնակի շրջանին մէջ կատարած է պեղումներ։ Անոր օգնած է Մեսրոպ վրդ․ Տէր Մովսէսեան։ Յայտնաբերուած իրերէն մաս մը այժմ կը պահուի Էրմիթաժի արեւելագիտական բաժնին մէջ։
Գիւղի շրջակայքը գտնուող 4 ամրոցները կը հաստատեն անոր արքայական ձմեռանոց-զօրակայան ըլլալու փաստը։
Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին Ե․ դարուն կառուցուած է։ Յուշարձանը ունեցած է շինարարական երեք շրջան՝ Ե․ դար, Բագրատունեանց ժամանակաշրջան եւ 1988-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք։
Գիւղին մէջ կը գտնուի Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ մատուռը։
Աշնակին մէջ կը գտնուի Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին զոհուածներու յուշարձան։
Գէորգ Չաւուշի անուան տուն-թանգարանը կը գտնուի Աշնակ գիւղին մէջ։