Ապպաս Պայտուն | |
---|---|
Ծնած է | 1945[1] |
Ծննդավայր | Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ուսումնավայր |
Լիբանանեան Համալսարան Փարիզի Արուեստներու Բաժանմունք |
Մասնագիտութիւն | լրագրող, վիպասան, բանաստեղծ |
Աշխատավայր | As-Safir? |
Ապպաս Պայտուն (արաբերէն՝ عباس بيضون, 1945[1], Լիբանան), լիբանանցի բանաստեղծ, վիպագիր եւ մտաւորական[2]։
Ծնած է հարաւային Լիբանանի Շահրուր աւանը: Երկրորդական ուսումը ստացած է Սուր քաղաքին մէջ, ապա տեղափոխուած է Պէյրութ, ուր Լիբանանեան պետական համալսարանին մէջ հետեւած է արաբերէնի եւ գրականութեան դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ ուսանած է Փարիզի Սորպոնի համալսարանին մէջ[3]։
Պաշտօնավարած է Սայտայի եւ Սուրի երկրորդական վարժարաններուն մէջ: Աշխատակցած է լիբանանեան եւ արաբական մամուլին:
Հրատարակած է 13 քերթողագիրքեր, որոնց մէջ յիշատակութեան արժանի են` «Սուր», «Ցաւին քննադատութիւնը», «Սենեակներ», «Մեր զղջումին եղբայրները», «Դատարկութիւնն այս գաւաթին», «Հիւանդի մը, որ յոյսն է», «Արտասանուեցաւ ցուրտին մէջ», «Մարմինը առանց» վարպետի», «Պ. Պ. Պ.», «Մահը մեր չափերը կ՛առնէ», «Հրաւէր` երկու անձի» խորագրեալ հատորները, աւելի ուշ «Ծովը» քերթողագիրք
Ան գրած է նաեւ «Արեան տարրալուծում» վէպը:
Ապպաս Պայտուն ջերմ գնահատանքի արժանացած է գրական շրջանակներու կողմէ, երբ ան 1985-ին լոյս ընծայած է «Ժամանակը` մեծ ումպերով» խորագրեալ իր երախայրիք քերթողագիրքը:
Իր համբաւը տարածուած է, երբ հրատարակզծ է «Սուր» խորագրեալ հատորը, որ քերթողական թարմ ու նորաշունչ լեզուամտածողութեամբ օժտուած դիւցազներգութիւն մըն է[4]: