Ատիս Հարմանտեան |
---|
Ատիս Հարմանտեան (14 Յունուար 1945, Պէյրութ, Լիբանան - 1 Սեպտեմբեր 2019, Սանթա Մոնիքա, Լոս Անճելըս Գալիֆորնիա, ԱՄՆ) սփիւռքահայ էսդրատային երգերու միջազգային ռահվիրան: Ան եղած է Լիբանանի առաջին հայերէն երգեր մեկնաբանողը: Մեկնաբանած աւելի քան 400 երգեր, ան հայորդիին յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն պիտի գոյատեւէ եւ իր անմոռանալի ձայնը, շարունակ պիտի արձագանգէ: Ատիս Հարմանտեան երգեր ալ գրեց, յօրինեց նաեւ անոնց երաժշտութիւնը եւ ապա հարազատօրէն մեկնաբանեց զանոնք:
Ատիս Հարմանտեան լիբանանահայ Անզուգական երգիչ: Տեղափոխուած եւ բնակութիւն հաստատած Լոս Անճելըս:
Ատիս Հարմանտեան նախնական ուսումը ստացած է Ռուբինեան վարժարանին մէջ, ապա յաճախած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ կաթողիկէ ճեմարանը:
Ատիս Հարմանտեան Պուրճ Համուտ ծնած ու հասակ առած երիտասարդ երգիչ մը, որուն երգացանկին մէջ միայն եւրոպական երգերու կը հանդիպէինք: Իբրեւ եւրոպական երգացանկով երգիչ` բնաւ չէր ունեցած Էտի Քեւի (Գէորգ Խաչերեան) կամ Մանուէլ Մենենկիչեանի ժողովրդականութիւնը, եւ ահա առիթը կը տրուի հայերէն երգելու եւ քանի մը ամիսէն արդէն կը դառնայ համայն հայութեան ամենափնտռուած երգիչը`շնորհիւ Յասմիկ Մանասերեանի յօրինած ա՛յն երգերուն, որոնք երկար տարիներ մերժուած ու անտեսուած էին Երեւանի մէջ:
Որո՞ւ միտքէն պիտի անցնէր, որ 1968-ին, յանկարծ «հրաշք»ով մը տարիներ ժողովրդականութիւն չունեցող երգիչ մը, երգելով Յասմիկ Մանասերեանի անտեսուած երգերը, յանկարծ պիտի դառնար հայութեան ամենասիրուած երգիչը, իսկ Յասմիկ Մանասէրեանի գրած երգերը` ամենասիրուած հայերէն էսդրատային երգերը:
Ատիս Հարմանտեանը հայ փոփ երգերի միջազգային ռահվիրան է, քանի որ հայկական էսդրատային երաժշտութիւնը սկսած է Հարմանտանի հիթերով, որոնց խօսքի հեղինակն էր Հասմիկ Մանասերյանը: Առաջինը լոյս է տեսել եւ հանրաճանաչ դարձեր «Ծաղիկներ» երգը։ Յայտնի երգերէն են «Նունէ», «Գարուն Գարուն», «Այլ աչեր», «Ախթամար»: Թողարկել է մօտաւորապէս 30 ալպոմ։
Ատիս Հարմանտեան Սանթա Մոնիքայի (Քալիֆորնիա) հիւանդանոցին մէջ իր աչքերը յաւիտեան փակեց սփիւռքահայ հանրածանօթ էսդրատային երգիչ՝ Ատիս Հարմանտեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ։
Ատիսին գործերը հիմնովին փոխեցին հայորդիին ըմբռնումը՝ երգի եւ երաժշտութեան։ Իւրայատուկ ոճով ան օգտագործեց արեւմտեան աշխարհէն ներս գործածուած նուագարանները․ սկսելով կիթարէն մինչեւ հարուածային եւ փչողական գործիքներ։
Ո՛չ թէ միայն երիտասարդութիւնը, այլ նաեւ ալեհերն ալ տարուած էր անոր երգերով։ Այսպէս, ամէն մարդու լեզուին տակ ու շրթներուն վրայ կը լսուէին ցայսօր ծանօթ մեղեդիներ՝ «Սայլորդ», «Ճէյրանի պէս», «Մանուշակ էիր` պարտէզում բացուած», «Դու սպասիր», «Այլ աչեր կան իմ սրտում», «Ծաղիկնե՜ր, ծաղիկնե՜ր»։ Մինչդեռ «Նունէ» եւ «Գարուն գարուն» այնքան մը ժողովրդականութիւն կը վայելէին, որ այլ լեզուներով ալ կը մեկնաբանուէր։
Այսպէս, չափազանցութիւն պիտի չըլլայ նշելը, թէ Ատիս Հարմանտեանը աւելի քան յիսուն տարիներ հայ էսդրատային երգի տարածման դեսպանը դարձաւ ոչ թէ միայն Միջին Արեւելքի մէջ, այլ ամէնուրեք: Ատիս ելոյթներ ունեցաւ Լիբանանէն մինչեւ մօտ ու հեռու տասնեակներով գաղութներ՝ Սուրիա, Իրաք, Իրան, Եւրոպա, Հիւսիսային ու Հարաւային Ամերիկաներ, Աւստրալիա եւ այլուր, նոյնիսկ Խորհրդային Հայաստան՝ 1974-ին եւ խելացնոր խանդավառութիւն ստեղծած կատարելով 29 երգահանդէսներ։
2015-ին Ատիս Հարմանտեան իր գիրքը՝ «Ատիս` երգի ճամբով» խորագրով լոյս ընծայած էր հետաքրքրական եւ հաղորդական ոճով: Ան կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս պատանի տարիքին մուտք գործած է երգի ասպարէզ` սկիզբը օտար երգերով, ապա` ամբողջովին հայերէն երգացանկերով:
Հատորը լեցուն է հետաքրքրական յուշերով եւ ճոխ՝ նկարներով, ինչպէս նաեւ` մեծաթիւ արժեւորումներով, որոնք տասնամեակներու երկայնքին երեւցած են հայ մամուլին մէջ:
Հինգշաբթի, 25 փետրուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ատիս Հարմանտեանի «Ատիս երգի ճամբով» գիրքի շնորհահանդէսը` հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:
Ն.Ս.Տ.Տ. Արամ Ա. կաթողիկոսը 2005ին, «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պատուած էր Ատիս Հարմանտեանը, հայ երգի տարածման եւ ժողովրդականացման մէջ անոր բերած ներդրումին համար:
Ատիս Հարմանտեան պարգեւատրուած է նաեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» շքանշանով։
2012-ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւս Օրհնութեան ու գնահատանքի գիր մը շնորհեց Ատիս Հարմանտեանին, դրուատելով հայկական երգարուեստի մարզին մէջ երգիչին առաւել քան կէս դարու վաստակը: