Արա Պապեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 6 Յունիս 1961 (63 տարեկան) |
Ծննդավայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
Հայաստան Քանատա |
Ուսումնավայր |
Երեւանի Պետական Համալսարան Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Դիւանագիտական Ակադեմիա ... |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, դիւանագէտ, փաստաբան |
Կայքէջ | modusvivendicenter.org |
Արա Արտուշի Պապեան (6 Յունիս 1961, Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ իրաւաբան, պատմաբան եւ դիւանագէտ։ Գանատայի մօտ Հայաստանի դեսպան (2000-2006)։ «Մոտուս Վիվենտի» կեդրոնին նախկին ղեկավար[1]:
Ծնած է 6 Յունիս 1961-ին Երեւան, Հայկական ԽՍՀ։ Ծառայած է խորհրդային բանակի կազմին մէջ՝ Աֆղանիստան, իբրեւ ռազմական թարգմանիչ[1]:
1984-ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանը եւ նոյն թուականին ստացած է պսակաւոր արուեստի աստիճան։ 1989-ին ստացած է պատմութեան մագիստրոսի աստիճան։ 1994-ին աւարտած է Ռուսաստանի ԱԳՆ դիւանագիտական ակադեմիան, իսկ 1999-ին Հռոմի մէջ գտնուող ՆԱԹՕ-ի պաշտպանութեան քոլէճը[1]:
Դասախօսութիւններով հանդէս եկած է Կիպրոսի Նիկոսիա քաղաքի Մելքոնեան կրթահամալիրի մէջ[1]:
Երկար տարիներ աշխատած է ՀՀ ԱԳՆ-ի մէջ՝ զբաղեցնելով տարբեր պաշտօններ, ի թիւս այդ՝ եղած է ԱԳՆ բազմաթիւ վարչութիւններու քարտուղար եւ պետ։ Աշխատած է իբրեւ քարտուղար Թեհրանի եւ Պուխարեսթի մէջ։ Հետագային նշանակուած է իբրեւ Հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան պետ։ 2000-2006-թուականներուն եղած է Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան[1]:
Դիւանագիտական ասպարէզը ձգելէն ետք Արա Պապեանը կը սկսի ուսումնասիրել հայկական հարցի իրաւաբանական կողմերը՝ Արցախեան պատերազմ, Ուիլսընեան Հայաստան եւ այլն։ Այդ հարցերով բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած է հայկական համայնքներուն աշխարհի տարածքին, ինչպէս՝ Լոս Անճելըսի մէջ[2][3]:
Կը զբաղի ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքներու հարցերով եւ իր հարցազրոյցներուն ընթացքին բազմիցս յայտարարած է, որ Հայաստանը պէտք է աջակցի Ազրպէյճան գտնուող ազգային պետականութենէն զրկուած ժողովուրդներուն (թալիշներուն, լեզգիներուն եւ այլն) սեփական պետութեան ստեղծման հարցով[4]:
Հիմնած է եւ կը ղեկավարէ «Մոտուս Վիվենտի» կենդրոնը[5]:
Արա Պապեան կը տիրապետէ շարք մը լեզուներու՝ հայերէն, անգլերէն, ռուսերէն, պարսկերէն եւ յունարէն։ Ամուսնացած է, ունի երկու զաւակ՝ Նարեկ եւ Տարօն[1]: