Արարատ (ժապաւէն)

Բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեան
Արտադրիչ Ատոմ Էկոյեան, Ռոպերթ Լանթոս
Գրագէտ Ատոմ Էկոյեան
Երաժշտութիւն Մայքըլ Տաննա
Թողարկման
թուական
20 Մայիս 2002
Տեւողութիւն
115 վայրկեան
Երկիր Քանատա, Ֆրանսա
Լեզու Անգլերէն, Հայերէն, Ֆրանսերէն, Գերմաներէն
Պիւտճէ 15.5 միլիոն տոլլար

Արարատ 2002-ի քանատա-Ֆրանսական ժապաւէն, Ատոմ Էկոյեանի բեմագիրով ու բեմադրութեամբ։ Գլխաւոր դերասաններն են՝ Շարլ Ազնաւուր, Քրիսթոֆըր Փլամըր, Տէյվիտ Ալփէյ, Արսինէ Խանճեան, Էրիք Պօղոսեան, Պրուս Կրինուտ եւ Իլիաս Քոթէաս:

Շարժանկարը զննման կ'ենթարկէ ճշմարտութեան բնոյթն ու անոր ճանաչումը՝ արուեստի միջոցով, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ անոր ընթացքին ծաւալած շարք մը կարեւոր դէպքերու, յատկապէս՝ Վանի հերոսամարտի ներկայացումով։

Նիւթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ականաւոր քանատահայ բեմադրիչ Եդուարդ Սարոյեան (յօրինուած կերպար), որուն մայրը վերապրող մըն է, ֆիլմ մը կը նկարէ 1915-ի իրադարձութիւններուն մասին: Ուրիշ կերպար մը` Անի, արուեստի պատմաբան է, որ հեղինակած է մենագրութիւն մը հայ նշանաւոր նկարիչ Արշիլ Կորքիի մասին։ Ան դասախօսութիւններ կու տայ` փորձելով վերծանել Կորքիի կեանքն ու արուեստը պարուրող առասպելները[1]:

«Արարատ»ի գլխաւոր կերպարները` արդէն ծերացող բեմադրիչ Սարոյեանը (Շարլ Ազնաւուր), արուեստաբան Անին (Արսինէ Խանճեանը), անոր պատանի զաւակը`Րաֆֆին (Տէյվիտ Ալփէյ), մեր ժամանակակիցներն են` Ցեղասպանութեան գաղթականներու կամ փախստականներու ժառանգորդները: Ապրելով ուրիշ ժողովուրդներու եւ ուրիշ մշակոյթներու մէջ` անոնք կ'ապաւինին «ներքին հայկական իրականութեան», որ հիւսուած է լեզուով, երգերով («Արարատ»ը կը սկսի «Կռունկով», եւ հայու հոգեկան կերպարին միաձուլուած մեղեդիները կը դառնան ֆիլմին հնչիւնաշարքը), ընտանեկան մասունքներով ու պատմութիւններով, որոնք յաճախ դառն են եւ կը ցոլացնեն ազգային ընդհանուր ճակատագիրը:

Անրի Վերնոյի «Մայրիկ»էն ետք, ասիկա երկրորդ ու աւելի հեռուն գացող փորձն է` նկարագրելու եւ քննելու Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւններն ու հոգեբանական հարցերը: Իւրաքանչիւր հերոսի գիտակցութեան խորքը կայ «վէրք» մը, որ համազգային ճակատագրի հետքն է`պատմական անարդարութենէն գոյացած:

«Արարատ» հարց կու տայ նաեւ եթէ կարելի է վերջնականապէս ձերբազատիլ այդ վէրքէն` անցեալը մոռացութեան մատնելու գնով: Ան կը ներկայացնէ անցեալի ահռելի բեռը, անարդարութեան զգացումը եւ ցաւը, որ ցեղասպանութեան զոհերուն եւ վերապրողներուն սերունդը փոխանցած է իր ժառանգորդներուն, որոնք իրենց կարգին, փոխանցած են իրենց զաւակներուն ու թոռներուն: Ժապաւէնի դրուագներէն մէկուն մէջ, հանդիսատեսը ականատես կը դառնայ այդպիսի յուսահատ ճիգի մը, երբ Րաֆֆիի խորթ քոյրը կը փորձէ պատռել Արշիլ Կորքիի հանրայայտ կտաւը` մօր եւ որդիին դիմանկարը, բայց «Արարատ»ի ամբողջ հոգեբանական ենթակառոյցն ու փիլիսոփայութիւնը վճռականօրէն կը յուշեն, որ մարդ ըլլալ կը նշանակէ յիշողութիւն ունենալ:

Նկարիչ Արշիլ Կորքի՝ Սիմոն Աբգարեանի դերակատարութեամբ

Ժապաւէնին մէջ կը վերակենդանանայ օրհասական ժամանակներու Վանը: Էկոյեան գիտակցաբար կը դիմէ վաւերագրական սկզբնաղբիւրներու` ամերիկացի բժիշկ-ականատեսի վկայութիւններու եւ Ի. դարու նշանաւոր նկարիչներէն մէկուն` Արշիլ Կորքիի մանկական յիշողութիւններուն, կեդրոնանալով Վանի ինքնապաշտպանութեան եւ բռնագաղթի ճամբուն հայերուն կրած տառապանքներուն վրայ: Սակայն հեղինակին հարցը անով չի սահմանափակուիր: «Արարատ»ի գրեթէ բոլոր գործող անձինք այս կամ այն չափով առնչութիւն ունին «ներքին ժապաւէն»ին հետ, եւ իրենց կեանքը ոչ մէկ ձեւով կրնայ այդ ժապաւէնին ազդեցութենէն անկախ ընթանալ:[2]

Կորքիի կտաւին կամ, աւելի ճիշդ, անոր ստեղծման պատմութիւնը ֆիլմին ամէնէն ազդեցիկ ու գեղարուեստօրէն յագեցած նիւթերէն է: Ամէն ինչ կը սկսի լուսանկարուելէ ետք: Պատանին եւ իր տխրադէմ մայրը կը նստին լուսանկարի խցիկին առջեւ, մինչ ամէն տեղ վտանգ, տեղահանութիւն սպառնալիք ու ապագայ կեանքի անորոշութիւն կը տիրէ: Այդ փոքրիկ, մռայլ եւ տժգոյն լուսանկարը կը յայտնուի Կորքիի արուեստանոցին մէջ, որուն հիման վրայ ան կը ստեղծէ իր գեղանկարչական գործը: Էկոյեան այս տեսարաններուն մէջ հնարաւորինս կը խուսափի բառերէ, պատկերն ու գործողութիւնը կը դառնան բաւարար: Իսկ հնամաշ վերարկուին կոճակը ամրացնելու տեսարանը (այդ կոճակը կը կարուի Կորքիի մօր ձեռքով) Էկոյեան անսպասելիօրէն կը կրկնէ ժապաւէնին աւարտին, իբրեւ ուժեղ ու խորհրդանշական վերջակէտ։ Այսպէս, հանդիսատեսին հոգիին խորքը, ագուցուած է նախնիներու կերպարը, հայուն անհատական ու ընդհանրական կենսագրութիւնը:

Սարոյեան այս մասին մէջ այլ արժէքներու ալ կ'անդրադառնայ՝ Արշիլի մայրը կը շփոթի եւ ամօթխածութենէն ձեռքերը կը քաշէ, երբ լուսանկարիչը կը դպչի անոնց՝ դիրքը փոխելու նպատակով: Այս պահը մեր անհետացած նախնիներուն հետ կապուած շատ բան կը բացայայտէ, շատ բան կը պատմէ անոնց ապրումներու աշխարհին ու արժէհամակարգին մասին:

Րաֆֆի մեկնած է Արեւմտեան Հայաստան` վերջապէս տեսնելու իր պապերուն բնօրրանը, Վանը, Վանայ լիճն ու Ախթամար կղզին, Անիի աւերակները (որ նաեւ իր մօր անունն է) եւ Արարատ լեռը: Անիի համար այդ ֆիլմը ցեղասպանութեան մերձենալու միջոց է, նոյնը եղած է ամուսնոյն փորձը՝ թուրք դիւանագէտը սպաննելու, որ պատճառ դարձած է իր մահուան: Րաֆֆի կը հաւատայ, որ հայրը ատիկա ըրած է որպէսզի վրէժ լուծէ թուրքերու գործածին համար: Ան բազմաթիւ նկարահանումներ ըրած է տեղացիի մը հովանաւորութեամբ, իսկ այդ մարդն ալ իր հերթին խնդրած է, որ Րաֆֆին թիթեղեայ տուփերու մէջ ժապաւէններ տեղափոխէ Ամերիկա: Բայց այդ տուփերուն մէջ, ինչպէս կը պարզուի մաքսատան մէջ, ժապաւէններու փոխարէն թմրանիւթ կայ: Ամբողջ օր մը երկարող հարցաքննութիւնը կը դառնայ չճանչցուած ցեղասպանութեան բացայայտում: Էկոյեան հմուտ համադրութիւններով կը ներհիւսէ այս գիծը ժապաւէնի ընդհանուր զգացումներուն, իսկ երկու դերասանները` բազմափորձ վարպետ Փլամերը եւ երիտասարդ Ալփէյը փոխադարձաբար կը հարստացնեն իրավիճակին յուզականութիւնը:

Ուշ երեկոյեան, երբ քաղաքի շարժապատկերի սրահներէն մէկուն մէջ կը սկսի Սարոյեանի ֆիլմին շնորհահանդէսը (այս մականունը պատահականօրէն չէ ընտրուած, անմիջապէս զուգորդումներ կը յառաջացնէ «համաշխարհային հայուն»` Ուիլիըմ Սարոյեանին հետ, իսկ Ազնաւուրի պարագային, կ'ակնարկէ նաեւ Ֆրանսուա Տրիւֆոյի «Կրակեցէ՛ք դաշնակահարին վրայ» հանրածանօթ շարժապատկերի հերոսին, որովհետեւ Սարոյեան մականունը կրող այդ դերը Ազնաւուրը կը խաղայ), մաքսատան ծառայողը ազատ կ'արձակէ Րաֆֆին: Ակնյայտ է, որ այս թնճուկը հեղինակը կը լուծէ «բարոյական օրէնսդրութեան» տեսանկիւնէն`մեզի առաջարկելով «Արարատի» ամէնէն կարեւոր ընդհանրացումներէն մէկը`խիղճի թեման:

Վերջապէս, Րաֆֆիին խորթ քոյրը` Սելիան, որուն հայրը Անիին երկրորդ ամուսինն է եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, անձնասպան եղած է, կը հաւատայ, որ անոր մահը կապուած է թէ՛ Կորքիին եւ թէ՛ Րաֆֆիին հօր մահուան հետ: Անձնասպան ըլլալով` ան փորձած է իրեն վերագրել այդ երկու խիզախ եւ քաղաքականապէս հասուն տղամարդոց մահերը, անոնց, որոնցմով այնքան կլանուած է Անին, այդ ձեւով ապացուցելով Անիին, որ ինքն ալ արժանի էր անոր սիրոյն եւ կապուածութեան:

Ֆիլմի խորագիրն ալ կրկնակի հասցէ ունեցող նամակի նման է`հայկական ու համամարդկային, որովհետեւ հայութեան համար ամէնէն սրբազան լեռը ի սկզբանէ կը միաւորէ ժողովուրդներու հոգեւոր գիտակցութիւնը, ուստի եւ ինչ որ Էկոյեան կը պատմէ աշխարհի բոլոր ծայրերէն Արարատին նայող ժողովուրդի մը մասին, դժուար, թէ արձագանք չգտնէ նաեւ շատ ու շատ ոչ հայերու սիրտերուն մէջ:

Դերասաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարլ Ազնաւուր
Վանի պաշտպանութիւնը ժապաւէնին մէջ

Նկարահանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նկարահանման համար, Էկոյեան աշխատակցած է իր գործընկերոջ՝ Փոլ Սարոսիի հետ: Նկարահանումները տեղի ունեցած են աւելի քան 45 օրուան ընթացքին, 2001-ի ամրան: Վանի պաշտպանութիւնը նկարագրող մարտական ​​տեսարանները նկարահանուած են Տրումհելերի Ալպերթա քաղաքին մէջ։ Զինուորները, ինչպէս եւ Վանի գիւղերը, համակարգիչով ստեղծուած են:

Այլ տեսարաններ նկարահանուած են Թորոնթոյի Չերի Պիչ շրջանին մէջ (Cherry Beach): Ֆիլմը կարելի չէ եղած նկարահանել Թուրքիոյ կամ Արարատ լերան լանջերուն, Թուրքիոյ կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման պատճառով:[3][4]

Ներկայացումը Թուրքիոյ մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Արարատ»ը Թուրքիոյ մէջ ցուցադրելու իրաւունքը 12 տարի առաջ գնած էր թրքական «Պելկէ ֆիլմ» ընկերութեան սեփականատէր Սապահէտտին Չեթինը, սակայն ժապաւէնը ցարդ Թուրքիոյ մէջ չէ ցուցադրուած, քանի որ Չեթին կը վախնայ, որ նման քայլ մը կը վտանգէ սրահներու սեփականատէրերու ապահովութիւնը:

Չեթին կը կարծէ, որ Թուրքիա փոխուած է եւ կը փափաքի Թուրքիոյ մէջ ցուցադրել ժապաւէնը: Ան տեղեկացուցած է, որ ժապաւէնը ցուցադրելու առաջարկներ ստացած է բազմաթիւ սրահներէ, սակայն չէ յստակացուցած, թէ ե՛րբ կրնայ տեղի ունենալ առաջին ցուցադրութիւնը:

Միջազգային Փառատօներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ֆիլմը արտամրցութային կարգով ներկայացուած է Քանի միջազգային փառատօնին։ 2003-ի Genie Awards միջազգային փառատօնին անիկա արժանացած է հինգ մրցանակի։

Վկայութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոսկուայի փառատօնին, թղթակիցներէն մէկուն հարցումին պատասխանելով, Ատոմ Էկոյեան ըսած է.

Անցեալը շարունակ կը հետապնդէ մեզ, նոյնիսկ եթէ մենք չենք ուզեր յիշել զայն:

Այս խօսքերը ուղղակիօրէն կը վերաբերին «Արարատ» ֆիլմին, ուր, մերթ իրարու հետ բախելով, մերթ միահիւսուելով, կ'ապրին երկու ժամանակներ` 1915-ի Ցեղասպանութիւնը եւ մեր օրերու կեանքը, իսկ աւելի ճիշդ` երեք սերունդներու հայեր, որոնց մէջ անդադար կը խօսի յիշողութիւնը:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ժապաւէնը
  2. Արարատ ֆիլմ
  3. Nellie Hogikyan, "Ararat," The Armenian Genocide: The Essential Reference Guide, ABC-CLIO, 2015, p. 39.
  4. Leung Marlene (24 April 2015)։ «The political game: How one MP fought to have Canada recognize the Armenian Genocide»։ CTV News։ արտագրուած է՝ 3 December 2016