Արման Կիրակոսեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 10 Սեպտեմբեր 1956[1] |
Ծննդավայր | Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն |
Մահացած է | 6 Յուլիս 2019[1] (62 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Երեւան, Հայաստան |
Քաղաքացիութիւն |
Խորհրդային Միութիւն Հայաստան |
Ուսումնավայր | Խ. Աբովեանի Անուան Մանկավարժական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | դիւանագէտ, պատմաբան, քաղաքական գործիչ, համալսարանի դասախօս |
Վարած պաշտօններ | ԱՄՆ Հայոց Ազգային խորհուրդի ներկայացուցիչ եւ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար |
Ծնողներ | հայր՝ Ճոն Ս․ Կիրակոսեան |
Արման Ճոնի Կիրակոսեան (10 Սեպտեմբեր 1956[1], Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն - 6 Յուլիս 2019[1], Երեւան, Հայաստան), հայ քաղաքական գործիչ, դիւանագէտ, պատմաբան: Պատմական գիտութիւններու դոկտոր (1999): Ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի աստիճան (1992):Փրոֆեսորի կոչում (2011), առաւել քան 120 գիրքերու եւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ է եւ դասաւանդած է համալսարաններու մէջ։ Ճոն Կիրակոսեանի որդին է։
Արման Կիրակոսեանը ծնած է 1956 թուականին, Երեւան։ 1973-ին ընդունուած է Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական հիմնարկի պատմա-աշխարհագրական կաճառներու պատմութեան եւ հասարակագիտութեան բաժինը, որ աւարտելէն ետք՝ 1977 թուականին, քանի մը ամիսներու ընթացքին հայոց պատմութիւն եւ հասարակագիտութիւն դասաւանդած է Էջմիածնի շրջանի Բաղրամեան գիւղի դպրոցին մէջ։ Նոյն տարին ընդունուած է պետական մանկավարժական հիմնարկի ընդհանուր պատմութեան ամպիոնի ասպիրանթուրան եւ 1980-ին աւարտած զայն։
1992-ին անոր շնորհուած է արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան, ապա եղած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի առաջին տեղակալ, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Սփիւռքահայ համայնքներու պատմութեան եւ մշակոյթի ուսումնասիրութեան բաժինի գիտական թեմայի ղեկավար։ Ունի պատմական գիտութիւններու դոկտորի գիտական աստիճան (1999), փրոֆեսորի կոչում (2011): Ան դասաւանդած է համալսարաններու մէջ:
1980-1986-ականներուն աշխատած է ՀԽՍՀ Գիտութիւններու ակադեմիային մէջ (տարրալուծարանի օգնական, կրտսեր գիտաշխատող, աւագ գիտաշխատող – ՀՀ ԳԱԱ գիտական տեղեկատուական կեդրոնի «Հայագիտութիւնն արտերկրին մէջ» խումբի ղեկավար)։
1986-1991-ականներուն տարբեր պաշտօններ զբաղեցուցած է Հայաստանի կոմկուսի կենտկոմի մէջ (Գիտութեան եւ կրթական հաստատութիւններու բաժնի հրահանգիչ, գաղափարական բաժնի հրահանգիչ, գաղափարական բաժնի խորհրդատու), այնուհետեւ կրկին վերադարձեր ՀՀ ԳԱԱ իբրեւ Սփիւռքի պատմութեան եւ մշակոյթի բաժինի ղեկավար։
1992-1993-ականներուն եղած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատարը, որմէ ետք եղած է Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը Յունաստանի (1994-1999) եւ ԱՄՆ-ի (1999-2005)։
2005-2011-ականներուն եղած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարարի տեղակալ։
2011-ին նշանակուած է Աւստրիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան[2] եւ, համատեղութեան կարգով, Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաքելութեան ղեկավար[3]։
Նոյն տարին, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Վիեննայի Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան գրասենեակի եւ այլ միջազգային կազմակերպութիւններու Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ[4]։ 2012 -ին ՀՀ Նախագահի հրամանագրով, համատեղութեան կարգով, նշանակուած է Հունգարիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան[5]։
2018-ին նշանակուած է Մեծ Բրիտանիայի եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան[6]:
Արման Կիրակոսեանը 1999 թուականէն պատմական գիտութիւններու դոկտոր է, աշխատութեան թեման՝ «Բրիտանական դիւանագիտութիւնը եւ արեւմտահայութեան խնդիրը 19-րդ դարու 30-ական թ-ին – 1914 -ին», որ լոյս տեսած է նոյն թուականին։ Գիրքին մէջ կը բացայայտէ անգլիական դիւանագիտութեան սկզբունքները եւ թուրքերու ջարդարարական քաղաքականութիւնը հայերու նկատմամբ։ Նշեալ աշխատութիւնը անգլերէն լոյս տեսած է Լոնտոնի մէջ 2004 -ին «Կոմիտաս» հիմնարկին կողմէ։ Բազմաթիւ գիտական աշխատութիւններու եւ յօդուածներու հեղինակ է։
Աւելի քան 120 գիրքերու եւ գիտական աշխատութիւններու հեղինակ է:
Անգլերէն հրատարակուած է իր կազմած «Հայկական ջարդերը 1894-96 թ-ին» ժողովածուն, որ կ՚ընդգրկէ շուրջ 35 յօդուած, հրատարակուած է Փետրուար 2004-ին՝ Տիթրոյթի Վէյն նահանգային համալսարանին կողմէ։ 2005-ին լոյս ընծայած է «Ակնարկներ Հայկական հարցի եւ եղեռնի միջազգային ճանաչման պատմութեան» յօդուածներու ժողովածուն։