Արմենական Կուսակցութիւն | |
---|---|
Ղեկավար | Մկրտիչ Փորթուգալեան |
Հիմնադրուած | Կաղապար:Wikidata/p571 |
Գաղափարախօսութիւն | Ազատականութիւն |
Թերթ | «Արմենիա» |
Պոլսոյ մէջ գործող «Միութիւն Ի Փրկութիւն» ընկերութիւնը զարգացած երիտասարդներ կը ղրկէր հայկական գաւառները դպրոցներ բանալու համար։ Այս երիտասարդներէն էր Մկրտիչ Փորթուգալեան, որ Վան հասնելով վարժապետանոց մը կը բանայ։
Շատ կարճ ժամանակի ընթացքին Օսմանեան կառավարութիւնը փակել կու տայ վարժապետանոցը, որովհետեւ հոն կը տիրէր ազատաշունչ գաղափարներու մթնոլորտ մը, ինչպէս նաեւ երբեմն ալ զինավարժութիւն տեղի կ'ունենար։ 1885-ին Մկրտիչ Փորթուգալեան կ'անցնի Ֆրանսա եւ հոն Մարսէյ քաղաքին մէջ կը սկսի հրատարակել «Արմենիա» թերթը։ Սկզբնական շրջանին «Արմենիա» բարենորոգումներու հարցը կ'արծարծէ, սակայն անոր տեսակէտերը հետզհետէ կը զարգանան զինեալ պայքարի եւ յեղափոխութեան ուղղութեամբ։ Թերթը գաղտնի ճամբով կը հասնի Վան՝ Մկրտիչ Աւետիսեանի (իր աշակերտներէն մէկը) ճամբով եւ անոր նախաձեռնութեամբ Վանի մէջ կը հիմնէ Արմենական Կուսակցութիւնը (1885): Անոնք առաւելաբար կը զբաղին զէնքի ամբարումով եւ ժողովուրդի տրամադրութեանց պատրաստութեամբ։ Արմենական կուսակցութեան հիմնական նպատակն էր յեղափոխութեան ճամբով ապահովել հայ ժողովուրդի ինքնիշխանութիւնը։
Պոլսոյ յառաջադէմ ու գործունեայ մտաւորականներէն Մկրտիչ Փորթուգալեան Արարատեան Ընկերութեան Կողմէ 1876-ին Վասպուրական կ'ուղարկուի՝ կրթական օճախներ հիմնելու համար։ Այդ թուականէն սկսեալ, ան Վանի մէջ կրթական եւ քաղաքական աշխատանք կը տանի։
Փորթուգալեան կը հիմնէ Վարժապետարանը, երիտասարդներէ կը կազմէ Յառաջդիմական Միութիւնը։ Կովկասէն կամ Ռուսիայէն Վան անցած երիտասարդ գործիչներու հետ գործակցաբար, կը ստեղծէ Քաղաքական Ակումբը։ Ան առանց «յեղափոխութիւն» բառը գործածելու, յեղափոխական գաղափարներ կը տարածէ եւ յեղափոխական սերունդ կը պատրաստէ։ Վանի մէջ Փորթուգալեանի գործունէութիւնը օսմանեան կառավարութեան կասկածը կը շարժէ։ Հետապնդումներ եւ ձերբակալութիւններ տեղի կ'ունենան։ 1885-ին Փորթուգալեան կ'արտաքսուի Թուրքիայէն եւ Մարսէյ կը հաստատուի, ուր 1 Օգոստոս 1885-ին կը սկսի հրատարակել «Արմենիա» թերթը։
Թերթին նպատակն էր՝
Փորթուգալեան կը զգայ, թէ գործող մանր խմբակցութիւնները չեն կրնար ծաւալուն աշխատանք տանիլ։ Յունիս 1886-ին, լոնտոնաբնակ Կարապետ Յակոբեանի օժանդակութեամբ, ան փորձ մը կ'ընէ Եւրոպայի մէջ ստեղծուած խմբակցութիւնները միաւորելու։ Փորձը չի յաջողիր, մինչ այդ, Փորթուգալեանի հետեւորդները Վանի մէջ «Արմենիա»ի քարոզած գաղափարներուն ազդեցութեան տակ Արմենական կուսակցութեան հիմնադրման կը ձեռնարկեն։
1885-ի աշնան, գաղտնի ժողովի մը ընթացքին կը հիմնուի Արմենական Կուսակցութիւնը, որ իր անունը «Արմենիա» թերթէն առած էր։ Այս կուսակցութեան անդամները իրենք զիրենք արմենականներ կը կոչեն։ Կուսակցութեան հիմնադիրներն էին՝ Փորթուգալեանի հիմնած վարժարանի շրջանաւարտներէն՝ Մկրտիչ Թերլեմէզեան (Աւետիսեան), Գրիգորիս Թերլեմէզեան, Ռուբէն Շատուորեան, Գրիգոր Պոզիկեան (Շիկահեր), բժիշկ Գալուստ Ապանեան եւ ուրիշներ։
Արմենականները կը նպատակադրէին «Յեղափոխութեան ճամբով ապահովել Հայ ժողովուրդին ինքնիշխանութիւնը»։ Այդ նպատակին հասնելու համար, անոնք կ'առաջարկէին՝
Արմենականներու այս ծրագիրէն, մանաւանդ առաջադրանքներէն ի յայտ կու գայ, որ կուսակցութիւնը աւելի ինքնապաշտպանութեան եւ յեղափոխութեան նախապատրաստութեան կը ծառայէր։
Բացի Պարսկաստանի (Ատրպատականի) քանի մը մասնաճիւղերէն (Թաւրիզ, Սալմաստ) եւ որոշ կարեւոր կեդրոններու մէջ շահած համակիրներու շրջանակներէն, արմենական զործունէութիւնը առաւելաբար սահմանափակուած էր Վասպուրականի մէջ։ Վանը կուսակցութեան աշխոյժ կեդրոնն էր։ Արմենականները Վանի մէջ գործօն կուսակցութիւն մը կը դառնան։ Անոնք կը հաւատային, որ Վանի մէջ կեդրոնանալով ու հոն լաւ կազմակերպուելով, պիտի կարենային մօտիկ ապագային ժողովուրդը կառավարութեան դէմ ապստամբութեան մղել։ Անոնք համոզուած էին, որ Սասունը, Մուշը եւ այլ կեդրոններ եւս պիտի հետեւէին նոյն օրինակին։ Այս կեդրոնացումը, սակայն պատճառ կը դառնայ, որ կուսակցութիւնը դիւրին թիրախ դառնայ կառավարութեան համար եւ չէզոքանայ։
Մայիս 1889-ին երեք արմենականներ, ամբողջովին զինուած, Սալմաստի Հաֆթուան գիւղէն ճամբայ կ'ելլեն դէպի Վան։ 9 օր քալելով ճամբայ կտրելէ ետք, կ'անցնին Թուրքիոյ Սահմանը։ Թուրք ոստիկանները կը կեցնեն զանոնք եւ կը հրամայեն, որ զինաթափ ըլլան։ Կարճատեւ բախումէ մը ետք, արմենականներէն մէկը կը սպաննուի, միւսը կը վիրաւորուի ու չարչարանքով կը մեռնի։ Երրորդը կը յաջողի փախչիլ։ Ոստիկանները զոհուածներուն քով թուղթեր եւ նամակներ կը գտնեն, որոնցմէ մէկը Մկրտիչ Փորթուգալեանէն էր։ Դէպքը մեծ աղմուկ կը բարձրացնէ։ Կառավարութիւնը կը կարծէ, թէ անոնք անդամներ էին յեղափոխական հսկայ կազմակերպութեան մը։ Լուրը արձագանգ կը գտնէ հայկական եւ թրքական թերթերուն մէջ։ Զոհուածներն էին Գոլոշեան եւ Ագրիպասեան։
Տարիներու ընթացքին արմենականները կը սկսին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն միանալ։ Աւելի պահպանողական տարրը 1908-էն ետք աստիճանաբար կը ձուլուի Պոլսոյ մէջ կազմուած Սահմանադիր Ռամկավար պահպանողական կուսակցութեան։ Արմենական Կուսակցութիւնը միայն 10-15 տարի կեանք կ'ունենայ։