Շուէտի արտաքին գործերու նախարարութիւն (շուէտ.՝ Utrikesdepartementet), Շուէտի Թագաւորութեան կեդրոնական պետական գործակալութիւն, որ պատասխանատու է Շուէտի արտաքին քաղաքականութեան, այլ պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու համար:
Շուէտի արտաքին գործերու նախարարութիւնը հիմնուած է 1791-ին[1], երբ Կոստավ Գ. թագաւորը ստեղծեց Միջազգային թղթակցութեան թագաւորական խորհրդասենեակը (Konungens kabinett för den utrikes brevväxlingen): 1840-ին կազմակերպութիւնը պաշտօնապէս ստացած է ներկայիս անուանումը՝ Արտաքին գործերու նախարարութիւն (շուէտ.՝ Utrikesdepartementet): Այսօր այն Կառավարութեան գրասենեակի տասը նախարարութիւններէն ամենամեծն է: