Գաբրիէլ Արու ֆրանսերէն՝ Gabriel Arout | |
---|---|
![]() | |
Ծնած է | 28 Յունուար 1909[1][2] կամ 28 Սեպտեմբեր 1909[3][4] |
Ծննդավայր | Նոր Նախիջեւան, Ռուսիա[2][3][4] |
Մահացած է | 12 Փետրուար 1982[1][2] |
Մահուան վայր | Փարիզ[2][4] |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ազգութիւն | Հայ[3] |
Մայրենի լեզու | Ֆրանսերէն |
Մասնագիտութիւն | թատերագիր, թարգմանիչ, հեղինակ, dialogue writer, բեմադրիչ |
Գաբրիէլ Արու (բուն անունով Գաբրիէլ Արուտչեան, 28 Յունուար 1909[1][2] կամ 28 Սեպտեմբեր 1909[3][4], Նոր Նախիջեւան, Ռուսիա[2][3][4] - 12 Փետրուար 1982[1][2], Փարիզ[2][4]), ֆրանսահայ թատերագիր եւ թարգմանիչ։ Ֆրանսայի մէջ ծանօթ էր իբրեւ «Gabriel Arout»։
Ծնած է Նոր Նախիջեւան: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի ռուսական վարժարանէն ներս։
1919 թուականին ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Երեւան, ուրկէ անցած եւ վերջնականապէս հաստատուած են Փարիզ, ուր ստացած է իր համալսարանական բարձրագոյն ուսումը, աշակերտելով Սորպոնի համալսարանի բանասիրական կաճառին:
Աշակերտութեան տարիներէն ան յատուկ սէր ունեցած է գրականութեան եւ թատրոնի նկատմամբ:
Գաբրիէլ Արու իր առաջին թատերական գործը՝ «Օրպեսոս կամ հրաշք սարսափը» գրած է 1935 թուականին։
Անոր երկրորդ ստեղծագործութիւնը եղած է «Փոլին կամ ծովային փրփուրը» աշխատութիւնը՝ գրուած 1948 թուականին, որուն յաջորդած են այլ ստեղծագործութիւններ:
Անոր թատրերգութիւնները այնքան սիրուած են, որ աւելի քան չորս տարի ներկայացուած են ֆրանսական զանազան բեմերէ:
Ստեղծագործելու կողքին Գաբրիէլ Արու յայտնի գրողներու վէպերէն շատեր վերածած է թատրերգութեան. ինչպէս՝ Տոստոեւսկիի «Ոճիր եւ պատիժ» աշխատութիւնը, որ բազմիցս ներկայացուած է Փարիզի եւ Լոնտոնի մէջ:
Թատրերգութեան կողքին Գաբրիէլ գրած է նաեւ ժապաւէնի համար նախատեսուած խաղեր, որոնցմէ են՝