Բնակավայր | |
---|---|
Դիբիլոն | |
Δίπυλον | |
Դիբիլոն դարպասի աւերակներ | |
Երկիր | Յունաստան |
Անուանուած է | հնաբանական վայր |
Դիբիլոն (յուն․՝ Δίπυλον) Աթէնքի պարիսպին արեւմտեան կողմի մեծ դարպաս։ Դիբիլոն մինչեւ Դ․ դարու վերջաւորութեան, ծանօթ էր իբր Թրիասիէ կամ Քերամիքու Բիլէ (Քերամիքոսի դարպաս)։ Աթէնքի դասական, հելենիստական եւ հռոմէական ժամանակաշրջաններուն, Դիբիլոն Աթէնք քաղաքին գլխաւոր մուտքն էր։ Կառուցուած է Ք․Ա․478-ին եւ Աթէնքի պաշտպանութեան համար Թեմիսթոքլիսին կառուցած ամրութիւններուն մաս կազմած է։ Վերակառուցուած է Ք․Ա․300-ին եւ կանգուն մնացած է մինչեւ Գ․ դար։ Դիբիլոնին առջեւ կը վերջանային Բիրէայէն, Էլեֆսինայէն, Ակադիմիայէն, Պելոպոնեսէն, Սթերէա Էլադայէն եւ Թեսալիայէն Աթէնք եկող ճամբաները։
Դիբիլոն, Բոպիոնին, Թեմիսթոքլիօ պատին եւ Իրիդանոս գետին հետ մաս կը կազմեն Քերամիքոս հնաբանական վայրին։
Դիբիլոնէն կը սկսէր Փանաթինէա տօնին թափօրը, ինչպէս նաեւ թափօրը դէպի Էլեֆսինա «Մեղալոն Միսթիրիոն» ծիսակարգերու ատեն։ Կը գտնուէր Եէրա Բիլիէն 60 մ․ հեռու, սակայն Բաւսանիաս, որեւէ նշում չըներ Եէրա Բիլիին մասին երբ Դիբիլոնէն կը սկսի իր շրջապտոյտները․ հաւանաբար որովհետեւ, Դիբիլոն դասական շրջանի միակ ամրոցն է որ մինչեւ այդ տարիներուն լաւ պահպանուած վիճակի մէջ էր։
Դիբիլոն հին աշխարհի ամենէն լայն ու մեծ դարպասը եղած է, 1․800 քառ․ մ․ տարածութեամբ։ Անոր զարմանալի մեծութիւնը կը փաստէ դարպասին ծիսական կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կոթողական դերը իբր մեկնակէտ Փանաթինէա տօնին թափօրին։