Դպրեվանք, վանք Շիրակ գաւառին մէջ։ Ան կը հանդիսանայ Կումայրիի մէջ կառուցուած առաջին եկեղեցին, որ ըստ որոշ աղբիւրներու՝ կառուցուած է VII դարուն։ Եղած է մշակոյթի կեդրոն։[1]
Վանքը գտնուած է բլուրի վրայ, ներկայիս՝ «Ալեքսանդրապոլ» ամրոցի տարածքին մէջ։[2]
Դպրեվանքին մէջ կրթութիւն ստացած է՝Անանիա Շիրակացին։[1]
Կը յիշատակուի VII դարուն, կապուած՝ Բարսեղ Ճոնի անուան հետ, որ այդ ժամանակ եղած է Դպրեվանքի վանահայրը։ Կ'ենթադրուի, որ Դպրեվանքը կը համապատասխանէ Շիրակ գաւառի Կարմիր վանքին, որուն եկեղեցին խաչաձեւ գմբէթաւոր, չորս աւանդատուներով կառուցուածք է։ Դպրեվանքի պատմութեան նշանաւոր փուլերէն եղած է X դարը, երբ Բիւզանդիոյ մէջ հալածուած հայ վանականները՝ այստեղ ստեղծեցին խոշոր միաբանութիւն։[3]
Եկեղեցին հիմնովին վերակառուցուած է 935 թ.-ին՝ Աբաս Բագրատունի թագաւորի ջանքերով, Բիւզանդիայէն հալածուած հայ հոգեւորականներու մասնակցութեամբ։[1]
Եկեղեցին կանգուն մնացած է մինչեւ՝ 1837 թ.-ը, երբ սկսաւ կառուցուիլ «Ալեքսանդրապոլ» ամրոցը։ Դպրեվանքը ինկաւ՝ Ալեքսանդրապոլ ամրոցի տարածքին մէջ։ Զինուորական իշխանութեան հրամանով անիկա վերջնականապէս քանդեցին 1852 թ.-ին եւ անոր փոխարէն կառուցեցին զինապահեստ։[2]
Դպրեվանքին մէջ պահուած է Աստուածածինի նշանաւոր խաչը, որով բուժուած է Վրաց թագաւոր Դեմետրէ I-ի (1125–56) կինը, այնուհետեւ Ս. Խաչը տեղափոխած են Վրաստանի Վարձիա վանքը։[4]
Աղբիւրներու համաձայն, եկեղեցին կառուցուած է սեւ քարերէն եւ նման եղած է Կարսի Առաքելոց եկեղեցւոյ։ Ոմանց կարծիքով, եկեղեցին կը համապատասխանէ Շիրակ գաւառի Կարմիր վանքին, որ խաչաձեւ, գմբէթաւոր, չորս աւանդատուներով կառուցուածք է։[2]