Դրախտի Դարպասը, Արցախեան պատերազմին նուիրուած ժապաւէն, Ջիւան Աւետիսեանի արցախեան նիւթերով երրորդ ժապաւէնը[1][2][3]։
Լիամեթրաժ ժապաւէնին նիւթը կեդրոնացած է Արցախեան Ապրիլեան պատերազմին վրայ[4]: Գործողութիւնները կը ծաւալին 2016 թուականին: ժապաւէնը մի քանի երկիրներու միացեալ արտադրութիւն է՝ Հայաստան, Լիթուանիա, Շուէտ, Լիբանան, Ամերիկա[5]։
ժապաւէնը գերմանացի լրագրող Ռոպերթ Սթերնուալին (50 տարեկան) մասին է: 2016-ին ան կը վերադառնայ Արցախ՝ լուսաբանելու քսաներկու տարուան ընդմիջումէն ետք վերսկսուած պատերազմը։ Լրագրական հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք կը ծանօթանայ երիտասարդ՝ օփերայի երգչուհի, Սոֆիա Մարթիին (35 տարեկան) հետ։ Ռոպերթին եւ Սոֆիային յաճախակի հանդիպումները փոխադարձ սիրոյ զգացմուն կ՛արթնացնեն իրենց մէջ, սակայն կը պարզուի, որ Սոֆիան անյայտ կորսուած Ֆոթօ-ժուռնալիստ (լուսանկարիչ-լրագրող) Էտկար Մարտիրոսեանին աղջիկն է, որ 1992-ին՝ Թալիշի անկման օրը, Ռոպերթ զինք ձգած է գիւղ՝ գերեվարութեան մէջ, ապա իւրացուցած է կռուի դաշտին մէջ անոր նակարած լուսանկարները։
Ժապաւէնը նկարահանուած է եւրոպական տարբեր քաղաքներու եւ Արցախի մէջ[4][6]։ Այն ութ երկիրներու համատեղ արտադրութիւն է՝ Հայաստան, Լիթուանիա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Պուլկարիա, Չեխիա, Իտալիա, Ամերիկա։
Ժապաւէնին հայաստանեան անդրանիկ ցուցադրութիւնը կայացած է 17 Հոկտեմբեր 2019-ին՝ Երեւանի «Կինոպարկ» սրահին մէջ, իսկ Արցախինը՝ Հոկտեմբեր 19-ին՝ Ստեփանակերտ։
ժապաւէնին դերասանները օտար եւ հայաստանցի յայտնի դերասաններ են․
Եւ այլ սիրուած դերասաններ Հայաստանէն եւ արտասահմանէն։
«Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը ընդգրուած է Միացեալ Նահանգներու «Las Cruces» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին, Ինտոնեզիոյ «Europe on Screen» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին եւ Իտալիոյ «Salento» միջազգային շարժապատկերի փառատօնին պաշտօնական ծրագիրներուն մէջ:
ժապաւէնը նաեւ ընդգրկուած էր Մոսկուայի միջազգային շարժապատկերի փառատօնին պաշտօնական, ոչ մրցութային ծրագիրին մէջ, սակայն արցախեան պատերազմի վերսկսման օրը, ժամեր անց, ազրպէյճանական ճնշումներու պատճառով անիկա դուրս հանուած է ծրագիրէն:
«Դրախտի դարպասը» ժապաւէնի վաճառքի պատասխանատու ֆրանսական «MPM Premium» ընկերութեան միջոցով «Դրախտի դարպասը» ժապաւէնը Քաննի վիրթուալ շարժապատկերի շուկային վրայ (Յունիս 2020) առաջին անգամ ներկայացուած է գնորդներուն եւ փառատօնի կազմակերպիչներուն` ունենալով երկու ցուցադրութիւն: