Զահրատ | |
---|---|
Ծննդեան անուն | թրք.՝ Zareh Yaldızcıyan |
Ծնած է | 10 Մայիս 1924 |
Ծննդավայր | Կոստանդնուպոլիս[1] |
Մահացած է | 20 Փետրուար 2007 (82 տարեկանին) կամ 21 Փետրուար 2007[2] (82 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Պոլիս, Թուրքիա |
Քաղաքացիութիւն | Թուրքիա |
Ուսումնավայր | Բանկալթի մասնաւոր հայկական դպրոց |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, բժիշկ-գրող, գրագէտ |
Ամուսին | Անայիս Եալտըզճեան |
Զահրատ (Զարեհ Եալտըզճեան, 10 Մայիս, 1924, Պոլիս - 20 Փետրուար, 2007, Պոլիս), սփիւռքահայ բանաստեղծ։
Բուն անունով Զարեհ Եալտըզճեան, ծնած է 10 Մայիս, 1924-ին, Կ. Պոլիս, Նշանթաշ թաղամասը։ 1942-ին աւարտած է Փանկալթըյի Վիեննական Մխիթարեան վարժարանը:
1940-ականներուն սկսած է գրել բանաստեղծութիւններ։ Իր տպագրեալ առաջին բանաստեղծութիւնը եղած է «Աստղ մը»ն, որ լոյս տեսած է «Ժամանակ» օրաթերթին 5 Սեպտեմբեր, 1943-ի թիւին մէջ։ Աշխատակցած է զանազան թերթերու եւ պարբերականներու։ Այնուհետեւ մէկ տարի ուսանած է դեղագործական վարժարանի մը մէջ։ Երեք տարի յաճախած է բժշկական համալսարան, սակայն կիսատ ձգելով, իբրեւ սպայ մտած է զինուորական ծառայութեան[3]: Ուսման տարիներուն, ան միաժամանակ աշխատած է տարբեր բնոյթի գործեր: Զահրատ եղած է Մխիթարեան սանուց միութեան հիմնադիր անդամը (1946), ինչպէս նաեւ խմբագիր միութեան «Սան» հանդէսին։ 1956-ին խումբ մը ընկերներով վարած է «Մարմարա» օրաթերթին կիսամսեայ գրական էջերը։
Ունի բանաստեղծական ութ ժողովածուներ, որոնք 2006-ին «Արաս» հրատարակչատան կողմէ ամփոփուած են երկու հատորներու մէջ։ Իսկ իններորդ հատորը՝ «Դդումի համ»ը հրատարակուած է յետմահու։ Իր գործերէն պատրաստուած են ընտրանիներ՝ հայերէն եւ օտար լեզուներով։ Իր քերթուածները թարգմանուած են 22 լեզուներու, արժանացած է զանազան շքանշաններու, պատուագիրերու եւ մրցանակներու։
Մահացած է 20 Փետրուար 2007-ին։ Մարմինը ամփոփուած է Շիշլիի ազգային գերեզմանատան մէջ։
Զահրատ հազուադէպօրէն գործածած է հետեւեալ ծածկանունները՝ Զարեկ, Իշխանաձուկ, Միքայէլ Թորոսեան, «Յ», «Զ» եւ Լուսարձակ։
Զահրատը, առանց բաղդատականի, ուրիշ գիծ է: Ան ունի մտածելու իր ինքնուրոյն եղանակը, գրելու ոճը, որ իր ընթերցողը յաճախ անակնկալի կը բերէ: Այսպէս է իրաւ գրականութիւնը[4]: - Մարգար Շարապխանեան
|
Այս բանաստեղծը սրամիտ էր, յաճախ ընդվզող, նորարար, կը շարունակէր բերել լաւագոյն աւանդոյթները գրականութեան մէջ: Այս բանաստեղծը մնաց իր երկրին սիրահարը: Պէտք է հպարտանանք, որ ժողովուրդը ծնած է Զահրատ եւ պիտի ծնի Զահրատներ[5]: - Սերժ Սրապոնեան
|
«Ուսուցիչ ըլլալ Եւ սորվիլ ուզող ուղեղներէն ներս |