Թէոդիկ | |
---|---|
![]() | |
Ծննդեան անուն | Թէոդորոս Լապճինեան[1] |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Թէոդիկ[1] |
Ծնած է | 5 Մարտ 1873[1][2] |
Ծննդավայր | Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 24 Մայիս 1928[1][2] (55 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Փարիզի 10-րդ շրջան, Փարիզ[3] |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ազգութիւն | Հայ[4][1][2] |
Ուսումնավայր |
Սկիւտարի Ճեմարան[1] Պէրպէրեան Վարժարան[1] Ռոպերթ Գոլէճ[1] |
Երկեր/Գլխաւոր գործ | Յուշարձան ապրիլ տասնըմէկի |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, բանասէր, յուշագրող |
Աշխատավայր | Յառաջ |
Ամուսին | Արշակուհի Թէոդիկ[2] |
Ստորագրութիւն![]() |
Թէոդիկ (Թէոդորոս Լապճինեան, 5 Մարտ 1873[1][2], Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 24 Մայիս 1928[1][2], Փարիզի 10-րդ շրջան, Փարիզ[3]), հայ բանասէր։
Ծնած է Պոլիս։ Յաճախած էր Սկիւտարի Ճեմարանը, ապա՝ «Պէրպէրեան» վարժարանը եւ աւարտած է Պոլսոյ ամերիկեան Ռոպերթ գոլէճը[5]։
Գրական ասպարէզ մտած է 1900-ականներու սկզբները՝ «Մանզումէի Էֆքեար» թերթին մէջ տպագրելով փոքրիկ պատմուածքներ «Կեանքի հատորէն փրցուած» վերնագրով, որոնք յետագային, 1910 թուականին լոյս ընծայած է «Կաղանդ» ժողովածուի մէջ։ Այդ տարիներուն գրած է բարբառագիտական ուշագրաւ աշխատութիւն մը՝ «Պոլսոյ հայեվարը» խորագիրով, որ արժանացած է Իզմիրեան մրցանակի։ 1912 թուականին հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակի եւ հայ տպագրութեան 400-ամեակի յոբելեանի օրերուն, Կ. Պոլսոյ մէջ հրատարակած է «Տիպ ու տառ»[6] շքեղ հատորը, ուր ժամանակագրական կարգով կը խօսի աշխարհի բոլոր երկրներուն մէջ հիմնադրուած հայկական տպարաններու մասին, տուած՝ անոնց հիմնադիրներու կենսագրութիւնները, լուսանկարները, տպագրուած գիրքերու ցուցակը։ 2012 թ. «Տիպ եւ տառ»-ը հրատարակուեցաւ նաեւ թուրքերէն թարգմանութեամբ[7][8]։
Աւելի մեծ ժողովրդականութիւն ձեռք բերած է «Ամէնուն Տարեցոյց»ը յայտնի տարեգիրք ժողովածուներով, որ առաջին անգամ լոյս ընծայած է 1907-ին, համիտեան բռնապետութեան խստագոյն տարիներուն։ Յաջորդ տարուընէ Թուրքիոյ մէջ հռչակուած Օսմանեան սահմանադրութիւնը հնարաւորութիւն տուած է առաւել բազմակողմանի դարձնել տարեցոյցները, ապահովելով ժամանակի գրեթէ բոլոր ականաւոր գրողներու եւ հայ գործիչներու աշխատակցութիւնը։ Բազմաթիւ նկարներով, գրական, բանասիրական, վիճակագրական եւ այլ կարգի նիւթերով, խնամքով լոյս տեսած այդ հատորները, յատկապէս՝ 1909, 1910, 1911, 1912, 1913, 1914 եւ 1915 թուականներու տարեգիրքերը, կը նկատուին հայ կեանքը եւ մշակոյթը ներկայացնող փոքրիկ հանրագիտարաններ։
Մեծ Եղեռնի տարիներուն աքսորուած է Թուրքիոյ խորքերը, ընդհատած սիրած գործը։ Մեծ Եղեռնէն ետք վերադարձած է Պոլիս, 1919-ին հրատարակած է 1916-1920 թթ. միացեալ տարեգիրքը, ապա՝ 1921, 1922, 1923 տարիները։
Քեմալական շարժման յաղթանակէն յետոյ մեկնած է Փարիզ, ուր ապրած է մինչեւ կեանքին վերջը, հրատարակելով 1924, 1925, 1926, 1927, 1928, 1929 թուականներու տարեգիրքերը, որոնցմէ 1926-ը տպագրած է Վենետիկի մէջ։ Վերջին հատորի տպագրման ընթացքին մեռած է կաթուածէ[9]։
Իր գրիչին պատկանող՝ գրական-բանասիրական, ծաւալուն երկեր տպագրուած են վերոյիշեալ տարեցոյցի տարբեր գիրքերուն մէջ։ 1919-ին Պոլսոյ մէջ լոյս ընծայած է «Յուշարձան Ապրիլ Տասնըմէկի» ժողովածուն, ուր կենսագրական տեղեկութիւններով եւ լուսանկարներով ներկայացուած են Ապրիլ 24-ի ձերբակալութիւններուն զոհ՝ մօտ հազար հայ մտաւորական[10]։
«Ամէնուն տարեցոյցը» խորագրով հայկական կեանքի եւ մշակոյթի բացառիկ հանրագիտարանները հայ մշակոյթի գանձերէն են, բացառիկ երեւոյթ՝ հայ մամուլի պատմութեան մէջ։ Այս տարեցոյցերը, զորս Թէոդիկ 1907-էն Պոլսոյ մէջ սկսած է տպել, բացի պատմաբանասիրական արժէք ունենալէ, նաեւ լայն ժողովրդականութիւն վայելած են: Հանգամանքներու բերումով տեղի ունեցած են տպագրութեան ընդհատումներ, եղած են միացեալ թիւեր, անոնցմէ մաս մըն ալ տպուած է Պոլիսէն դուրս՝ Փարիզ եւ Վենետիկ: Տասնինն լայնածաւալ հատորներէն վերջինը, 1929-ի տարեգիրքը 90 տարեկան կ'ըլլայ: Անիկա կը տպուի Թէոդիկի մահէն տարի մը ետք եւ անոր կը նուիրուի: «Ամէնուն տարեցոյց»ի բոլոր թիւերուն մէջ տպագրուած նիւթերուն հիմնական մասը արդիական են: Տարեցոյցերը, սովորաբար, տարին կ՚ամփոփէին եւ գրական, գեղարուեստական, հրապարակախօսական եւ այլ նիւթերու կողքին մեծ տեղ կը տրուէր տոմարին, օրացոյցերուն, աստղագիտական նիւթերուն, ինչպէս նաեւ Կաղանդին եւ այլ տօներու:
Կաղանդ (ռմկ. Կաղընտ), հոմանիշը՝ Կաղանդիկոն, Նորամուտ տարի, Տարեգլուխ, Տարեմուտ եւ Ամանոր: Վերջինին կազմութիւնն է ամ (տարի) եւ նոր (պարսկ.՝ նէվ), Ամանորաբերն ալ յարաբարդ բառ մըն է՝ ամանորով եւ բերքով (պարսկ.՝ պար կամ պէր՝ պտուղ, խայրիք) ու կը նշանակէ «նոր տարիի բերք», ոչ թէ «նոր տարի բերող»:
Կաղանդ բառը, օտար բառ է, զոր հայերէնը որդեգրած է՝ ոչ շատ հին ժամանակներու մէջ։ Խոյեցիք եւ իգդիրցիք ունին «Խլվլիկ» բառը, որ կը նշանակէ «Կաղանդի իրիկուն»: Պոլսահայ ռամիկն ալ «Օխտը ռախիիօր» կ՚անուանէ Կաղանդը, «շնորհաւոր»ի պտտողներու հրամցուելիք օղիի գաւաթիկներուն թիւը շատցնելով, որպէսզի բարեմաղթութիւններ շատ յորդին տան մէջ:«Ամանլուայ» կը կոչուի 30 Դեկտեմբերը, զի այդ օրը սահմանուած է լուալ-յորդելու խոհանոցի աղտոտ սպասներ՝ վաղորդայնի կերակուրներու պատրաստութեան յատկացուելու համար: Իսկ ԵՓՈՒՆԻ օրը կամ ԵՓՈՑԸ՝ 31 Դեկտեմբերն է. եփուելով Կաղանդի պայմանադրական անուշապուրը, դոնդողը, քրքմապուրն ու պահքի կերակուրները, որոնցմով ու չոր պտուղներով զարդարուած սեղանն է Խոնջա (խնջոյք, պարսկ.՝ խանին նուազականը՝ խանջէ). հայերէն գրոց լեզուն որդեգրած է արդէն «խան»ը՝ մեծ ափսէ, եւ ինչ ինչ գաւառներու մէջ «խանիկ» բառով կ՚իմացուի ծխամորճի մոխրաման: Այդ խոնջային պերճանքն է շուշմայոտ բոկեղը (սիմիթ) որուն գաւառականն է «կաթայ», օղակի, թռչնիկի եւ սկուտեղի ձեւերով շինուած: Թռչնաձեւութենէն՝ կարելիէ նշմարել աղերս մը արեւելեան քրիստոնէից հնամի մէկ պաշտամունքին հետ. Իսկ Պոլսոյ փռապաններու «Գուշլա՛ր գումրուլար, եէնի պուղտայ քէպապը» բացագանչութիւնը ներբողն է երկրպագելի ցորեանին, տարւոյն նո՛ր հունձքին՝ Ամանորի սեմէն տարփողուած: Մեծ մայրերը վարժ էին պատէն կախ տալու սկուտեղի ձեւով բոկեղը՝ մինչեւ Տէրընտաս, նոյն օրը միայն կոտրել-ուտելով, որպէսզի զերծ մնան… ակռայի ցաւէ: