Թլկատինցի | |
---|---|
![]() | |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Յովհաննես Յարութիունեան |
Նաեւ յայտնի է իբրեւ | Թլկատինցի |
Ծնած է | 1860[1] |
Ծննդավայր | Խույուլու, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Մահացած է | 1915[1] |
Մահուան վայր | Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն |
![]() |
Ազգութիւն | Հայ[2] |
Ուսումնավայր | Սմբատյան վարժարան? |
Մասնագիտութիւն | հասարակական գործիչ, գրագէտ, ուսուցիչ |
Աշխատավայր | Խարբերդի ազգային Կեդրոնական վարժարան? |
Թլկատինցի (Յովհաննէս Յարութիւնեան, 1860[1], Խույուլու, Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 1915[1], Մեզիրէ, Օսմանեան Կայսրութիւն), Մեծ եղեռնի զոհ, գրող, մանկավարժ, հասարակական գործիչ։
Ծնած է 1860-ին Խարբերդի Խոյլու գիւղը, հին անունով՝ Թիլ-Կաթի, որ ժողովուրդի լեզուին մէջ դարձած է Թլկատին (Արեւմտեան Հայաստան)։ Կանուխէն անհայր մնացած եւ մեծցած է մօր խնամքով: իր կրթութիւնը ստացած է Ազգ. Սմբատեան վարժարանին մէջ։ Աւարտելուն՝ դեռ պատանի, ատեն մը շրջակայ գաւառներու դպրոցներուն մէջ կը վարէ ուսուցչական պաշտօն։ Ապա Խարբերդ դարձած կը հիմնէ իր դպրոցը՝ Կեդրոնական վարժարանը։ Հայ լեզուի եւ գրականութեան իր պաշտամունքը կը յաջողի փոխանցել աշակերտներու ամբողջ սերունդի մը՝ Ռուբէն Զարդարեանէն մինչեւ Բենիամին Նուրիկեան։ Կը ներշնչէ գաւառի գրականութեան սէրը եւ կը պատրաստէ գրական հակումներով սերունդ: Միւս կողմէն, կ՛արտադրէ իր կարգին, Պոլսոյ թերթերուն ղրկելով առաւելաբար քրոնիկներ, երբեմն պատմուածքներ, յաճախ գրական դարձուածքով թղթակցութիւներ։ Ուսուցչութիւն եւ գրական արտադրութիւն լրիւ լեցուցած են Թլկատինցիի ինքնամփոփ ու մենաւոր կեանքը։ Նահատակուած է 1915-ի ամրան, Խարբերդի մօտ, Ծովք լիճի ափերուն։
Ողնածուծով գաւառացի այս մարդուն գրականութիւնը «Ծոփաց աշխարհ»ի հարազատ արտադրութիւնն է։ Մամուլի մէջ ցրուած իր պատմուածքներն ու քրոնիկները (առաւել՝ քանի մը կտոր բանաստեղծութիւններ) հրատարակուած են մահէն տարիներ ետք (Պոսթըն, 1927), Ա. Չօպանեանի նախաձեռնութեամբ։
Թլկատինցի գիւղէն զատ ուրիշ աշխարհ չէ ունեցած: Օտար լեզու սորվելու առիթն ալ չէ հետապնդած, որով՝ արտաքին աշխարհի մտածողութեան եւ արուեստի պատուհանները գոց եղած են իր առջեւ: Թլկատինցի, իբրեւ գաւարի ամենէն հարազատ զաւակներէն մէկը, մօտէն ճանչցած է իր նկարագրած տիպարները - մամիկներ, տէրտէրներ, մշակներ, հարսեր եւ աղջիկներ:
Կը ներկայացնեն բազմազան երեւոյթներ, դէպքեր եւ դէմքեր հայկական գաւառէն: Ոմանք ազգագրական եւ տեղագրական բնոյթ ունին, ուրիշներ գրական-գեղարուեստական նկարագիր:
«Մութ Անկիւններէ» կամ «Կնամա՞րտ Թէ Ցլամարտ» , որուն մէջ նկարագրուած է գիւղացի բացասական տիպար մը, ծոյլ եւ խորամանկ: «Գաւաթ Մը Միայն» պատմուածքը լուսաւորչական եւ բողոքական հայերու միջեւ գզուըտուքի պատկեր մը կը գծէ, բամբասանքի եւ ծաղրի մոլեգնութեամբ լեցուն: «Ես Պարտքս Կատարեցի» .- կը ներկայացնէ երիտասարդ նորապսակ զոյգ մը, որուն երջանկութիւնը զոհ կ'երթայ գիւղին մէջ նախանձոտ կիներու բամբասանքին եւ զրպարտութիւններուն:
Ունի հազիւ 5-6 բանաստեղծութիւններ, աշուղական ոճով ու ոգիով գրուածթ Օրինակ՝ Եկայ ու կ'երթամ պէմուրատ, խարապ Հոգիս տաղտաղուն, սրտիկս է պարապ - Պարապ զէտ եղէք՝ ծուծէս դատարկուած - Պարապ զէտ էգի՝ թուփերը չորցած: