Ժան-Փիէր Տիւփրէ

Ժան-Փիէր Տիւփրէ
ֆրանսերէն՝ Jean-Pierre Duprey
Ծնած է 1 Յունուար 1930(1930-01-01)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Ռուան
Մահացած է 2 Հոկտեմբեր 1959(1959-10-02)[1][2][4] (29 տարեկանին)
Մահուան վայր Փարիզ, Ֆրանսա
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Մայրենի լեզու Ֆրանսերէն
Մասնագիտութիւն բանաստեղծ, քանդակագործ, գեղանկարիչ, տեսողական արուեստագէտ

Ժան-Փիէր Տիւփրէ (ֆրանսերէն՝ Jean-Pierre Duprey,1 Յունուար 1930(1930-01-01)[1][2][3][…], Ռուան - 2 Հոկտեմբեր 1959(1959-10-02)[1][2][4], Փարիզ, Ֆրանսա), ֆրանսացի բանաստեղծ եւ քանդակագործ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ռուան։ Դպրոցի նստարաններուն վրայ կարդացած է Արթիւր Ռեմպօ, հետաքրքրուած է գրական շարժումներով եւ գրած է բանաստեղծութիւններ:

Իբրեւ բանաստեղծ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1942-ին հաստատուած է Փարիզ եւ գործակցած՝ գերիրապաշտ շարժումին։

Իրարու ետեւէ հրատարակած է․

  • «Ստուերին ետեւը»,
  • «Ուրուականներ»,
  • «Աղեղնաւոր ստուերը»,
  • «Սրբապիզծ անտառը»,
  • «Ճերմակ հագած ժամա նակը»:

Իբրեւ քանդակագործ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1951-ին՝ լքած է բանաստեղծութիւնը եւ սկսած է փորագրութիւններ ընել երկաթի վրայ:

1959-ին՝ ըմբոստ կեցուածքին համար ձերբակալւած է, բանտարկուած ու յետոյ արգելափակուած՝ «Սէնթ Անֆ» մտային բուժարանին մէջ: Հոն, 2 Դեկտեմբեր 1959-ի այգաբացին, զայն կախուած գտած են իր խուցին մէջ:

Ան ծնած օրէն անզսպելի մղում մը զգացած է դէպի մահը: Դասարանի նստարաններուն վրայ գրած բանաստեղծութենէն կը քաղենք հետեւեալ յատկանչական երկու տողերը․

Ես անոնցմէ եմ, որոնք չեն տես ներ ծովուն մակերեսը, այլ անոր յատակը, փոսերը, հրէշները եւ ուրուականները: Ես անոնցմէ եմ, որոնց աչքերը մեկնած են հորիզոնէն անդին:

Ուրիշ անգամ մը գրած է հետեւեալ խոստովանութիւնը, որ կը յիշեցնէ Վիլիէ տը Լիլ Ատամի տնկրկնելի հառաչանքը.

Ա՜հ, պիտի չմոռնանք երբեք այս մոլորակը:

Տիւփրէ ըսած է.

Ես ալերժի ու նիմ մեր մոլորակին հանդէպ[5]:

Տիւփրէի համար բանաստեղծութիւնը ազատադրումի արտայայտութիւնն է: Բառերը կը վերածուին մոխիրի եւ միտքը կը թաղուի անոնց մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • «Բագին»,  ԺԴ. տարի, 1975, Յունուար, թիւ 1,  էջ 81։[1]