Լեզուի Փաստագրում նաեւ կը կոչուի Վաւերագրական լեզուաբանութիւն, կամ՝ Լեզուի վաւերագրում(անգլերէն՝ Language Documentation) լեզուաբանութեան ոլորտներէն մէկն է, որուն նպատակն է նկարագրել մարդկային լեզուներու քերականութիւնն ու գործածութիւնը։[1][2][3]
Լեզուի վաւերագրումը աշխարհիս լեզուներու կանոնաւոր կերպաով արձանագրութեան, հաւաքելու, վերլուծելու եւ պահպանելու գործընթացն է, նամանաւանդ այն լեզուները որոնք վտանգուած են։[4]
Լեզուի պահպանութիւն․ լեզուն շիջումէ (անգլերէն՝ extinction) պաշտպանելու համար մնայուն արձանագրութիւններու ստեղծում։[5]
Լեզուի վերակենդանացում․ տուեալ լեզուին պատկանող ընկերութիւններուն տրամադրել իրենց լեզուն վերակենդանացնելու աղբիւրներ ու միջոցներ, զանիկա վերակենդանացնելու եւ պահպաներու համար։
Հետազօտութիւն․ Լեզուաբաններուն, մարդաբաններուն (անգլերէն՝ anthropologist), ընկերաբաններուն (անգլերէն՝ sociologist) եւ այլ մասնագէտներու մատակարարել տուեալներ (անգլերէն՝ data), լեզուն եւ անոր դերը ընկերութիւններուն մէջ ուսումնասիրելու համար։[6]
Մշակոյթային ժառանգութիւն (պարզեցուած ուղղագրութեամբ՝ մշակութային)․ Արձանագրել լեզուաբանական սովորութիւնները իբրեւ այդ լեզուն կրող խումբին անշօշափելի մշակոյթային ժառանգութիւն։[7][6]
↑Gippert Jost, Himmelmann Nikolaus P., Mosel Ulrike, խմբգրնր․ (2006)։ Essentials of language documentation։ Berlin: Mouton de Gruyter։ էջեր x,424։ ISBN978-3-11-018864-6
↑Woodbury Anthony C. (2003)։ «Defining documentary linguistics»։ in Austin Peter K.։ Language documentation and description1։ London: SOAS։ էջեր 35–51։ արտագրուած է՝ 2018-01-18