Խամսայի Մելիքութիւններ (Արաբերէն`«խամսա» կը նշանակէ՝ հինգ), Արցախ-Խաչէնի իշխանատոհմերուն ստեղծած զինական դաշնակցութեան անդամ հինգ հայկական իշխանութիւններուն ընդհանուր անունն է, որոնց տարածաշրջանները մօտաւորապէս կը համընկնին ներկայիս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարածքին (ներառեալ Արցախի եւ Սիւնիքի ազատագրուած տարածքներուն): Արցախի մելիքական տոհմերը անմիջական ժառանգներն ու յետնորդներն էին ուշ-միջնադարու Արցախի աւատական արքաներուն եւ իշխաններուն, որոնց օտար տիրապետողները ԺԵ. դարուն ճանչցուած էին իբրեւ մելիքներ. անոնք մելիքութիւններ էին[1]։ Խամսայի մելիքները յատկապէս հզօր էին ԺԷ. դարու վերջը եւ ԺԸ. դարու սկիզբը, պատմական այդ շրջանին անոնք գլխաւորած են հայ ազգային ազատագրական շարժումը՝ ընդդէմ պարսկական եւ թրքական բռնակալութիւններուն:
Մելիքներու իշխանութիւնը շատ երկար տեւած է. Անդրկովկասի մէջ անոնք իշխած են մինչեւ ռուսերու տիրապետութեան հաստատուիլը:
Խամսայի մելիքութիւնները կը բաղկանային հինգ փոքրիկ գաւառներէ, որոնք իրարու սահմանակից ըլլալով կը կազմէին ամբողջ նահանգ մը, որ այժմ կը կոչուի Ղարաբաղ, իսկ մեր պատմութեան մէջ ծանօթ է Արցախ կամ Փոքր Սիւնիք անունով: Աւելի առաջ, անիկա աղուաններու աշխարհին մէկ մասն էր:
Յիշեալ հինգ գաւառները հետեւեալներն են.-
Ա.- Կիւլիստան (Գիւլիստան) կամ Թալիշ․ կը սկսի Քիւրակչայ գետէն, այսինքն Գանձակի սահմաններէն, եւ կը տարածուի մինչեւ Թարթար գետը: Իշխանանիստը Թալիշն էր, որոնց մելիքութիւնը կը կոչուէր նաեւ Թալիշի մելիքութիւն, կամ Կիւլիստան (Գիւլիստան), (գլխաւոր ամրոցը, որ ներկայիս գրեթէ անխաթար է): Իշխող գերդաստանը Մելիք- Պէգլարեաններն էին:
Բ.- Ջրաբերդ կամ Չարաբերդ․ կը սկսի Թարթառ գետէն եւ կը տարածուի մինչեւ Խաչէն գետը: Իշխողներն էին, Խաչէնի իշխանական տան մէկ ճիւղէն՝ Հասան-Ջալալեաններէն ընձիւղուած Մելիք-Իսրայէլեանները, իսկ աւելի ուշ (ԺԹ. դարուն) մելիք Աթաբեկեանները:
Գ.- Խաչէն․ կը սկսի Խաչէն գետէն եւ կը տարածուի մինչեւ Բալլու-չայ գետը: Իշխանանիստը Թարխանաբերդն էր:
Դ.- Վարանդա, կ'ընդգրկէր Կարկառ գետին հովիտը․ կը սկսի Բալլու-չայ գետէն եւ կը տարածուի մինչեւ Դիզափայտի լեռնային գօտին: Իշխողներն էին Մելիք-Շահնազարեանները, իշխանանիստը՝ Աւետարանոց բերդ-աւանը:
Ե.- Տիզակ կամ Դուզախ․ կը սկսի Դիզափայտի լեռներէն եւ կը տարածուի մինչեւ Երասխ գետը: Խուդափերինի կամուրջին մօտ: Նստավայրն էր Տող աւանը, իշխողները՝ առանշահիկ նախարարական-իշխանական տան ժառանգորդ Եսայի Ապու-մուսայի յետնորդները՝ Մելիք-եկանեանները եւ (Մելիք-Աւանեաններ)ը:
Երկիրին անմատչելի դիրքը կը նպաստէր, որ դժուար ժամանակներու փոթորիկներէն պահպանուի հայոց այս իշխանութիւնը: Վայրենի բնութիւնը, դարաւոր խուլ անտառներով պատուած հսկայ լեռները եւ անդնդախոր ձորերու մթութիւնը ստեղծած էին ժողովուրդ մը, որ զինք շրջապատող ժայռերուն նման ամուր կուրծք եւ իր անտառներուն գազաններուն նման, քարանձաւներուն խորքը, գետնին տակ, կը սնանէր իր անտառներուն պտուղներով, իր անասուններուն բարիքներով եւ գազանի նման թաքստոցին մէջէն յարձակումներ կը գործէր, երբ թշնամին կը յանդգնէր խանգարել իր խաղաղութիւնը:
Ըստ ձեռագիր ու վիմագիր աղբիւրներու, յիշեալ մելիքական տուները Արցախ-խաչէնի իշխանական տան շառաւիղներն էին, որոնք ԺԶ. դարու սկիզբէն հանդէս կու գային մելիք տիտղոսով, եւ որոնց իշխանութիւնը՝ մելիքական իրաւունքները, աւելի կը կանոնաւորուի պարսից շահ Աբբաս Ա.-ի օրով՝ 1603-էն սկսեալ:
Իւրաքանչիւր մելիքութեան մէջ վարչա-քաղաքական միանձնեայ գլխաւորը մելիքն էր, իսկ զինական գործերը կը տնօրինէին հիմնականին մէջ Եուզպաշի-հարիւրապետերը, որոնք սովորաբար կը նշանակուէին մելիքական տան անդամներէն: Խամսայի մելիքութիւններուն զօրաւար-հարիւրապետերը եռանդով գործունէութիւն կը ծաւալեն յատկապէս ԺԸ. դարու սկիզբը, ազատագրական շարժումներուն ընթացքին: Իսրայէլ Օրիի բանակցութիւններով յառաջացած եւ անոր գործակից, Գանձասարի կաթողիկոս Եսայի Հասան-Ջալալեանի անմիջական ղեկաւարութեամբ բորբոքած ռուսական կողմնորոշումը ոգեւորած էր Խամսայի մելիքութիւններուն զինական ուժերը, որոնք 1720-էն արդէն ազատագրական մարտեր կը մղէին պարսկական եւ թրքական բռնագրաւիչներուն դէմ:
Այդ երկիրին մէջ, վանքերուն դիմաց կային իշխանական ամրոցները: Խաչին միացած էր սուրը:
Մելիքներուն իշխանութիւնը Ժառանգական էր. հօր մահէն ետք կը տիրէր անդրանիկ որդին եւ կը կոչուէր մելիք, իսկ միւս եղբայրները կը կոչուէին բէկ: Օրէնքի փոխարէն տիրողին կամքը եւ պահպանուած ժողովրդական սովորութիւններն էին, որոնք կը կառաւարէին երկիրը: Մելիքները ունէին անսահման իրաւունքներ իրենց հպատակներուն վրայ՝ զանոնք դատելու, պատժելու, նոյնիսկ մահուան դատապարտելու:
Մելիքները թէ՛ քաղաքական շահերով եւ թէ խնամիական կապերով միացած էին իրարու եւ այդպիսով խամսայի իշխանութիւնները կը կազմէին դաշնակցային միութիւն մը: Պատսպարուած իրենց անմատչելի լեռներուն եւ մութ անտառներուն մէջ, անոնք ոչ մէկ օտարականի թոյլ կու տային բնակիլ իրենց գաւառներուն մէջ. ամբողջ Ղարաբաղի ազգաբնակութիւնը բաղկացած էր միայն հայերէ:
Խամսայի Մելիքութիւններուն դաշնակցային միասնութիւնը չի դիմանար ժամանակի փորձութիւններուն: Միասնութիւնը կը խաթարուի ներքին երկպառակութիւններէն, որոնք կը սկսին Վարանդայի մելիք Յովսէփին կրտսեր եղբօր՝ Մելիք Շահնազար Բ.-ի, անմարդկային արարքով: Յարձակելով Մելիք Յովսէփին տան վրայ եւ սպաննելով զինք եւ ոչնչացնելով անոր ընտանիքը՝ կը տիրանայ Վարանդային եւ կը սկսի դաշնակիցներ փնտռել՝ իրեն դէմ համախմբուած միւս մելիքներուն պատիժէն խուսափելու համար: Ինքնակոչ Մելիք Շահնազար Բ.-ի այս քայլէն մեծապէս կ'օգտուի վաչկատուն թուրք ճիւանշիր ցեղի ճիւղի մը՝ Սարըճալըներու ցեղապետ Փանահը, որ կ'որոշէ նստակեաց դառնալ եւ հիմնել մեծ իշխանութիւն մը: Անոր նախկին փորձերը՝ ամրանալու Դաշտային Արցախի Պայաթ վայրին մէջ, ապա՝ Արցախի հին Տիգրանակերտի (թառնագիւտ կամ թարանակիւրտ) աւերակներուն մէջ, ձախողութեան կը մատնուին՝ հարեւան իշխանութիւններուն, յատկապէս՝ Կիւլիստանի, Ջրաբերդի եւ Խաչէնի մելիքներու պարբերական յարձակումներուն պատճառով: Վերջիններս, կռահելով Փանահի ծրագիրները, կը ջանային թոյլ չտալ անոր իրենց սահմաններուն մէջ հաստատուելու: Սակայն մելիք Շահնազար կը շտապէ օգտուելու Փանահի ներկայութենէն՝ անոր առաջարկելով իր տարածքին մէջ գտնուող Շոշ կամ Շոշուա-քար (ներկայիս Շուշի քաղաքը) բերդ-ամրոցը: 1740-ական թուականներուն Շոշու բերդ փոխադրուելով՝ Փանահ, Մելիք Շահնազարին գործօն աջակցութեամբ կը հիմնէ առաջին այլակրօն եւ այլացեղ իշխանութիւնը Արցախ-Ղարաբաղի տարածքին մէջ: Ապա ինքզինք Ղարաբաղի խան հռչակելով՝ ձեռնամուխ կ'ըլլայ անոր իրականացման. հպատակեցնելու եւ հարկատու դարձնելու համար, յարձակումներ կը սկսի Խամսայի մելիքութիւններուն վրայ, եւ երբ առաջին փորձերը կը ձախողին, կը դիմէ խարդաւանքի ու դաւերու:
Անոր քաղաքականութիւնը կը շարունակէ որդին՝ Իպրահիմ խանը, որուն չընդմիջուող յարձակումները, կոտորածներն ու աւարառութիւնները կը ջլատեն Խամսայի մելիքութիւններուն ուժերը: Ջրաբերդի եւ Կիւլիստանի (Գիւլիստան) մելիքները իրենց բազմաթիւ հպատակներով կը գաղթեն Գանձակի կողմերն ու Վրաստան` փնտռելով հայրենի տարածքներէն հեռու Ղարաբաղի փրկութեան ճանապարհը, իսկ Դիզակ մելիքին փորձերը` պարսից շահին միջոցով կամ ռուսական արքունիքին օգնութեամբ սանձահարել Շոշիի բռնատէրը, ապարդիւն կ'անցնին: Իպրահիմ խան անհնազանդ մելիք Եկանի տոհմին կէսը բռնութեամբ կը մահմետականացնէ, հիմը դնելով թրքացած Մելիք-ասլանովներու տոհմին:
Այսու ամենայնիւ, Խամսայի մելիքութիւններու տէրերու ջանքերը զուր չեն անցնիր, մանաւանդ ԺԸ. դարու վերջին քառորդին, երբ անոնց ազատասիրական պայքարները կը գլխաւորէր Յովհաննէս Հասան-Ջալալեան կաթողիկոսը: Անոր գործունէութիւնը, միաւորուած Խամսայի մելիքութիւններուն ու հարեւան միւս մելիքներուն, ինչպէս նաեւ Յովսէփ Էմինի, Յովսէփ Արղութեանի ու Լազարեաններու եռանդուն ջանքերուն, լայն հունի մէջ կը դնէ ռուս-հայկական յարաբերութիւնները՝ հաստատուն հիմք ստեղծելով Արեւելեան Հայաստանը պարսկական լուծէն ազատագրելու եւ Ռուսիոյ միացնելու համար:
Խամսայի մելիքութիւններուն իշխանութիւնը վերջնականապէս կը վերցուի ԺԹ. դարու կէսերուն, Արեւելեան Հայաստանը Ռուսիոյ միանալէն (1828) ետք: Ջրաբերդի մելիքութեան վերջին Մելիք-Վանի Աթաբեկեանը, հակառակ Ռուսաստանի մատուցած իր բազմաթիւ ծառայութիւններուն, 1853-ին կը զրկուի իր իշխանութենէն եւ Կուսապատի շրջակայքին մէջ գտնուող տարածքներէն: Նախկին մելիքներուն ժառանգները կը մտնեն ռուսաց ծառայութեան մէջ՝ ճանչցուելով իբրեւ տոհմիկ ազնուականներ:
Ղարաբաղի իրար հակադրուած կաթողիկոսութիւններէն մէկուն կեդրոնն էր Գանձասար վանքը իսկ միւսինը՝ Երիցմանկանց վանքը: Անոնք բաւական մեծ դեր ունեցած են Ղարաբաղի հայկական իշխանութիւններուն կործանման մէջ:
Աղուաններու կաթողիկոսութիւնը, Գրիգորիսի (Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի թոռան) օրերէն սկսեալ, աւանդական կերպով կը շարունակուի մինչեւ 1828: Այդ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչները կ'ապրէին աղուաններու աշխարհի զանազան վանքերուն մէջ, իսկ վերջին շրջանին, անոնք կը հաստատուին Ղարաբաղի Խաչէն գաւառի Գանձասար վանքին մէջ:
Խաչէնը Հասան-Ջալալեան իշխաններուն ժառանգութիւնն էր. կաթողիկոսներն ու մելիքները կ'ընտրուէին նոյն տոհմէն:
1651-ին, Խոտորաշէնցի Սիմոն անունով մէկը (Հասան Ջալալեաններու տոհմէն չէր, այլ քահանայի մը որդին էր) Մռաւ լերան ձորերէն մէկուն մէջ կը հիմնէ վանք մը, Երիցմանկանց անունով եւ կը դառնայ այդ վանքին կաթողիկոսը: Իրմով կը սկսի նոր եւ Գանձասարի կաթողիկոսութեան հակադրուած կաթողիկոսութիւն մը: Այս երկու վանքերը իրարու մօտ կը գտնուէին, սակայն մէկը կը գտնուէր Խաչէն գաւառին մէջ, իսկ միւսը՝ Ջրաբերդ գաւառին:
Երիցմանկանց վանքին կաթողիկոսներուն աթոռակալութիւնը կը տեւէ 1651-էն մինչեւ 1800-ի վերջը: Այդ ժամանակամիջոցին էր որ արթնցած էին Ղարաբաղի մելիքներուն անկախութեան ձգտումները․ անոնք կը բանակցէին ռուսերուն հետ, կը պատերազմէին պարսիկներուն եւ օսմանցիներուն դէմ: Իսկ կաթողիկոսները զբաղած էին իրենց ներքին հարցերով: Վերջիններս ունէին իրենց համակիրները եւ այդ պատճառով ալ ներքին պառակտումը իր անդրադարձը կունենայ թէ՛ ժողովուրդին եւ թէ մելիքներուն վրայ:
Սակայն անոնց մէջ եւս կային օրինաւոր մարդիկ, ինչպէս՝ Եսայի եւ Ներսէս կաթողիկոսները, որոնք մելիքներուն միացած, կը գործէին հայրենիքի փրկութեան համար:
Արցախի մելիքները իրաւունք ունէին զինուած ուժեր ունենալու։ Զինուորները կը հաւաքագրէին իրենց տիրոյթներուն բնակիչներէն, որոնց թիւը կը տարուբերէր։ Իւրաքանչիւր ընտանիք մելիքին կարգադրութեամբ պարտաւոր էր յատկացնելու մէկ զինուոր, իսկ խիստ անհրաժեշտութեան պարագային նաեւ բոլոր տղամարդիկ պէտք էր զէնք վերցնէին։ Անոնք պարտաւոր էին ապահովելու իրենց անձնական զէնքերն ու ձիերը, սակայն եթէ ընտանիքը չքաւոր էր, ապա սպառազինութիւնը կ'ապահովէր մելիքը։ Բացի ժամանակաւոր զօրքէն, մելիքները կը պահէին շուրջ 300 զինուորներէ կազմուած թիկնազօր մը, որոնք կը ծառայէին մշտական հիմունքներով։ Մելիքը կը հանդիսանար իր զօրքին գլխաւոր հրամանատարը։ Զօրքին առանձին ստորաբաժանումները կը գտնուէին հարիւրապետերու հրամանատարութեան ներքոյ։ Հարիւրապետի կոչումը ժառանգական էր, սակայն յատուկ պարագաներու մելիքին կողմէ անիկա կը շնորհուէր պատերազմներու ընթացքին լաւագոյնս հանդէս եկած զինուորներուն[2]։
Մելիքներուն զօրքը ուժի եւ ապահովութեան գրաւական կը հանդիսանար։ Մելիքներուն զօրքին թիւը կը բարձրանայ 1720-ական թուականներուն, երբ տեղի կ'ունենան հայ ազատագրական կռիւները[2]։