Խոսրովիդուխտ (ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ), VIII դարու կին երաժիշտ, Գողթնի իշխան Վահան Գողթնացիին քոյրը։ Ըստ աւանդութեան, եղբօր նահատակութեան առթիւ (737 թ.) հորինած է «Զարմանալի է ինձ» գովքը, որ Հայոց եկեղեցին կանօնացրած եւ ներմուծած է Շարակնոցին մէջ։ Գովքն օժտուած է գեղարուեստական բարձր արժանիքներով։
Խոսրովիդուխտի ստեղծագործութիւնը հայ հոգեւոր երգարուեստի առաջին նմուշներէն է, ուր ներկայ է իւրահատուկ երաժշտական ձեւը, մեղեդիին անկաշկանդ եւ ծաւալուն զարգացումը։
Կաղապար:Հայկական գիր եւ գրականութիւն