Կանանց՝ ինքնաշարժ վարելու արգելքը Սէուտական Արաբիոյ մէջ գործի դրուած է 1957-ին[1]։ Սէուտական Արաբիան միակ երկիրն էր աշխարհի վրայ, ուր կանանց չէր թոյլատրուեր ինքնաշարժ եւ այլ փոխադրամիջոց վարել[2]։ 1990-ականներուն շարժում ստեղծուեցաւ, որ կը պահանջէր ինքնաշարժ վարելու իրաւունք վերապահել կանանց։ Տասնեակ կանայք Ռիատի մէջ նստան ինքնաշարժի ղեկին եւ ձերբակալուեցան ու զրկուեցան անձնագիրէ[3]։ 2007-ին Ուաճիհա ալ-Խուվայտիրը եւ այլ կանայք դիմեցին այն ժամանակուայ թագաւոր Ապտուլլահ իպն Ապտուլ-Ազիզ ալ-Սաուտ՝ ինքնաշարժ արտօնութիւն շնորհելու հանելու խնդրանքով[4]։ 2008-ին Կանանց միջազգային օրը, ալ-Խուվայտիրը նկարահանեց իր մեքենայ վարելը, որ գրաւեց միջազգային ԶԼՄ-ներու ուշադրութիւնը[3][5][6]։ Ալ-Խուվայտիր եւ Մանալ ալ-Շարիֆ՝ ոգեւորուած 2011 թուականի արաբական գարնան իրադարձութիւններով[7][8], կազմակերպեցին աւելի եռուն քարոզարշաւ՝ կանանց վարելու իրաւունքի համար։ 17 Յունիսէն մինչեւ ամսուայ վերջ փաստաթուղթերով գրանցուեցաւ կանանց ինքնաշարժ վարելու մօտ 70 դէպք[9][10]։ Սեպտեմբերի վերջը Շայմա Ճաստանիան դատապարտուեցաւ մտրակի 10 հարուածի, Ճիտտայի մէջ ինքնաշարժ վարելուն համար, սակայն դատավճիռը չեղեալ համարուեցաւ[11][12]։
Երկու տարի ետք կանանց՝ ինքնաշարժ վարելու իրաւունքի քարոզարշաւը վերսկսաւ եւ 26 Հոկտեմբեր 2013-ը ընտրուեցաւ այն օրը, երբ կանայք պէտք է ղեկին նստին։ Նշուած ամսաթուէն 3 օր առաջ Սէուտական Արաբիոյ Ներքին գործերու նախարարութեան ներկայացուցիչը նախազգուշացուց, որ բոլոր անոնք, որոնք կը խախտեն արգելքը, ինչպէս նաեւ անոնք, որոնք կ'աջակցին վերջիններուս[12], անոնց նկատմամբ կը կիրառուին օրէնքի համապատասխան յօդուածները։ Քարոզարշաւի ղեկավարներուն զգուշացուցին 26 Հոկտեմբերին չնստիլ ղեկին, իսկ Ռիատի ճանապարհներուն blockbusters դրուեցան՝ կին վարորդներուն բացայայտելու նպատակով[13]։
26 Սեպտեմբեր 2017—ին Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալմանը հրաման արձակեց, որով կանանց թոյլ տուաւ ինքնաշարժ վարել[14][15]։