Կապիկներու նպարակի փառատօն․ Կապիկներու կերուխումի փառատօն, որ տեղի կ'ունենայ ամէն տարի Թայլանտի Լոփպուրի շրջանին մէջ, Նոյեմբեր ամսուն վերջին շաբաթավերջին:
Փառատօնը բնիկ կարմրադէմ մակաք կապիկներուն համար է եւ անոնց մօտաւորապէս 3․5 թոն պտուղ կը մեծարուի։
Լոփպուրի գիւղին շուրջի վայրի անտառին մէջ գտնուող կապիկները ծանօթ են իրենց շատակերութեամբ:
1989-ին գիւղացիները կ'որոշեն, որ այդ վիճակը կառավարելու ամէնէն լաւ միջոցը զանոնք ընդունիլն էր: Հետեւաբար, ամէն տարի անոնք մեծ սեղան մը կը սարքեն կապիկներուն համար, Փա Փրանկ Սամ Եոթ տաճարին մէջ: Ճաշացուցակը կազմուած կ'ըլլայ` պիստակէ, վարունգէ, հում խեչափառէ, ինչպէս նաեւ` քանի մը տեսակ զովացուցիչ ըմպելիներէ[1]:
Լոփպուրի շրջանի մակաք կարմրադէմ կապիկներու կամ երկար պոչով մակաքներու թիւը 2,000 է եւ ամէն տարի Նոյեմբերի վերջին Կիրակին կը կազմակերպուի փառատօն ուր կապիկներուն 3․500 քիլօ պտուղ կը մեծարուի։
Լոնտոնի Կարտեան (Guardian) թերթը փառատօնը նկարագրած է որպէս աշխարհի անսովոր փառատօներէն մէկը։