Կապրիէլա Պեսանցոնի |
---|
Կապրիէլա Պեսանցոնի (20 Սեպտեմբեր 1890[2], Հռոմ, Իտալիա[2] - 8 Յուլիս 1962[1][2], Հռոմ, Իտալիա[1][2]), իտալացի օփերային երգչուհի, մեցցօ սոփրանօ եւ քոնթրալթօ։
Ծնած է Հռոմ եւ կրթութիւն ստացեր սուրբ Ցեցիլիայի անուան ազգային ակադեմիոյ մէջ[3]։
1911 թուականին զուգերգով հանդէս եկեր է Իտալիայի Վիթերպօ քաղաքին մէջ, իսկ 1918 թուականէն Պուենոս Այրեսի Քոլոն թատրոնի աստղն էր եւ կանոնաւորապէս հանդէս կու գար նաեւ հարաւամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ, յատկապէս՝ Ռիօ Տէ Ժանէյրօ մէջ։
ԱՄՆ-ի մէջ զուգերգը տեղի ունեցեր է 1919 թուականին, երբ Ամներիսի դերերգով հանդէս եկած է «Աիտա» օփերայի մէջ Քլաուտիա Մուցիոյի, Ջովաննի Մարթինելլիի եւ Ռենաթօ Զանելլիի հետ։ Նոյն համերգաշրջանին Մեթրոփոլիթէն օփերայի մէջ երգեր է Էնրիքօ Քարուզոյի հետ «Սամսոն եւ Տալիլա» ու «Ճակատագրի ուժը» օփերաներու բեմադրութիւններու մէջ[4]։ 1920 թուականին Հաւանայի մէջ միասին կը կատարէին «Աիտա» օփերան, երբ վերջին հատուածի երկրորդ արարի ժամանակ դահլիճին մէջ ռումբ պայթեր է[3]։
1935 թուականին հեռացեր է Քոլոն թատրոնէն, 1939 թուականին հրաժեշտի համերգ կազմակերպեր Հռոմի մէջ՝ Քարաքալլայի բաղնիքներու մէջ երգելով Քարմէն։ Ամերիկեան «Victor»[5] ձայնագրման տաղաւարի հետ քանի մը ձայնագրութիւններ կատարած է, 1916 թուականին նկարահանուեր իտալական «Stefania» համր շարժապատկերի մէջ։ Պրազիլիոյ մէջ ամուսնութեան ընթացքին դասաւանդեր է երիտասարդ երգիչներու, իսկ կեանքի վերջին տարիներուն Հռոմի մէջ վոքալի դասեր տուեր է։
Թենօր Ջաքոմօ Լաուրի-Վոլփին իր «Voci parallele» գիրքին մէջ յիշատակեր է Պեսանցոնիին որպէս իր ասպարէզի ընթացքին իրեն հանդիպած երեք իրական քոնթրալթոներէն մէկը (միւս երկուքը Մարկարեթ Մաթցենաուերն ու Մաթիլտա Պլանքօ Սատունն էին)[6]։
Դաշնակահար Արթուր Ռուպինշթէյնի հետ սիրային յարաբերութիւններու մէջ եղեր է 1918 թուականին, երբ երկուքն ալ կ՛աշխատէին Մատրիտի, Պուէնոս Այրեսի եւ Նիւ Եորքի մէջ[7]։։ 1925 թուականին ամուսնացեր է Պրազիլիացի արդիւնաբերող Էնրիքէ Լէյժի հետ։ Զոյգը ապրեր է Ռիօ Տէ Ժանէյրօ մէջ․ անոնց շքեղ առանձնատունն ու այգիները այժմ յայտնի են որպէս «Փարք Լէյժ» ու հանրային զբօսայգի են։ Պեսանցոնին այրիացել է 1941 թուկանին, կրկին ամուսնացեր 1956 թուականին։ Մահացեր է Իտալիա 74 տարեկանին 1962 թուականին[8]։ Յուղարկաւորուեր է Քարմէնի հագուստներով[9]։