Մակնուս Կուսթաֆ Ռէթսիւս (17 Հոկտեմբեր 1842[1][2][3][…], Կունգսհոլմ, Շուէտ[1][2] - 21 Յուլիս 1919[1][4][3][…], Ադոլֆ Ֆրեդրիկ, Սթոքհոլմ, Ստոկհոլմի լեն, Շուէտ[1][4])՝ շուէտացի բնագէտ եւ կազմաբանագէտ, կարեւոր ներդրում ունեցած է նեարդային համակարգի հիւսուածքաբանութեան մէջ:
Ռէթսիւս ծնած է Սթոքհոլմ, զաւակն է կազմաբանագէտ Անտերս Ռէթսիւսի եւ թոռը՝ քիմիագէտ Անտերս Եահան Ռէթսիւսի: Ան Ուփսալայի Համալսարանն ընդունուած է 1860-ին, եւ հոն իր բժշկութեան թեկնածուական աստիճանն ստացած է 1866-ին, 1871-ին հասած է տոքթորականի Լունտի Համալսարանէն ներս:
Ան 1877-ին ստացած է հիւսուածքաբանութեան փրոֆեսորութիւն Շուէտի Թագաւորական հաստատութենէն Karolinska Institute ներս, սակայն երեք տարի անց՝ 1890-ին հոնկէ ազատուած է այլ անդամներու հետ ունեցած տարաձայնութիւններու պատճառաւ:
Քանի որ ամուսնացած էր ֆեմինիստ Աննա Հիէրթայի հետ՝ Aftonbladet լրագիրի հիմնադիր Լարս Եոհան Հիէրթայի դստեր, անոր կարողութիւն թոյլ կուտար անոր կատարել հետազոտութիւններ եւ գրել առանց կայուն աշխատանք մը ունենալու: Աւելին, Ռէթսիւս կ'աշխատեր որպէս «Աֆթոնպլատեթի» խմբագիր (1884–87) ու նաեւ՝ որպէս լրագրող:
Մակնուս Ռէթսիւս հրատարակած է 300-էն աւելի գիտական աշխատանքներ կազմաբանութեան, սաղմնաբանութեան, եւկենիքայի, գանգաբանութեան, կենդանաբանութեան եւ բուսաբանութեան բնագաւառներուն: Ան իր անունը շնորհած է բժշկական տզրուկներու կեդրոնական նեարդային համակարգի 60 միկրոմեթր տրամագիծով Ռէթսիւսի բջիջները: Թագաւորական հաստատութեան ներս եղած ատենը կարեւոր ներդրուներ ըրած է միջին ականջի ոսկորներու, ականջի թմբկաթաղանթի մկաններու նկարագրութեան գործին: Անոր 1896-ի երկհատոր Das Menschenhirn (Մարդու Ուղեղը) աշխատութիւնը եղած է մարդու ուղեղի մանրամասն կազմաբանութեան 19րդ դարու թէրեւս ամէնակարդացուող գիտական աշխատութիւնը: Ան նաեւ ուսումնասիրած է հնագոյն շուէտական եւ ֆիննական գանգեր, ընթանալով իր հօր Անտերս Ռէթսիւսի հետքերով, որ ուսումնասիրած էր մարդոց տարբեր ռասաներու գանգերը[5], ներդրումներ ընելով կեղծ գիտական գանգագուշակոււթան մէջ։ Իրաւամբ, Ռեթսիւսը եղած է հայրը կեղծ գիտական ռասայեական տեսութեան, որ կը փորձեր փառաբանել «Նորտական ռասան» որպէս մարդկութեան գերագոյն ռասա: [6]
Ռէթսիւսը 23 անգամ եղած է Նոպէլեան Մրցանակի թեկնածու 1901-էն մինչեւ 1916-ը:
Բուսաբանական անուններու մեջբերումներուն Կուսթաֆ Ռէթսիւսին անունը կը նշուի G.Retz. հապաւումով:
Ան վախճանած է 1919-ին Սթոքհոլմին մէջ, վերապրելով իր կինը: Նոյն տարուան Շուէտի Աքատեմիոյ իր աթոռը զբաղացուցած է Ատոլֆ Նորեէնը Adolf Noreen:
|