Համակարգչային պատմութեան թանգարան (անգլերէն՝ Computer History Museum), 1996-ին ԱՄՆ-ի Քալիֆորնիա նահանգի Մաունթին Վիու քաղաքին մէջ հիմնադրուած թանգարան։ Թանգարանը նուիրուած է տեղեկատուական դարաշրջանի հաշուողական արհեստագիտութեան պատմութիւններու եւ նմուշներու պահպանման ու ներկայացման, հաշուողական յեղափոխութեան ուսումնասիրութեան ու հասարակութեան վրայ անոր ունեցած ազդեցութեան,
Թանգարանին ստեղծման պատմութիւնը սկիզբ կ'առնէ 1968-ին, երբ ամերիկացի ելեկտրական արհեստագիտութեան պատասխանատու Կորտըն Պէլ կը սկսի պատմական հաւաքածուն կազմելու որոնողական աշխատանքները։ Նոյն ժամանակաշրջանին ուրիշները կը փորձէին պահպանել Whirlwind համակարգիչը։ Թանգարանային նախագիծի առաջին ցուցադրումը տեղի կ'ունենայ 1975-ին, «Digital Equipment Corporation»-ի նախասրահի վերարկուներու հանդերձարանին մէջ։ 1978-ին թանգարանը (այժմ՝ Թուային Համակարգիչներու Թանգարան (TDCM)) կը տեղափոխուի Մասաչուսէթսի Մալպարաու քաղաքի «Digital Equipment Corporation»-ի նախասրահը։ 1979-ին Թուային Համակարգիչներու Թանգարանին մէջ (TCM) առաջին դասախօսութիւնը կը կարդայ Մորիս Ուիլքս։
1982-ին Թուային համակարգիչներու թանգարանը կը միաւորուի Պոսթընի համակարգչային թանգարանին եւ 1984-ին կը տեղափոխուի Պոսթընի Թանգարանային նաւակայան։
1996/1997 թուականներուն Սիլիքոն Հովիտին մէջ կը ստեղծուի Թուային Համակարգիչներու Թանգարանի պատմութեան կեդրոն (TCMHC)։ ՆԱՍԱ-ն կերդոնի համար տարածք կ'ապահովէ Մոֆֆեթ զինուորական օդակայանի տարածքին մէջ (հին շէնքը, որ նախապէս եղած է ռազմածովային կահոյքի կեդրոնատեղի) եւ Թուային Համակարգիչներու Թանգարանէն մեծ թիւով նմուշներ կը տեղափոխուին այնտեղ.
1999-ին Թուային Համակարգիչներու Թանգարանն ու պատմութեան կեդրոնը կը միաւորուին եւ թանգարանը կը դադրի գործելէ։ Հոն գտնուող ցուցանմուշները 2000-ին կը տեղափոխուին Թուային Համակարգիչներու Թանգարանի պատմութեան կեդրոն։ Թուային Համակարգիչներու Թանգարան անուանումը 2000-ին կը պահպանէ Պոսթընի Գիտութեան Թանգարանը, իսկ Թուային Համակարգիչներու Թանգարանի պատմութեան կեդրոնը կը փոխէ իր անունը եւ կը դառնայ Համակարգչային Պատմութեան Թանգարան (CHM)։
2003-ին հանրութեան համար կը բացուի Համակարգչային Պատմութեան Թանգարանի նոր շէնքը, ուր նախապէս կը գտնուէր Silicon Graphics-ը[1][2]։
Համակարգչային Պատմութեան Թանգարանը ունի աշխարհի հաշուողական արհեստագիտութեան մեծագոյն եւ ամէնէն նշանակալի հաւաքածոն (Գերմանիոյ Պատերպորն քաղաքի Հայնց Նիքստորֆ թանգարանին մէջ կը ցուցադրուին աւելի շատ նմոյշներ, սակայն ունի աւելի փոքր հաւաքածոյ[3])։ Հաւաքածոն կը ներառէ եզակի ու հազուագիւտ առարկաներ, օրինակ՝ Cray-1 գերհամակարգիչը, ինչպէս նաեւ Cray-2, Cray-3, Եութայի թէյամանը, Neiman Marcus ընկերութեան 1969-ի խոհանոցային համակարգիչը, Apple I-ը, Google-ի առաջին սերունդի ուէպ-սըրվըրներու նմուշներ[4]։ Հաւաքածոն կը ներառէ շուրջ 90000 նմուշ՝ լուսանկարներ եւ ֆիլմեր, ինչպէս նաեւ 1200 մ ցուցակագրուած փաստաթղթաւորում եւ քանի մը հարիւր կիկապայթ ծրագրային ապահովում։ Համակարգչային պատմութեան թանգարանի բանաւոր պատմութեան ծրագիրը հաշուողական, ցանցային պատմութեան վերաբերեալ կ'իրականացնէ տեսա-հարցազրոյցներ (2016-ի տուեալներով եղած են շուրջ 700)։
2300 մ 2 տարածք գրաւող «Յեղափոխութիւն. Հաշուողական Տեխնիկայի Առաջին 2000 Տարիները» ցուցահանդէսը բացուած է 13 Յունուար 2011-ին։ 20 սրահներու մէջ կը ներկայացուի հաշուողական արհեստագիտութեան պատմութիւնը աբակէն մինչեւ համացանց։ Ցուցադրութեան ամբողջ հաւաքածոն հասանելի է նաեւ առցանց[5][6][7]։
Համակարգչային Պատմութեան Թանգարանի անդամները բացառիկ իրենց գաղափարներով փոխած են աշխարհը եւ իրենց ազդեցութիւնը ձգած են ապրող իւրաքանչիւր մարդու վրայ։ Թանգարանի առաջին անդամը եղած է Կրէյս Հոփերը (1987)։ 2015-ի տուեալներով, անդամներուն թիւը կը հասնի 70-ի[8]՝