Համահայկական խաղերը սկսած՝ 1999-ին, սակայն անոնց մտայղացումը կատարուած է շատ աւելի կանուխ, Խորհրդային Միութեան վերջին տարիներուն, երբ Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ կապերը ընդլայնած էին։
Ամիս մը ետք, Հայաստանի կառավարութիւնը, փոխ վարչապետ Կտրիճ Սարդարեանի ստորագրութեամբ, իր համաձայնութիւնը կու տայ խաղերու ծրագիրին, սակայն խաղերը տեղի չեն ունենար, որովհետեւ Հայաստանն ու Արցախը կը մտնեն Ազրպէյճանի կողմէ պարտադրուած պատերազմի մէջ։ Պատերազմի զինադադարէն ետք, համահայկական խաղեր կազմակերպելու գաղափարը կրկին կը ներկայանայ օրակարգ։
1994-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մօտ կը ստեղծուի նախաձեռնող խումբ, իսկ Ապրիլ 1997-ին, հայկական մարզական կազմակերպութիւններու համաժողովին համաձայնութիւն կը գոյանայ ստեղծելու Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէ, որուն նախագահը կ'ընտրուի արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներէն Աշոտ Մելիք Շահնազարեան։
Խաղերու կազմակերպման նպատակով, 1999-ին, Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէն, Մարմնամարզը բոլորին համար ծրագիրի ծիրէն ներս, Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին կը յատկացնէ նիւթական օժանդակութիւն, իսկ Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի նախագահ Խուան Անթոնիօ Սամարանշ ողջոյնի գիր մը կը յղէ Հայաստանի նախագահին։ Հ.Մ.Ը.Մ. առաջին օրէն իր մասնակցութիւնը կը բերէ համահայկական խաղերու նախապատրաստութեան եւ կանոնագրութեան մշակման մէջ։ Ան իր ներկայացուցիչները կ'ունենայ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէին եւ գործադիր կոմիտէին մէջ[1]։
Համահայկական եօթներորդ մարզախաղերը տեղի կ'ունենան 5-17 Օգոստոս 2019-ին։ Բացումը եւ առաջին երեք օրերը՝ Արցախի մէջ (Ստեփանակերտ, Մարտակերտ, Մարտունի, Ասկերան), իսկ 9-17 Օգոստոս՝ Հայաստանի մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի 161 քաղաքներէ 5244 մարզիկ-մարզիկուհիներու։ Կը կիրարկուի 17 մարզաձեւ. աթլէթ, պատմինթըն, բազկամարտ, պասքեթպոլ, կոլֆ, թենիս, լող, լողափնեայ վոլիպոլ, վոլիպոլ, հենտպոլ, հեծելարշաւ, հրաձգութիւն, մարզական պարեր, փինկ-փոնկ, ֆութպոլ, ֆութսալ եւ ճատրակ:
Համահայկական ամառնային ութերորդ խաղերը տեղի կ'ունենան Օգոստոս 2023-ին: Խաղերուն բացման հանդիսաւոր արարողութիւն տեղի կ'ունենայ Գիւմրիի մէջ, մինչ խաղերը տեղի կ'ունենան Շիրակի եւ Արագածոտնի մարզերու շարք մը քաղաքներուն մէջ: Փակման հանդիսութիւնը տեղի կ'ունենայ Երեւանի մէջ[4]:
Համահայկական ձմեռնային առաջին խաղերը տեղի կ'ունենան 24 Փետրուար-2 Մարտ 2014-ին, Ծաղկաձորի եւ Երեւանի մէջ, մասնակցութեամբ աշխարհի 22 քաղաքներէ 401 մարզիկ-մարզիկուհիներու (193-ը Հայաստանէն, 208-ը Սփիւռքէն)։ Կը կիրարկուի 4 մարզաձեւ. լեռնադահոյկ, դահուկավազք, սնոպորտ եւ տափօղակով հոքի