Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Համշեն կամ Համամշեն, հայկական կիսանկախ իշխանութիււն, ապա՝ հայաբնակ գաւառակ Սեւ ծովու հարաւ-արեւելեան ափին, VIII դարու վերջերուն-XX դարու սկիզբին։ Ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ՝ Արեւմտեան Հայաստան։ Համշենագիտութիւնը 19րդ եւ 20րդ դարերէն սկսեալ դարձաւ հետաքրքրութիւն մը հայ եւ օտար հեղինակներու համար։
17-18րդ դարերուն կրօնափոխութեան հետեւանքով ձեւաւորուած է կրօնափոխ հայութեան 2 մեծ հանրութիւն.- համշենի հայերը եւ դերսիմի հայերը։ Այս երկու հանրութիւնները հեռացան հայկականութենէն կրօնափոխութեան եւ լեզուն կորսնցնելու հետեւանքով, բայց ամբողջովին չձուլուեցան եւ չթրքացան։
8րդ դարու վերջը Բիւզանդիոնի կայսրի կողմէ հայ Ամատունի նախարարներու նուիրուած Տամբար քաղաքը յարձակման կ'ենթարկուի եւ կը հրկիզուի։ Համամ Ամատունի կը վերշինէ Տամբարը եւ զայն կ'անուանէ «համամաշեն»։
15րդ դարէն սկսեալ համշենի իշխանութիւնը կը դառնայ կիսանկախ, իյնալով Օսմանեան կայսրութեան ձեռքին տակ։ Օսմանեան կայսրութեան բռնի իսլամացման երկարատեւ ու հետեւողական քաղաքականութեան ու ցեղասպանութեան հետեւանքով համշենահայութիւնը տարածուեցաւ։ Ան ըստ բնակութեան վայրի, կրօնքի եւ լեզուի, բաժնուեցաւ երեք հիմնական խումբերու.-
Տարբեր հետազօտողներ կը նշեն 1,5-էն 2 միլիոն եւ աւելի՝
Հեմշիլները կը գտնուին թրքական մշակոյթի ազդեցութեան տակ, բայց կը պահպանեն ազգային սովորութիւնները, երգերը, պարերը եւ մայրենի բառբառը։ Անոնց գերեզմանատունները թուրքերէ հեռու, իրենց պարտէզներուն մէջ է։ Համշենահայերը ազգային, հոգեւոր, մշակութային, ինքնութեան վերականգնում ունին։