Հայերը Յունաստանի մէջ (յուն․՝ Αρμένιοι στην Ελλάδα, անգլ․՝Armenians in Greece)․Հայերու ներկայութիւնը Յունաստանի մէջ Ե․ դարէն ի վեր է, երբ պատմական զանազան եղելութիւններու պատճառով հայեր կը սկսին հաստատուիլ Մակետոնիա, Թեսալիա, Թրակիա, Կրետէ, Քերքիրա եւ Քիքլատես (Նաքսոս)։ ԺԹ․ դարավերջին եւ Ի․ դարասկիզբին, Համիտեան ջարդերուն, Պալքանեան պատերազմներուն եւ մասնաւորաբար Փոքր Ասիոյ ռազմաճակատին յունական բանակին նահանջով ու Լոզանի դաշնագրին հետեւանքով հայերուն թիւը կը բազմանայ։ Անոնք կը կեդրոնանան մայրաքաղաք Աթէնքին շրջակայքը եւ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ ու կը կազմակերպուին։
Հայերու ներկայութիւնը Յունաստանի մէջ կը սկսի Ե․ դարէն երբ Արշակունեանց հարստութեան անկումէն ետք, ինչպէս նաեւ երբ Հայաստան Բիւզանդիոնի եւ Պարսկաստանի միջեւ պատերազմներուն թատերաբեմ կը դառնայ, հայեր՝ Յունաստան կ՛ապաստանին։
Պատմական Հայաստանէն արտագաղթը կը շարունակուի Բիւզանդական կայսրութեան օրերուն երբ Նիքիֆորոս Ֆոքաս կայսր Կրետէն (տե՛ս նաեւ Կրետէի հայերը) կ՛ազատագրէ Սարաքինի արաբներէն, անոր բանակին մէջ ծառայող մեծ թիւով հայ զինուորներուն կ՛արտօնէ կղզին հաստատուիլ իրենց ընտանիքներով եւ կամ ալ ամուսնանալ տեղացի աղջիկներու հետ։
Թ․ դարավերջերուն, Հիւսիսային Յունաստանի Մակետոնիոյ եւ Թրակիոյ շրջաններէն հայեր մաս կազմած են Մակետոնական պահակազօրքին եւ իրենց ընտանիքներով շրջանը՝ մանաւանդ Սելանիկ նաւահանգիստը, հաստատուած են։ Մինչեւ ԺԵ․ դար, հայերու թիւը աստիճանաբար կ՛աւելնայ։
Հայեր Կրետէ կը հաստատուին՝
Օսմանեան գեռավարութեան ժամանակաշրջանին հայեր կը հաստատուին՝
Ըստ Միւնիխի թերթի մը մէջ գերմանական արձանագրութեան, ԺԹ․ դարուն հայերու թիւը հիւսիսային Յունաստանին մէջ եւ Յունաստանի տարածքին 87 000 է։
Համիտեան ջարդերէն փրկուած եւ օսմանեան կայսրութենէն փախուստ տուած հայեր կը հաստատուին Յունաստան․ Հիւսիսային շրջաններ, Կրետէ, Կորնթոս, Աթէնք, եւայլն։
Ըստ օսմանեան արձանագրութիւններուն, Թրակիոյ շրջանին մէջ (հիւսիս-արեւելեան Յունաստան եւ հիւսիս-արեւմտեան Թուրքիա), հայերու ներկայութիւնը կը տեղադրուի ԺԸ․ դարասկիզբէն մինչեւ անոր կէսերուն։ 1881-1893 թուականներուն Ատրիանուպոլսոյ (Էտիրնէ) վիլայէթին մէջ որ կը ներառնէր Ատրիանուպոլիս, Ռոտոսթօ, Կելլիպոլ (Թուրքիա) ու Տիտիմոթիխօ, Տէտէաղաճ՝ այժմ Ալեքսանտրուպոլիս եւ Կիւմիւլճինա՝ այժմ Քոմոթինի (Յունաստան), հայերու թիւը 16 642 եղած է, 1907-ին՝ 26 144, իսկ 1914-ին երբ արեւմտեան Թրակեան Պուլկարիոյ կը միացուի հայերուն թիւը 19 725 հասած է։
1890-ին Աթէնքի եւ Փիրէայի մէջ կայ հայկական փոքրաթիւ համայնք մը որ կը հաշուէ 150 հոգի, իսկ թիւը 600-ի կը հասնի երբ 1912-ին Սելանիկ Յունաստանի սահմաններուն մէջ կը ներառնուի եւ հայեր Աթէնքի ու Փիրէայի շրջանները կը հաւաքուին, ինչպէս նաեւ Պալքանեան պատերազմներէն ետք։
Յուլիս 1891-ին, Աթէնքի մէջ հայերը հայրենասիրական ձեռնարկ մը կը կազմակերպեն։ Ներկայ կը գտնուին Կորնթոսի ջրանցքին բացման աշխատանքներուն մասնակցող հայ բանուորներուն մեծամասնութիւնը։
1920-էն մինչեւ 1922 արեւելեան Թրակիոյ մէջ հայերը կ՛ունենան միակ հայազգի երեսփոխան Յունաստանի խորհրդարանին մէջ՝ Գէորգ Փափազեանը։
Փոքր Ասիոյ ռազմաճակատին յունական բանակին նահանջով եւ թրքական բանակին կողմէ Իզմիրի վերագրաւումով՝ 1922-ի ամրան վերջաւորութեան եւ աշնան, մէկ միլիոն յոյն գաղթականներուն հետ մօտաւորապէս 100 000 հայեր (ներառեալ 8 000 հայ որբեր) Յունաստան կ՛ապաստանին։
Յունաստան անպատրաստ, կ՛ընդունի գաղթականներուն հեղեղը։ Յանկարծ Սելանիկի հայութեան թիւը 10 000-ի կը բարձրանայ։ Արեւմտեան եւ Արեւելեան Թրակիոյ հայութեան թիւը 8 000-ով կ՛աւելնայ իսկ 65 000 հայ կը ցրուին Յունաստանի մնացեալ շրջանները, մանաւանդ Աթէնք ու Փիրէա։
1924-էն 1925 (հետեւանք՝ Լոզանի դաշնագրին) բաւական մեծ թիւով հայեր հիւսիսային Յունաստանի Թրակիոյ եւ Մակեդոնիոյ շրջաններէն կը փոխադրուին Պելոպոնես (Փաթրա, Նաֆփլիօ, Քալամաթա, Փիրղոս Իլիաս, եւայլն) եւ Կրետէ։
Լուրջ թիւ մը, 1927-էն մինչեւ 1933 եւ 1944 - 1947 Խորհրդային Հայաստան կը ներգաղթէ։
8 000 հայ որբերուն մեծ մասը արագօրէն կը հաստատուի Քերքիրայի, Սիրոսի, Կորնթոսի որբանոցներուն մէջ, իսկ աւելի փոքր թիւերով որբեր կը տեղաւորուին Հալքիտայի, Գավալայի եւ ուրիշ քաղաքներու որբանոցներուն մէջ։ Որբերուն մեծ մասը կարճ ժամանակի ընթացքին կը փոխադրուի Եգիպտոս (տե՛ս Արսէն Պալեան), Կիպրոս, Պէյրութ։
Հայութիւնը բոլոր շրջաններուն մէջ արագօրէն կը կազմակերպուի․ հիւսիսային Յունաստան, Քերքիրա, Աթէնք, Փիրէա, Փաթրաս, Նաֆփլիօ, Քեֆալոնիա,․․։ Գաղութը կը համախմբուի Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական եկեղեցիներուն շուրջ։ Կը հիմնուին դպրոցներ, եկեղեցիներ, ակումբներ, ինչպէս նաեւ մարզական, բարեսիրական, բնութասիրական եւ մշակութային միութիւններ (1924-ին Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․, Հայ Կապոյտ Խաչ, Հայ Գթութեան Խաչ, Հայ Բարեգործական Միութեան մասնաճիւղը (1925), Հ․Յ․Դ․ Պատանեկանի եւ Երիտասարդականի միութիւնները (1925), Հայ Աւետարանական Ջանից Միութիւնը, Հայրենակցական միութիւններ եւ Յունահայ Արարատ Մարզական եւ Մշակութային Միութիւնը (1947)), ինչպէս նաեւ դասական քաղաքական գաղափարախօսութիւնները՝ Հ․Յ․Դ․ (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն), Ռ․Ա․Կ․ (Ռամկավար ազատական կուսակցութիւն) եւ Ս․Դ․Հ․Կ․ (Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն)։ Կը հրատարակուին բազմաթիւ հայ թերթեր եւ պարբերաթերթեր, որոնք սական քանի մը ամսուան կամ տարուան կեանք կ՛ունենան, բացի Աթէնքի մէջ հրատարակուող «Նոր Օր» թերթը, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր հրատարակութիւնը՝ Բ․ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք «Ազատ Օր» անունով։
1940-1944 ողբերգական պատերազմին անմիջական հետեւանքները կ'ըլլան ներգաղթն ու արտագաղթը։ Յունահայոց թիւը կը նոսրանայ։ Դպրոցներ, հրատարակութիւններ կը փակուին։ Գաղութը կը վերակազմուի։ Յունաստանի տարածքին հայութիւնը կը համախմբուի հայահոծ շրջաններուն մէջ։
1946-էն մինչեւ 1960-ական թուականներուն, Յունաստանի ամբողջ տարածքին ծայր կ'առնէ արտագաղթ մը դէպի՝ Հարաւային եւ Հիւսիսային Ամերիկա (մանաւանդ Արեւմտեան ԱՄՆ, Արժանթին եւ Քանատա)։
1944 - 1948 ներգաղթի երկրորդ հոսք մը ծայր կ՛առնէ (1925-էն մինչեւ 1948 Հայաստան կը ներգաղթեն 18 000-է աւելի յունահայեր)։ Միայն 1947-ին, Փիրէայի նաւահանգիստէն կը ներգաղթեն 2000-է աւելի յունահայեր։
Հայութիւնը համախմբուած է Յունաստանի մայրաքաղաքին եւ գլխաւոր քաղաքներուն մէջ։ Յունահայերու թիւը թեթեւ ելեւէջներ ունեցած է վերջին տասնամեակներուն ընթացքին։
Լիբանանի ազգամիջեան պատերազմին եւ Սուրիոյ խառնակ վիճակին հետեւանքով լիբանահայեր եւ սուրիահայեր ապաստան կը գտնեն Աթէնքի եւ Փիրէայի հայահոծ շրջաններուն մէջ։ Յաջորդող ամիսներուն կամ տարիներուն անոնցմէ շատեր կ՛արտագաղթեն հայկական սփիւռքի զանազան շրջաններ, մասնաւորաբար Ա․Մ․Ն․ եւ Քանատա։
Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք Հայաստանէն տասնեակ հազարներով հայրենակիցներ Յունաստան կ՛արտագաղթեն եւ կը հաստատուին Հիւսիսային Յունաստանի (Սերես, Սելանիկ, Գավալա, Քսանթի, Քոմոթինի, Ալեքսանտրուպոլիս, Տիտիմօթիհօ), Աթէնքի եւ Փիրէայի շրջանները։ Փոքր թիւով հայրենակիցներ (ներկայիս մօտաւորապէս 20-30 ընտանիք) ալ կը հաստատուին Պելոպոնեսի հարաւը գտնուող Քալամաթա․անոնք 1945-1947 քաղաքէն Հայաստան ներգաղթող հայերու բեկորներն են։
1923-էն ետք, Յունաստանի տարածքին յաջորդաբար կը կազմակերպուին ու կը սկսին գործել հետեւեալ միութիւնները։
Հիւսիսային Յունաստանի եւ Ատիկէի շրջանները կը գործեն Հ․Յ․Դ․ պատանեկան եւ երիտասարդական խումբերը, իսկ Ալեքսանտրուպոլսոյ մէջ կը գործէ հայ երիտասարդներու միութիւնը։
Բ․ Համաշխարհային պատերազմէն ետք, արտագաղթին եւ ներգաղթին պատճառով, հայութեան թիւը կը նուազի։ Այդ պատճառով դպրոցներ կը փակուին, մանաւանդ հիւսիսային Յունաստան, ուր կը գործէին 12 դպրոցներ՝ 5 Սելանիկի մէջ, 2 Ռոտոփի նահանգին մէջ եւ մէկական Էվրոս (Թուրքիոյ սահմանակից) նահանգին մէջ եւ Տրամա, Գավալա ու Սերես քաղաքներուն մէջ։
ԻԱ․ դարուն, կրթական վիճակը հետեւեալն է․-
Ատիկէ․ կը գործեն 3 նախակրթարաններ իրենց մանկապարտէզներով՝
1993-էն Աթէնքի մէջ կը գործէ Հ․Կ․Խ․ի «Ս․Ճենազեան» միջնակարգը։
Հիւսիսային Յունաստան (Սելանիկ, Քավալա, Քոմոթինի, Քսանթի եւ Ալեքսանտրուպոլիս) կը գործեն Հայ Գթութեան Խաչին հոգատարութեան տակ գտնուող միօրիայ դպրոցները։
Հայ Առաքելական եկեղեցուոյ Յունահայոց Թեմը կապուած է Մեծն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ պաշտօնապէս ճանչցուած է յունական պետութեան կողմէն եւ անոր առաջնորդ հայրը որպէս Յունաստանի հայ գաղութին առաջնորդ։
Յունաստանի Հայ Կաթողիկէ Առաքելութիւնը անկախ է լատինածես եւ յունածես կեդրոններէն․ կապուած է ուղղակի Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին։ Ունի 2 եկեղեցիներ՝
[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23] [24] [25] [26] [27]
Քեֆալոնիա․ Հայ որբերու ժամանումը Քեֆալոնիա
Սիրոս․ Հայ որբերը եւ Near East Relief Որբանոցը